Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հ․Մ․Մ․ ԵՒ Հ․Մ․Ը․Մ․ ՄԻԱՑԵԱԼ ԿԱԶՄ ԸՆԴԴԷՄ ՀԱՅՐԵՆԻ «ԱՐԱՐԱՏ» ՃԱԿԱՏՈՒՄԸ

January 21, 2025
in Այլազան
0
Հ․Մ․Մ․ ԵՒ Հ․Մ․Ը․Մ․ ՄԻԱՑԵԱԼ ԿԱԶՄ ԸՆԴԴԷՄ ՀԱՅՐԵՆԻ «ԱՐԱՐԱՏ» ՃԱԿԱՏՈՒՄԸ

 

1973-ին Երեւանի «Արարատ»-ը արձանագրեց շատ մեծ յաջողութիւն։ Ան արդարօրէն կոչուեցաւ Խորհրդային միութեան կրկնակի ախոյեանը, խլելով երկրին ֆութպոլի առաջնութիւնը եւ բաժակը։

Ամբողջ Հայաստանի եւ արտասահմանի հայութեան ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը չափ չունէր։ Վերջապէս 1974–ի Փետրուարին Հ․Մ․Մ․-ի մասնաւոր հրաւէրով «Արարատ» ժամանեց Պէյրութ։ Այդ օրը, Հինգշաբթի, Վարդանանց տօնն էր։ Մարզական աւանը (Շամունի անուան մարզադաշտը) շատ քիչ առիթով ընդունած էր այսքան խուռներամ բազմութիւն մը։

Առաջին հերթին «Արարատ» հանդիպում մը ունեցաւ Հ․Մ․Մ․ եւ Հ․Մ․Ը․Մ․ միացեալ կազմին դէմ։ Մրցումին երեք իրաւարարներն ալ հայեր էին. Սարգիս Տեմիրճեան, Յակոբ Գարակէօզեան եւ Նահապետ Ղարիպեան։

Հազիւ սկսաւ մրցումը, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի փոքրակազմ յառաջապահ՝ Յովսէփիկ ակնթարթի մը մէջ խլեց գնդակը ու նշանակեց միացեալ կազմին առաջին եւ վերջին կոլը։ Մրցումը շարունակուեցաւ պաղ ու անհամ: Առաջին կիսախաղի վերջաւորութեան էր որ Նազար Պետրոսեան անձնական նախաձեռնութեամբ նշանակեց «Արարատ»-ի հաւասարութեան կոլը։

Երկրորդ կիսախաղին, «Արարատ»-ի մարզիկները երեք կոլ եւս նշանակելով 4–1 արդիւնքով փակեցին իրենց առաջին ելոյթը։ Արդարօրէն խոստովանիմ թէ ոչ ես, ոչ ալ ներկայ հազարաւոր մարզասէրները տպաւորուեցանք «Արարատ»-ի այս առաջին ելոյթէն եւ յուսախափ հեռացանք մարզադաշտէն։

 

(Սարգիս Տեմիրճեանի յուշերէն)

Share63Tweet40
Previous Post

 «SUPER LEAGUE» ԵՒ «GEN ALPHA LEAGUE» ՄՐՑԱՇԱՐՔԵՐՈՒՆ

Next Post

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՐԱՐՆԵՐԷՆ 85-ԱՄԵԱՅ Հ.Մ.Մ.-ԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐ ՆԱՀԱՊԵՏ ՂԱՐԻՊԵԱՆԻ ՀԵՏ

Next Post
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՐԱՐՆԵՐԷՆ  85-ԱՄԵԱՅ Հ.Մ.Մ.-ԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐ ՆԱՀԱՊԵՏ ՂԱՐԻՊԵԱՆԻ ՀԵՏ

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՐԱՐՆԵՐԷՆ 85-ԱՄԵԱՅ Հ.Մ.Մ.-ԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐ ՆԱՀԱՊԵՏ ՂԱՐԻՊԵԱՆԻ ՀԵՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.