Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԹՐԱՄՓԻ ՍՊԻՏԱԿ ՏՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

January 21, 2025
in Միջազգային
0
ԹՐԱՄՓԻ ՍՊԻՏԱԿ ՏՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

 

Երկրորդ անգամ ըլլալով, Տոնըլտ Թրամփ երէկ մուտք գործեց Սպիտակ տուն, որպէս Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ:

Ամերիկեան նոր վարչակազմի պատասխանատուներէն մէկը յայտնեց, թէ նորընտիր նախագահին առաջին գործերէն մէկը պիտի ըլլայ երկրին մէջ ուժանիւթային արտակարգ դրութեան յայտարարութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ թափ տալ ամերիկեան ուժանիւթային վստահելի եւ յարմար սակագիներ առաջարկող ոլորտի մը: Նոր վարչակազմը յայտարարեց նաեւ, որ Թրամփ կը մտադրէ չեղարկել սեռերու բազմազանութեան դրութիւնը ու վերստին որոշել, թէ կայ միայն երկու սեռ՝ առական եւ իգական: «Ամերիկացիներուն դրամը պիտի չգործածուի սեռ փոխելու գործողութիւններ կատարելու համար», ըսաւ վարչակազմի պատասխանատուներէն մէկը: Ան նշեց նաեւ, որ Թրամփ կը մտադրէ չեղարկել նաեւ ամերիկեան հողին վրայ ծնածներուն ամերիկեան քաղաքացիութիւն շնորհելու օրէնքը:

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն շնորհաւորական հեռագիր յղեց Թրամփին՝ մաղթելով յաջող առաջնորդութիւն դէպի յաւելեալ բարգաւաճում եւ զարգացում: Աուն նաեւ վստահութիւն յայտնեց, որ Թրամփի նախագահութեան օրերուն աւելի պիտի խորանան Պէյրութ-Ուաշինկթըն յարաբերութիւնները:

Թրամփի նախագահութեան հարցով մտահոգութիւն յայտնեց Ֆրանսսայի վարչապետը: Ան ահազանգեց, որ Եւրոպան կրնայ փլուզուիլ եւ կործանուիլ, եթէ անյապաղ քայլերու չդիմէ եւ չպայքարի ամերիկացի նոր նախագահին մենատիրական ձգտումներուն դէմ: Իսկ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը ահազանգեց, որ գաղթականները ամերիկեան հողերէն վտարելու Թրամփի մտադրութիւնը պիտի ունենայ աղէտալի հետեւանքներ:

Share63Tweet40
Previous Post

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՏԵՍԱԿՑԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՈՒՆԻ ՀԵՏ

Next Post

  ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ ԵՒ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

Next Post
  ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ ԵՒ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

  ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ ԵՒ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.