(3 Յունուար 1968 – 16 Յունուար 2021)
– Ծնած է Պէյրութ։ Աւազանի անունով՝ Կարապետ։ Նախնական ուսումը ստացած է ազգային Աքսոր Գասարճեան եւ Միհրան Գարակէօզեան վարժարաններուն մէջ։
– Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանք ընդունուած է Հոկտեմբեր 1982-ին։ Հետեւելէ ետք դպրեվանքի Ժառանգաւորաց քառամեայ դասընթացքին, սարկաւագ ձեռնադրուած է 26 Մայիս 1985-ին, ձեռամբ դպրեվանքի տեսուչ Տ. Տաթեւ արք. Սարգիսեանի։
– Աւարտելէ ետք Ընծայարանի բաժինը, կուսակրօն եկեղեցական ձեռնադրուած եւ օծուած է 29 Մայիս 1988-ին, ձեռամբ Զարեհ արք. Ազնաւուրեանի, վերակոչուելով Տ. Մեղրիկ աբեղայ։
– Վարդապետական Գաւազանի իշխանութիւն ստացած է 3 Յուլիս 1994-ին, ձեռամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Արտակ արք. Մանուկեանի, աւարտաճառ ներկայացնելով «Թուղթք Տ. Ներսիսի Կաթողիկոսի Հայոց գրեալք ի զանազան ժամանակս առ այլեւայլ անձինս» աշխարհաբարի թարգմանութիւնն ու քննական ուսումնասիրութիւնը։
– Լանջախաչ կրելու իրաւունք ստացած է 3 Յունուար 1996-ին, հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի։ Ծայրագոյն վարդապետութեան իշխանութիւն ստացած է 26 Մայիս 2002-ին, ձեռամբ Զարեհ արք. Ազնաւուրեանի։
– Վանական պարտաւորութիւններու կողքին, 1996-1997-ին հետեւած է «Overcome Violence»-ի ուսումնական ծրագիրին եւ Պoսէյի միջեկեղեցական հիմնարկին (Bossey Ecumenical Institute)։
– Սարկաւագութեան օրերուն հետեւած է դաշնակի դասընթացքներու։
– 1988-1995-ին եղած է դպրեվանքի դպրապետ եւ հսկիչ, միաժամանակ վարելով Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին ղեկավարութիւնը։
– 1995-ին Մայր Տաճարին լուսարարապետ նշանակուած է:
– 1997-1999-ին մեկնած է Նիւ Եորք եւ հետեւած Mannes College of Music-ի դասընթացքներուն։
– 1999-2002-ին ստանձնած է Ժըպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի տեսչութիւնը։
– 19 Դեկտեմբեր 2002-ին գործուղուած է Թորոնթօ (Գանատա), իբրեւ հոգեւոր հովիւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ։
– 2010-ին նշանակուած է Օնթարիօ նահանգի հոգեւոր տեսուչ, իսկ 19 Դեկտեմբեր 2013-ին՝ առաջնորդական փոխանորդ Գանատայի Հայոց թեմին:
– 27 Ապրիլ 2014-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում շնորհած է։
– 2014-ին, Գանատայի մէջ Իբրեւ առաջնորդ երկու տարի ծառայելէ ետք, 11 Նոյեմբեր 2016-ին անձնական պատճառներով իր հրաժարականը ներկայացուցած է եւ Մայրավանք վերադարձած։
– Կաթողիկոսարանէն ներս ստանձնած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչի պաշտօնը։
– 2017-ին հիմնած է Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը։
– 2018-ին մեկնած է Պարսկաստան, ստանձնելով Թեհրանի թեմի առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը։
– 2019-ին վերադարձած է Մայրավանք եւ ստանձնած՝ «Թռչնոց Բոյն»-ի հոգեւոր տեսուչի պաշտօնը։ 2020-ին, Դպրեվանքի տեսուչ նշանակուած է, այս պաշտօնը վարելով մինչեւ անժամանակ վախճանումը։
– Հայր Մեղրիկ եպս․ Բարիքեան վախճանած է COVID-19 թագաժահրէն, 2021 թուականի Յունուար 16-ին։ Թաղուած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռի եղբայրական գերեզմանատան մէջ։
– Հայր Բարիքեան երաժշտական մարզէն ներս կատարած է բազմաթիւ մշակումներ եւ յօրինումներ։ Խմբագրած է երաժշտական բնոյթ ունեցող հատորներ։ Հեղինակն է 12 աստուածաբանական եւ կրօնական հատորներու, 2 երաժշտական հատորներու, 9 խմբագրական աշխատանքներու, 15 ձայնասկաւառակներու (Երաժշտական DVD-ներու եւ CD-ներու), 5 Symphony-ներու եւ 1 Oratorio Cantata-ի։