Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՏԵՍԱԿՑԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՈՒՆԻ ՀԵՏ

January 21, 2025
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՏԵՍԱԿՑԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՈՒՆԻ ՀԵՏ

 

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին գլխաւորած միաբան հայրերու պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Պաապտայի նախագահական պալատ, ուր տեսակցեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ եւ Լիբանանի Հայ առաքելական համայնքին անունով ջերմ շնորհաւորութիւն յայտնեց անոր: Դիտել տալով, որ նախագահին ընտրութեամբ նոր էջ մը կը բացուի Լիբանանի կեանքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ ընտրութենէն ետք Աունին արտասանած ուղերձը յստակօրէն կը պարզէ անոր տեսլականը եւ յանձնառութիւնը Լիբանանի նկատմամբ՝ յոյս ներշնչելով ժողովուրդին:

Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, թէ «Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն դիմաց նախագահի գործունէութիւնը հարկ է դառնայ Լիբանանի փրկութեան ուղղուած առաքելութիւն», լիբանանահայութեան պատրաստակամութիւնը յայտնելով մասնակից դառնալու այդ ուղեգիծին: Ան նախագահին ներկայացուց նաեւ Կաթողիկոսութեան ներքին եւ թեմական կառոյցները: Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին ու լիբանանահայ համայնքին եւ կարեւորեց հայութեան մասնակցութիւնը թէ՛ նոր կառավարութեան, թէ՛ Լիբանանը վերականգնելու աշխատանքներուն, ընդգծելով միասնականութեան հրամայականը՝ որպէզի Լիբանան առաջնորդուի դէպի բարգաւաճում: Աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս հանրապետութեան նախագահին նուիրեց Բարձր Բերդի Աւետարանին կրկնօրինակը:

Share65Tweet41
Previous Post

800 ՄԻԼԻՈՆԻ ՄՆԱՑՈՐԴ

Next Post

ԹՐԱՄՓԻ ՍՊԻՏԱԿ ՏՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Next Post
ԹՐԱՄՓԻ ՍՊԻՏԱԿ ՏՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

ԹՐԱՄՓԻ ՍՊԻՏԱԿ ՏՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.