Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿՈՒԹԵՐԵՇ. «ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԷՏՔ Է ՅԱՐԳԷ ԼԻԲԱՆԱՆԸ»

January 21, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԿՈՒԹԵՐԵՇ. «ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԷՏՔ Է ՅԱՐԳԷ ԼԻԲԱՆԱՆԸ»

 

 

Ընդամէնը շաբաթ մը ետք կ’աւարտի երկամսեայ պատերազմը դադրեցուցած զինադադարի 60-օրեայ ժամկէտը, սակայն տակաւին յստակ չէ, թէ իսրայէլեան բռնագրաւող ուժերը պիտի գործադրե՞ն համաձայնութիւնը, թէ՞ ոչ: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ կարեւորեց լիբանանեան բանակին տեղակայումը Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ, միաժամանակ Իսրայէլէն պահանջելով քաշուիլ գրաւեալ հողերէն եւ յարգել Լիբանանի գերիշխանութիւնը:

Իսրայէլեան ուժերը երէկ վերստին թիրախաւորեցին Քֆարշուպայի մերձակայ շրջանները եւ փորձեցին յառաջանայ Հուլայի ուղղութեամբ: Լիբանանեան բանակը յայտարարեց, թէ կը շարունակէ տեղակայումը սահմանային Այն Ըպլ, Տպըլ, Ռմէյշ Այնաթա եւ Պընթ Ժպէյլ բնակավայրերուն մէջ՝ այդ շրջաններէն իսրայէլեան ուժերու նահանջի լոյսին տակ: Հարաւարեւելեան հատուածին մէջ, զինուորներ երէկ Խիամի ճամբուն վրայ իսրայէլեան զինուորական ինքնաշարժներուն արգիլեցին հատել լիբանանեան անցարգելը, անոնց ստիպելով վերադառնալ սահմանային Քֆարքիլա, որ տակաւին կը գտնուի իսրայէլեան տիրապետութեան տակ:

Հարաւի սահմանային գօտիին վրայ շարունակուող աշխատանքներուն ընթացքին լիբանանեան բանակը զոհի մը մարմինը յայտնաբերեց Մարուն էլ Ռաս գիւղի մերձակայքէն: Լիբանանեան բանակի հրամանատարի պաշտօնակատար զօրավար Հասսան Աուտի Սուրի մերձակայ Պայյատա շրջանին մէջ այցելեց բանակի հետեւակներու 5-րդ զօրախումբին եւ յայտնեց, թէ բանակը Լիբանանի փրկութեան հնարաւորութիւնն է, դրուատելով զինուորներուն զոհողութիւնները եւ նուիրումը Լիբանանին ու լիբանանցիներուն հանդէպ: Իսկ Հըզպալլայի երեսփոխաններէն Ալի Ֆայյատ զգուշացուց, որ եթէ իսրայէլացի զինուորները մնան նոյնիսկ կտոր մը լիբանանեան հողի վրայ, ապա Հըզպալլա պիտի համարէ, որ զինադադարը փլուզուած է:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ՍԴՀԿ «ՓԱՐԱՄԱԶ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԷՆ ՆԵՐՍ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱԾ ՆՆՋԵՑԵԱԼ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Next Post

ԿՐԱԿՈՑՆԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

Next Post

ԿՐԱԿՈՑՆԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.