Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿՈՒԹԵՐԵՇ. «ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔ ՉԿԱՅ»

January 24, 2025
in Միջազգային
0
ԿՈՒԹԵՐԵՇ. «ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔ ՉԿԱՅ»

 

 

Կիրակի օր կը սպառի երկամսեայ պատերազմը դադրեցուցած զինադադարի համաձայնութեան 60 օրերը եւ տակաւին իսրայէլեան ուժերը չեն քաշուած լիբանանեան բռնագրաւեալ շրջաններէն: Այս առումով, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ յայտնեց, որ Լիբանանի դրութեան մասի լաւատես է, սակայն զգուշացուց, թէ որեւէ երաշխիք չկայ զինադադարի շարունակութեան առնչութեամբ: Ըստ Կութերեշի, Միջին Արեւելքի կայունութեան վերաբերեալ կայ յոյսի նշոյլ մը՝ Կազայի մէջ զինադադարի յայտարարութեան լոյսին տակ:

Նշենք, որ հարաւաին շարք մը շրջաններու մէջ կը շարունակուին իսրայէլեան գործողութիւնները: Ըստ Լիբանանի ազգային լրատու գործակալութեան, իսրայէլացի զինուորները երէկ ութ բնակարան պայթեցուցած են Թայպէ գիւղին մէջ, իսկ Սալուքի հովիտի մզկիթին մօտ երէկ յայտնաբերուած է օր մը առաջ իսրայէլեան կրակոցներով սպաննուած քաղաքացիի մը դին: Ան կը փորձէր Մաժտալ Սըլմէն հասնիլ Թալուսէ գիւղի բնակարանը, երթ ենթարկուեցաւ հրաձգութեան:

Հըզպալլայի Քաղաքական խորհուրդի անդամ Ղալէպ Ապու Զէյնապ յիշեցուց, որ Իսրայէլ պէտք է լիբանանեան բռնագրաւեալ հողերէն քաշուած ըլլայ մինչեւ Կիրակի օր, «այլապէս Երկուշաբթի իրավիճակը տարբեր պիտի ըլլայ», զգուշացուց Ապու Զէյնապ:

Share63Tweet39
Previous Post

  ՀՐԱԺԱՐԻԼ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐԷՆ

Next Post

ՍՈՒՐԻԱՑԻՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԴԱՐՁՆԵԼ ԵՐԿՐԻ ՏՆՕՐԻՆՈՒՄԻՆ

Next Post
ՍՈՒՐԻԱՑԻՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԴԱՐՁՆԵԼ ԵՐԿՐԻ ՏՆՕՐԻՆՈՒՄԻՆ

ՍՈՒՐԻԱՑԻՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԴԱՐՁՆԵԼ ԵՐԿՐԻ ՏՆՕՐԻՆՈՒՄԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.