Կիրակի, 12 Յունուար 2025-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. եւ Անմահ պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի «Փարամազ» մասնաճիւղէն ներս ծառայած ննջեցեալ ընկերներու յիշատակին։
Եկեղեցւոյ արեւելեան եւ արեւմտեան դուռերուն առջեւ Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտներու խմբակ մը կարգապահութեամբ կը դիմաւորէին բարեպաշտ հաւատացեալները։
Յընթացս Ս. Պատարագին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ արժանապատիւ Տէր Սուրէն քհնյ. Արսլանեան հրաւիրեց հաւատացեալ ժողովուրդը յոտնկայս ունկնդրելու եւ հաղորդակից ըլլալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա վեհափառի 2025 թուականի հռչակագրին, որով այս տարին կը հռչակէր «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի», որ ընթերցուեցաւ թեմի բոլոր եկեղիցներէն ներս: Ապա քահանայ հայրը յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ իր պատգամին մէջ վերահաստատելով աւանդութիւններու նկատմամբ հայ ժողովուրդին ունեցած հաւատարմութիւնը եւ սերունդէ-սերունդ շարունակական փոխանցումը որպէս ջահակիրներ մեր մշակոյթին, հայոց պատմութեան եւ մայրենի լեզուին։
Հոգեպարար Ս. պատարագին եւ հոգեհանգստեան սրբազան արարողութեանց ներկայ էին ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմնոյ պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկեր Վանիկ Տագէսեանի, Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան հովանաւորութիւնը վայելող միութիւններու եւ մասնաճիւղերու ատենապետներ եւ վարչական անդամներ, «Փարամազ» մասնաճիւղի ննջեցեալ ընկերներու հարազատները: Խորհրդաւոր եւ տպաւորիչ էր Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտներուն ներկայութիւնը որպէս պատուոյ հսկիչներ։
Հոգեհանգստեան արարողութէնէն ետք, ներկաները մեկնեցան «Մասիս» ակումբ, ուր տեղի ունեցաւ յիշատակի ոգեկոչում։
Մասնաճիւղին անունով բացման խօսք կատարեց ընկ. Գէորգ Տաղլեան: Ան ողջունեց ներկաները՝ ըսելով. «Ձեր անմիջական հարազատներու երկրորդ տան մէջ՝ «Մասիս» ակումբէն ներս ձեր ներկայութիւնը պատահական երեւոյթ մը չէ, հաւաքուած ենք յիշատակելու մեր աւագ ընկերներուն յիշատակը, որոնք համեստօրէն եկան գործեցին, ծառայելով մէկ գաղափարի՝ Հնչակեան գաղափարին, որուն անկեղծ եւ յաճախ ալ անհայտ զինուորները եղան։ Անոնք իրենց գիտակցական կեանքը նուիրեցին Մայր կուսակցութեան ու անոր ճամբով ազգին ու հայրենիքին»։ Ընկ. Տաղլեան ներողամտութիւն խնդրեց վրիպած անուններու պարագային եւ իր խօսքը աւարտեց յիշատակելով ննջեցեալ ընկերներու անուանացանկը. Թագւոր Նորշահեան, Վարդան Յակոբ Նորշահեան, Գեղամ Նորշահեան, Փանոս Տրդատեան, Տոքթ. Յովհաննես Փափազեան, Մուրատ Պոյաճեան, Յովհաննէս եւ Գէորգ Թորգոմեաններ, Համբարձում եւ Վահէ Թապագեաններ, Համբարձում Հաճի Օղլանեան, Հրաչ Կեպենելեան, Ժոզէֆ Յակոբեան, Անդրանիկ Ուղուրլեան, Ալեքսան եւ Յակոբ Գասապեաններ, Կարպիս Պէրպէրեան, Ճորճ Ապտըլնուր, Խաչիկ Խոճայեան, Արմէն Փամպուքեան, Վարազդ Գոճաօղլանեան, Շանթ Խանճիհանեան, Յովնան Ժամկոչեան, Վաչէ Պասմաճեան, Միհրան Եափուճեան, Վարուժ Աբրահամեան, Յարութ Ճանճանեան, ընկեր Ծեռուն։
Հանդիսավարը ամփոփ տողերու մէջ կարդաց «Փարամազ» մասնաճիւղի հիմնադիրներէն ընկ. Միհրան Մելքոն Սէֆէրեանի հակիրճ կենսագրականը եւ ապա հրաւիրեց թոռը՝ ընկ. Միհրան Մ. Սէֆէրեանը որպէսի փոխանցէ օրուան պատգամը:
Յարգելի ընկերը ներկայացուց «Փարամազ» մասնաճիւղի պատմականը. պատանի տարիքէն թրծուած ըլլալով հնչակեան ընտանիքի մէջ, իր յուշերով վերապրեցուց ներկաները։ Ընկ. Սէֆէրեան վեր առաւ այդ օրերու նուիրեալ ընկերներու համախմբուած եւ ազգանուէր աշխատանքը, մանաւանդ հին երկու հիւղաւաններու՝ Թիրոյի եւ Սանճաքի նորոգման ու տեղափոխման աշխատանքներուն մէջ։ նաեւ շրջանին մէջ դպրոցներէ զուրկ պատանիներ չթողնելու եւ երեխաները Ազգային նուպարեան եւ Սահակեան լիսէ ղրկելու ճիգ չխնայելնուն մէջ։
Ան գնահատեց մասնաճիւղի ներկայ վարչութեան կատարած այս յիշատակի յարգանքի օրը, որ ծաղկեփունջ մըն Է ննջեցեալ ընկերներու նուիրական եւ դժուար աշխատանքին։ Իր խօսքի աւարտին, ընկերը դրուատեց եւ առաջարկեց միւս մասնաճիւղերուն նման ձեռնարկները յաճախակի դարձնել, որ կը մտնէ մեր աւանդութիւններու պահպանման շրջագիծէն ներս։
Հաւաքի աւարտին հրաւիրուեցաւ շրջանի հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տէր Սուրէն քհնյ. Արսլանեանը, որպէսզի փոխանցէ իր սրտի խօսքը: Տէր Հօր պատգամը գօտեպնդիչ եւ խրախուսիչ էր. ան արժեւորեց Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան «Փարամազ» մասնաճիւղի վարչութեան աշխատանքը եւ կարեւոր նկատեց շրջանին մէջ համախոհութիւնը եւ միասնական աշխատանքը։
Քահանայ հօր «Պահպանիչ» աղօթքէն ետք ուխտի հաւաքը վերջ գտաւ ներկաներուն յոտնկայս երգեցողութեամբ՝ «Ուխտի հրաւէր» երգը։
Գ. Վ. ՏԱՂԼԵԱՆ