Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՈՒՆ. «ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ»

January 18, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԱՈՒՆ. «ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ»

 

 

Լիբանանի Հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութենէն եւ վարչապետի նշանակումէն օրեր անց, երէկ շնորհաւորական եւ զօրակցական այցելութեամբ Լիբանան ժամանեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Պաապտայի պալատին մէջ տեսակցեցաւ նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ: Վերջինս շեշտեց հարաւի մէջ զինադադարի որոշումը ամրապնդելու եւ լիբանանեան բռնագրաւեալ հողերէն իսրայէլեան ուժերու անյապաղ նահանջին կարեւորութիւնը: Աուն մաղթեց, որ իր պաշտօնակիցը համայն աշխարհին ապացուցէ, որ վերականգնուած է պետութեան նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը, ուստի պէտք է նաեւ վերականգնուի Լիբանանի նկատմամբ աշխարհին վստահութիւնը: Իսկ Մաքրոն Աունին ըսաւ. «Դուք յոյս մըն էք Լիբանանի համար եւ կը ներկայացնէք երկիրը վերականգնելու հնարաւորութիւն: Մենք պիտի աջակցինք գերիշխանութիւն վայելող Լիբանանի ուղղուած ձեր ծրագրերուն»: Մաքրոն խոստացաւ օգնել բանակին, որ շարունակէ իր տեղակայումը հարաւի մէջ եւ պահպանէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը, աւելցնելով որ շուտով պիտի գումարուի Լիբանանի վերականգնումին նպաստող միջազգային համաժողով մը: Ֆրանսայի նախագահին համաձայն, Լիբանանի մէջ այժմ անհաւատալի յոյս կայ քաղաքական նոր իրավիճակի հասնելու առնչութեամբ:

Մաքրոն Պաապտայի մէջ զրուցեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ արծարծեց նոր կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ անոր կեցուածքը: Պըրրի Ֆրանսայի նախագահին փոխանցեց իր լաւատեսութիւնը գալիք օրերուն եւ կառավարութեան կազմութեան առնչութեամբ: Իսկ պաշտօնաւարտ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Մաքրոնին հետ տեսակցած ատեն յայտնեց, թէ Լիբանանին փոխանցուած խոստումներուն համաձայն, իսրայէլեան խախտումները պիտի դադրին զինադադարի 60 օրուան աւարտին: Ֆրանսայի նախագահը այցելեց նաեւ Պէյրութի Ժըմմէյզի թաղամաս, ուր տեսակցեցաւ քաղաքացիներուն հետ, ապա ծաղկեպսակ մը զետեղեց անյայտ զինուորի յուշակոթողին առջեւ:

Share62Tweet39
Previous Post

ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ․ ԲԱՐԻՔԵԱՆ (ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 4-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ)

Next Post

ԵՐԿԻՐԸ ԱՐԱԳՕՐԷՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ՄԻՏՈՒՄ

Next Post

ԵՐԿԻՐԸ ԱՐԱԳՕՐԷՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ՄԻՏՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.