Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ս.Դ.Հ.Կ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄՆԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՏՆՕՐԷՆԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԸ  ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

January 18, 2025
in Գաղութային
0
Ս.Դ.Հ.Կ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄՆԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՏՆՕՐԷՆԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԸ   ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

 

 

Հինգշաբթի առաւօտեան, Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեան եւ մամլոյ ու մարզականի դիւանապետ ընկ. Լութֆիկ Կոտալազեան, ընկերակցութեամբ «Արարատ»-ի տնօրէն ընկ. Նազօ Ճէրէճեանի, պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Արամ Ա. վեհափառին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Այցելութեան առիթը «Արարատ»-ի նոր տնօրէնին ծանօթացումն էր Վեհափառ Հօր՝ զուգահեռաբար արծարծելու գաղութային եւ լիբանանեան հրատապ հարցեր:

Ընկերներուն շնորհակալական խօսքերէն ետք այս ընդունելութեան համար, անոնք նշեցին թէ ընկ. Ն. Ճէրէճեան նախապէս եղած է Հ.Կ.Բ.Մ.-ի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճի տնօրէն, ինչպէս նաեւ տնօրէն Ազգ. Ռուբինեան վարժարանի: Անոնք աւելցուցին, թէ սերտ գործակցութիւն առկայ է Լիբանանի հնչակեան ղեկավարութեան եւ անոր օրկանին միջեւ: Տարաբնոյթ հարցերու շարքին շեշտուեցաւ մարդուժի կարեւորութիւնը, անդրադարձ եղաւ հայ մամուլի մերօրեայ դժուարութիւններուն, ընդգծուեցաւ Վեհափառին հռչակած աւանդութիւններու կենսագործման անհրաժեշտութիւնը եւ այլն, ապա, Լիբանանի նոր նախագահի՝ Ժոզէֆ Աունի եւ նոր վարչապետի՝ Նաուաֆ Սալամի ընտրութիւնները լաւատեսական մթնոլորտ ստեղծած են եւ անշուշտ պէտք է ծառայեն ընդհանուրի շահերուն: Նշուեցաւ թէ համաձայնաբար գործելով  եւ միասնական ջանքերով կարելի է հասնիլ դրական եւ շօշափելի արդիւնքներու: Ընկերները նշեցին թէ յաջողութեան կարեւոր գրաւականը բոլորին մասնակցութիւնն է քաղաքական աշխատանքներուն՝ հեռու նեղ-հատուածական շահերէ: Անդրադարձ եղաւ նաեւ աշխարհաքաղաքական եւ շրջանային այն փոփոխութեանց՝ որոնք պատահեցան վերջերս եւ շեշտուեցաւ որ անհրաժեշտ է խուսափիլ ամէն տեսակի ծայրայեղութիւններէ, որոնք վնասակար եւ կործանարար են բոլորին համար:

 

Share65Tweet41
Previous Post

ՏԻԳՐԱՆԻՆ ԱՌԻՆՔՆՈՂ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

Ս.Դ.Հ.Կ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄՆԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՏՆՕՐԷՆԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԸ  ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ 

Next Post
Ս.Դ.Հ.Կ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄՆԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՏՆՕՐԷՆԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԸ   ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ 

Ս.Դ.Հ.Կ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄՆԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՏՆՕՐԷՆԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԸ  ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.