Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ս.Դ.Հ.Կ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄՆԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՏՆՕՐԷՆԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԸ  ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ 

January 18, 2025
in Գաղութային
0
Ս.Դ.Հ.Կ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄՆԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՏՆՕՐԷՆԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԸ   ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ 

 

Հինգշաբթի կէսօրին, Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեան եւ մամլոյ ու մարզականի դիւանապետ ընկ. Լութֆիկ Կոտալազեան, ընկերակցութեամբ «Արարատ»-ի տնօրէն ընկ. Նազօ Ճէրէճեանի փափկավարական այցելութիւն մը տուին Հայ Կաթողիկէ գերերջանիկ եւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, պատրիարքարանին մէջ: Այցելութեան առիթը «Արարատ»-ի նոր տնօրէնին ծանօթացումն էր պատրիարք Հօր:

Նախ ցաւակցութիւն յայտնուեցաւ նորոգ հանգուցեալ հասարակական գործիչ Սարգիս Նաճարեանի կորուստին առթիւ: Ս. Նաճարեան «Արարատ»-ի երկարամեայ խմբագիր ու լրագրող ըլլալու կողքին, տարիներու երկայնքին ծառայած է Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ՝ ըլլալով համայնքին կարկառուն դէմքերէն եւ համայնքէն ներս վարած պատասխանատու պաշտօններ: Ապա՝ ընդունելութեան համար շնորհակալական խօսքերէ ետք, տեղի ունեցաւ «Արարատ»-ի նոր տնօրէնին ծանօթացումը: Պատրիարքը ողջունեց ընկերներուն այս պաշտօնական այցելութիւնը: Իրենց հերթին, ընկերները ողջունեցին երջանկայիշատակ ծիրանաւոր Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան պատրիարքին անշնչացած մարմինը Պէյրութ տեղափոխման պատմական քայլը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի կեդրոնական փողոցներէն մին Աղաճանեան անուանուելուն համար Ռաֆայէլ ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին թափած ջանքերը: Անդրադարձ եղաւ Լիբանանի մէջ ստեղծուած նոր իրավիճակին շուրջ լաւատեսական մթնոլորտին եւ շեշտուեցաւ Լիբանանի վերաշինութեան աշխատանքին բոլորանուէր նուիրումին կարեւորութիւնը բոլորին կողմէ եւ յատկապէս հայութեան մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Սիրալիր զրոյցին նիւթ եղաւ Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան նոր իրավիճակը, որուն ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ խոհեմութեան հրամայականը եւ դէպքերուն ու Սուրիոյ նոր վարչակարգին հետ հանդարտօրէն յարաբերելու սթափութիւնը: Լիբանանի ներքին կեանքին առումով, կարեւորութեամբ հաստատուեցաւ միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը եւ քաղաքական կեանքին բոլոր տարրերուն մասնակցութեան օգտակարութիւնը:

Երկու այցելութիւններուն ընթացքին կը տիրէր փոխադարձ յարգանքի եւ շինիչ ու շահեկան գործակցութեան դրական մթնոլորտ մը:

 

Share65Tweet41
Previous Post

Ս.Դ.Հ.Կ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄՆԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՏՆՕՐԷՆԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԸ  ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Next Post

ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ՍԴՀԿ «ՓԱՐԱՄԱԶ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԷՆ ՆԵՐՍ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱԾ ՆՆՋԵՑԵԱԼ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Next Post
ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ՍԴՀԿ «ՓԱՐԱՄԱԶ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԷՆ ՆԵՐՍ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱԾ ՆՆՋԵՑԵԱԼ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ՍԴՀԿ «ՓԱՐԱՄԱԶ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԷՆ ՆԵՐՍ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱԾ ՆՆՋԵՑԵԱԼ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.