Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՅԻՍՆԱՄԵԱՅ ՎԱՍՏԱԿԻ ՄԸ ՇԱԼԱԿԱՒՈՐԸ՝ ՀԻԼՏԱ ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ-ՓԱՆՈՍԵԱՆ

January 21, 2025
in Այլազան, Յօդուածներ
0
ՅԻՍՆԱՄԵԱՅ ՎԱՍՏԱԿԻ ՄԸ ՇԱԼԱԿԱՒՈՐԸ՝  ՀԻԼՏԱ ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ-ՓԱՆՈՍԵԱՆ

    Ճիշդ 45 տարի առաջ, 1980-ին, Փարիզի մէջ իրերայաջորդ կերպով լոյսին կու գային բանաստեղծական երկու սիրուն հատորներ՝ «Կաթիլ մը» եւ «Լեզուէն անդին»։ Հեղինակ՝ Հիլտա Գալֆայեան։

Գրականագէտ Մինաս Թէօլէօլեան իր «Դար մը գրականութիւն» հատորին մէջ բարձրօրէն պիտի գնահատէր Հիլտային քերթողական արուեստը սա՛ տողերով. «Բաց ճակատ, անկեղծ բխումով մը ընթերցողին փոխանցուելու ընդունակ, ճառագայթող իմացութեան մը եւ նոյնքան թափանցող զգայնութիւններու խորութեամբ յատկանշուող քերթողուհի՝ որ գիտէ ապրումներն ու մտածումները հաղորդական դարձնել, առանց ապաւինելու թեքնիքի ընկալեալ միջոցներու, գրեթէ խօսակցական լեզուի, մտերմասաց ջերմ արտայայտութիւններու հեղումով մը»։

Համալսարանաւարտ (Իսթանպուլի համալսարանի հոգեբանութեան ճիւղ եւ Սորպոն), երիտասարդ ու խանդավառ, ազգային ապրումներով սնած հասուն օրիորդ մըն էր Հիլտան, այդ օրերուն, որ իր ծննդավայրէն՝ Պոլսէն, Փարիզ բերեր էր իր դպրոցին՝ Էսայեան վարժարանի թանկագին աւանդներէն շա՛տ բան, այդ ամէնը ապրեցնելու եւ պատուաստելու համար Սէնի ափերուն ցրուած հայորդիներու հոգիներուն մէջ…։

Փարիզը նոր հորիզոններ պիտի բանար Գալֆայեանի առջեւ։  Ուսուցչական ասպարէզը պիտի կլանէր զինք, մանաւանդ որ այդ թուականներուն մէկ առ մէկ կը սկսէին կեանքի կոչուիլ ֆրանսահայ ամէնօրեայ առաջին վարժարանները, դողդոջուն ու անհաստատ քայլերով։ Աշխատանքի դաշտ մը կար։ Կրթութեան անդաստանը կը փնտռէր իր մշակները…։

Հիլտա Գալֆայեան գրեթէ ամբողջովին նուիրուեցաւ ուսուցչական ասպարէզին, նոյնիսկ բանաստեղծութեան կռնակ դարձնելու գնով։ Եւ նկատի ունենալով ֆրանսահայ նոր սերունդներու հայախօսութեան անբաւարար մակարդակն ու խօսելավարժութեան իւրայատուկ դժուարութիւնները՝ ան պատրաստեց ու կազմեց դասաւանդութեան տեսալսողական մասնաւոր ծրագիր մը։ Լեզուամարզանքներով ճոխացած այդ ծրագիրը փորձուեցաւ ու կիրարկուեցաւ յաջողութեամբ, երկա՜ր տարիներ, ի՛ր՝ Գալֆայեանի անմիջական ղեկավարութեամբ կամ հսկողութեամբ, մասնաւորաբար Եւրոպայի տարածքին ցրուած ազգային միօրեայ վարժարաններու օտարախօս հայ աշակերտներուն համար։

Բայց որպէսզի իր աշխատանքը զգենու աւելի կազմակերպեալ ու հետեւողական բնոյթ՝ Գալֆայեան 1993-ին Փարիզի մէջ հիմնեց Հայ Լեզուի Պաշտպանութեան ՄԱՇՏՈՑ Ընկերութիւնը։ Այս միութիւնը հովանաւորեց հայերէնի դասընթացքներ, կազմակերպեց պատանի աշակերտներու խմբային այցելութիւններ դէպի միջինարեւելեան հայախօս գաղութներ (առօրեայ շփման նպատակով), սարքեց արտասանութեան, շարադրութեան եւ ընթերցանութեան միջդպրոցական մրցումներ, Հայաստանի մէջ իրականացուց արեւմտահայերէնի վարժողական աշխատանքներ՝ ուսուցիչներու յատուկ…։

Հայաստանի անկախութենէն ետք Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան շա՜տ մելան հոսեցուց՝ տարհամոզելու համար հայրենի գրական ու ակադեմական շրջանակները, որ երկիրը վերադառնայ դասական ուղղագրութեան։ Այս առնչութեամբ գրեց բաց նամակներ, ստորագրեց յօդուածներ, ելոյթ ունեցաւ լրասփիւռներէն, կարդաց դասախօսութիւններ, մատնանշեց «աբեղեանական» ուղղագրութեան անպատեհութիւններն ու վնասերը եւ սակայն չյաջողեցաւ «քարերը իրենց տեղերէն շարժել»…։ Հայաստան անտեղիտալիօրէն ու յամառութեամբ կառչած մնաց սովետական շրջանին որդեգրուած խեղաթիւրեալ ուղղագրութեան։  Իսկ Գալֆայեան իր գրառումները պատմութեան դատաստանին յանձնելու համար՝ զանոնք հրատարակեց Երեւանի մէջ, առանձին հատորով («Մեսրոպեանը ազգային միասնութեան նախապայման», Երեւան, 2005)։ Դեռ աւելին, Հայաստանի մէջ մեսրոպեան դասական ուղղագրութեան կիրառումը խթանելու նպատակով՝ ան պատրաստեց ու հրատարակեց արեւմտահայերէնի քերականութեան դասագիրք մը, արեւելահայերէնով շարադրեալ («Արեւմտահայ գրական լեզուի ուսումնական ձեռնարկ», Երեւան, 2009)։ Շատ գործնական ուղեցոյց մըն է այս, որ ունի իր մէջ գրաւոր վարժութիւններու լայն սիւնակներ։

Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան իր անունը նուիրագործեց նաեւ իբրեւ իսթանպուլահայ ժամանակակից արդի բանաստեղծութեան մեկնաբան ու պատմագիր։ Պոլսեցի մը ըլլալով՝ ինք քաջածանօթ էր Ճանճիկեաններու ու Հայկազուն Գալուստեաններու բացած քերթողական նոր ուղիին, որ յետոյ գագաթներ պիտի նուաճէր Զահրատով ու Խրախունիով։ Արդէն, ի՛նք ալ մաս կազմեր էր պոլսահայ բանաստեղծներու այդ փաղանգին։ Եւ ուստի՝ Գալֆայեան տուաւ 1945-էն մինչեւ 90-ականներ երկարող ամբողջ յիսնամեակի մը գրական պատկերը, դէմքերու շքերթով ու բերքի արժեւորումով («Պոլսահայ նոր բանաստեղծութիւնը»)։ Այս հատորը տպուեցաւ Անթիլիաս, 1998-ին։

Եւ վերջապէս՝ երկու նորութիւններ, որոնց վերահասու դարձանք բոլորովին վերջերս։ Նախ իմացանք, թէ ժամանակ մը առաջ Գալֆայեան Երեւանի մէջ լոյսին բերեր էր քերթուածներու նոր հատոր մը, որ կը կոչուէր «Միշտ ծլարձակող»։ Ասիկա, ըստ երեւոյթին, բանաստեղծուհիին վերադարձն էր դէպի… բանաստեղծութիւն։

Միւս նորութիւնը շատ թարմ է։ Փարիզի «Նոր Յառաջ»-էն կը տեղեկանանք, թէ Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան հրապարակ հաներ է ֆրանսերէն նորատիպ հատոր մը՝ Les «Justes» Face au Genocide des Armeniens («՛՛Արդարները՛՛ դէմ-յանդիման Հայոց ցեղասպանութեան»)։ Այս գրքին շնորհահանդէսը կայացեր է անցնող Դեկտեմբերին, փարիզեան արուարձաններէն Շաւիլի մէջ։ Հատորին էջերուն կը պատմուի, որ 1915-ի ցեղասպանութեան օրերուն թէ անկէ ետք, մինչեւ այսօր, միշտ ալ գտնուած են արդա՛ր թուրքեր (մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ այլն, բոլորն ալ յիշատակուած են անուն-մականունով եւ գործով), որոնք դատապարտած են Մեծ Եղեռնը ու իրենց ցասումը արտայայտած՝ թուրք պետութեան ժխտողական քաղաքականութեան նկատմամբ։ Այս գիրքը երախտագիտութին մըն է անո՛նց նկատմամբ։

Իսկ մեր բոլորին երախտագիտութիւնն ալ կ’երթայ իրեն՝ դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանին, որ յիսնամեայ վաստակի մը շալակաւորն է՝ գրական, մանկավարժական ու ազգային անդադրում գործունէութեամբ։

 

Լ. Շ.       

Share64Tweet40
Previous Post

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՐԱՐՆԵՐԷՆ 85-ԱՄԵԱՅ Հ.Մ.Մ.-ԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐ ՆԱՀԱՊԵՏ ՂԱՐԻՊԵԱՆԻ ՀԵՏ

Next Post

ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ 50-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Next Post
ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ 50-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ 50-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.