Զինք ճանչցողներէն շատեր պիտի զարմանան: Ս.Դ.Հ.Կ.-ի նախկին Վարիչ մարմինի անդամ ընկեր Նահապետը իրաւարա՞ր: Համեստիս համար ալ անակնկալ էր: 2000 թուականներուն կուսակցական հոգերով կը գործակցէինք, սակայն իրաւարար ըլլալէն տեղեակ չէի: Այս մասին աւելի ուշ լսեցի: Երբ կը թերթատէի միջազգային իրաւարար Սարգիս Տէմիրճեանի «Յուշերս» գրքոյկը, հոն կարդացի ընկեր Նահապետին մասին, անգամ մըն ալ մտովի՝ եւ այժմ ալ բարձրաձայն՝ հաստատելով, թէ ինչքա՜ն օգտակար է մարդոց յուշագրութիւնները Միութեան մը արխիւնին կամ գաղութի պատմութեան համար:
Պէտք էր շտապել, ժամանակէ մը ասդին հրապարակէ քաշուած ու առողջական պայմաններով առանձնացած ընկեր Ղարիպեանին այցելել: Ընկեր Արա Գոճաօղլանեանէն խնդրուած ժամադրութիւնը իրականացաւ անցեալ Շաբաթ օր: Ընկեր Նահապետին հետ մեզի զրուցակից դարձան նաեւ որդին՝ «Արարատ»-ի պաշտօնակիցներէն ընկեր Սահակը, եւ թոռը՝ Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբի պատասխանատու՝ ընկեր Նարեկը:
Մինչ ընկեր Սահակի կողմէ կարկանդակով կը հիւրասիրուէինք, լսեցինք, որ երկու օր առաջ՝ 16 Յունուարին ամբողջացած է ընկեր Նահապետի 85 տարիքը: Շնորհաւորեցինք զինք: «1940-ի ծնունդ եմ, ժամանակին դաշտի վրայ երկայնքին-լայնքին կը վազվզէինք,- ըսաւ,- հիմա տան մէջ նոյնիսկ կը փորձենք զգուշօրէն շարժիլ, առաջուան պէս չեմ կրնար իջնել, քալել»:
«Շա՜տ մը խաղեր “սուլած եմ”,- ըսաւ նախկին «հաքամ»ը եւ աւելցուց,- իրաւարար Սարգիս Տեմիրճեանին հետ Դամասկոսի եւ Թուրքիոյ մէջ դատած եմ միջազգային մրցումներ եւ որպէս եզրային եւ կեդրոնական իրաւարար»:
Իր ժամանակակից հայ իրաւարարներէն յիշեց նաեւ Հ.Մ.Մ.-ականներ Գրիգոր Լաչինեանի, Երուանդ Պալեանի, Խաչիկ Պոյաճեանի, նաեւ՝ Ժոզէֆ Նալպանտեանի, Յակոբ Գարակէօզեանի, Վահէ Մինասեանի, Աւետիս Թորոսեանի, Սարգիս Աւագեանի, իսկ տեղացիներէն՝ Աթէֆ Սըննէնի եւ Սապահ Ֆալլահի անունները:
Ընկեր Նահապետ պատմեց, որ նախքան մրցումներ «սուլել»ը, եղած է «Հ.Մ.Մ.-Փարամազ» երկրորդական խումբի մէջ լաւ ֆութպոլիստ, թիւ 3 մարզաշապիկը կրող «հալֆպէք», որպէս խաղընկերներ ունենալով «պզտիկ» Մարտիկը, Կիւլապին եւ այլք:
Թէ «ինչո՞ւ իրաւարար դարձաւ» հարցումին կարճ պատասխանեց՝ «կը սիրէի» ըսելով: Իսկ ամեմաշատը ո՞ր դէպքերն են որ մինչեւ այսօր տպաւորած է զինք, մանրամասնութիւնները յիշել դժուարանալով հանդերձ ըսաւ. «Պատասխանատու մրցումի մը ընթացքին «թուշ»ը (եզրայինը) վռնտած եմ դաշտէն եւ մրցումը շարունակած 2 իրաւարարով, անոր առած տարօրինակ որոշումներով մրցումը խանգարելուն համար: Տարի մըն ալ դատած եմ Հ.Մ.Մ. ընդդէմ «Արարատ» բարեկամական մրցումը: Ուրիշ դրուագով մը մրցումի մը ընթացքին կայացուցած որոշումէս բարկանալով, հարուածելու միտումով վրաս յարձակեցաւ մրցակից խումբերէն մէկուն կատղած ֆութպոլիստը: Նախքան հարուած ստանալս ես էի, որ սուլիչովս աղուոր «պօքս» (կռուփ) մը հասցուցի իրեն: Բարեբախտաբար այդ օր ոստիկանական ջոկատին պաշտպանութեամբ ապահով հասայ տուն»:
Կը շարունակէ պատմել ընկեր Ղարիպեանը. «Օր մը Սայտայի մէջ, մրցումի ժամանակ ստիպուեցայ օրէնքին դիմել եւ կարմիր քարտ բարձրացնել այդ խումբի ամէնէն լաւ ֆութպոլիստներէն մէկուն: Երեկոյեան, խումբին պատասխանատուները, ուրկից-ուր գտնելով տանս հասցէն, եկան այցելութեան՝ խնդրելով կայացուցած որոշումս յետս կոչել»:
Մեր զրոյցի ընթացքին, ընկեր Նահապետ յանկարծ ներս մեկնեցաւ: Վերադարձաւ իր հետ բերելով 60 –է աւելի տարիք ունեցող իր անձնական իրաւարարական իրերը՝ սուլիչը, միջազգային իրաւարարի կրծքանշանը, դեղին եւ կարմիր քարտերը:
Այդ մասունքներով ալ լուսանկարուեցանք, պատմութեան մէջ փունջ մը անմոռաց ու անվերադարձ յիշատակներ դրոշմած ըլլալու համար:
Վարձքդ կատար, յարգելի Հ.Մ.Մ.-ական ընկեր Նահապետ:
Ն.Ճ.