Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ (ԾՆՆԴԵԱՆ 131-ԱՄԵԱԿ)

January 17, 2025
in Մշակութային
0
ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ (ԾՆՆԴԵԱՆ 131-ԱՄԵԱԿ)

(16 Յունուար 1894 – 9 Ապրիլ 1924)

– Ծնած է Պոլիս։ Կեանքին մեծագոյն մասը անցուցած է Սկիւտարի մէջ։ Կրթութիւնը ստացած է Իճատիէի դպրոցին մէջ, ապա՝ Պարտիզակի Ռոպէրթ Գոլէճին եւ Կ. Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ, որ աւարտած է «Պսակաւոր արուեստից» տիտղոսով։

– 1913-ին՝ տակաւին պատանի, ուսուցչական պաշտօնով կը մեկնի Ատանա, որպէս անգլերէնի եւ մարմնամարզութեան ուսուցիչ։

– Որպէս շնորհալի մարզիկ, յա­ւակ­նորդ էր ո­ղիմ­պիա­կան մրցա­նա­կի։ Մաս­նակ­ցած է Ողիմ­պիա­կան մրցա­խա­ղե­րու եւ մրցա­նակ­նե­րու տի­րա­ցած։ Այդ մրցա­պայ­քար­նե­րէն մէ­կուն ըն­թաց­քին, ե­րեք քայլ ոս­տու­մի ժա­մա­նակ, 1913-ին, ­Զա­րի­ֆեան ա­ռա­ջին անգամ կրծքավանդակի ու­ժեղ ցաւ կը զգայ։ ­Թո­քախ­տի ա­ռա­ջին այդ ազ­դան­շա­նը կը ստի­պէ 19-ա­մեայ ե­րի­տա­սար­դին, որ ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէ­զը կի­սատ թո­ղու եւ անցնի Լիբանան՝ փորձելու համար լեռնային օդի շնորհիւ վերագտնել առողջութիւնը։

– Նոյեմբեր 1914-ին, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը մտած էր պատերազմի մէջ, կը զօրակոչուի իբր պահեստի ենթասպայ եւ իր կար­գին կ’են­թար­կուի օս­մա­նեան բանակի մէջ հայ զօ­րա­կո­չիկ­նե­րուն վե­րա­պա­հո­ւած տա­ժա­նա­կիր աշ­խա­տան­քի ճնշումին, ինչ որ կ’ա­րա­գցնէ ար­դէն քայ­քայ­ման ըն­թաց­քի մէջ գտնո­ւող ­Զա­րի­ֆեա­նի առողջութիւ­նը։ ­Կը տե­ղա­փո­խո­ւի զի­նո­ւո­րա­կան հի­ւան­դա­նոց, բայց ա­ռող­ջու­թիւ­նը բնաւ չի վե­րա­կանգ­նուիր։

– 1918-ի զօ­րացր­ւու­մէն ետք, հա­կա­ռակ թո­քախ­տին պատ­ճա­ռած ցա­ւե­րուն ու հիւծումին, ­Զա­րի­ֆեան կը վե­րա­դառ­նայ կրթա­կան աս­պա­րէզ եւ նոյ­նինքն ­Պէր­պէ­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ կը պաշտօնավարէ որպէս անգ­լե­րէնւի եւ մարմ­նակր­թան­քի ուսուցիչ։

­­- Յա­ռա­ջա­ցող հի­ւան­դու­թիւ­նը եւ կեան­քէն վա­ղա­ժամ հե­ռա­նա­լու խոր զգացու­մը հոգեմ­տա­ւոր մեծ լա­րում կ’ա­ռա­ջա­ցնէ ­Զա­րի­ֆեա­նի մէջ։ ­Այս մէկը ու­ժեղ շեշ­տով կը զգացուի հէգ բանաստեղծին քերթուածներուն մէջ: Սակայն Զարիֆեան կը պահէ իր հո­գե­կան խա­ղա­ղու­թիւ­նը անս­պառ ե­ռան­դով փա­րելով ե՛ւ ու­սուց­չա­կան ասպա­րէ­զին, ե՛ւ յատ­կա­պէս գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան­ աշ­խա­տան­քին:

Այս շրջանին է, որ երբեմնի մարզիկը կը յայտնուի իբր բանաստեղծ` ինչ­պէս «Նաւասարդ» գրա­կան հան­դէ­սին, նոյն­պէս եւ ­«Ա­զա­տա­մարտ»-ին եւ «Ճակատամարտ»-ի է­ջերուն մէջ:

– 1921-ին լոյս կը տեսնէ քերթուածներու առաջին հատորը՝ «Տրտմութեան եւ խաղաղութեան» երգեր, Կ. Պոլիս, 1921, 126 էջ, իսկ 1922-ին երկրորդը՝ «Կեանքի ու մահուան երգեր», Կ. Պոլիս, 1922, 112 էջ:

– 1924 թուականին Կ. Պոլսոյ մէջ ան կը մահանայ 30 տարեկան հասակին։

­- Թէեւ կար­ճա­տեւ կեանք ու­նե­ցաւ ­Զա­րի­ֆեան, այ­դու­հան­դերձ իր ինք­նա­տիպ քնարերգու­թեամբ եւ յոյ­զե­րու աշ­խար­հով ան­մա­հու­թիւն նո­ւա­ճող ա­րո­ւես­տի ժառանգու­թիւն կտա­կեց հայ ժո­ղո­վուր­դին։

– Մատթէոս Զարիֆեանի մահէն 94 տարի ետք, Երկուշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2018 թուականին, Սկիւտարի գերեզմանատան մէջ Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզըեան եղբայրներու հովանաւորութեամբ եւ Հայճար միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի կ’ունենայ ճարտարապետ Դաւիթ Այնալի վերանորոգած՝ բանաստեղծի շիրիմին բացման պաշտօնական արարողութիւնը:

 

 

ԿԱՐԵԿՑՈՒԹԻՒՆ

Պզ­տիկ աղ­ջիկ մ ­’ին­ծի կ­՚ը­սէ
Որ զիս խեն­թի պէս կը սի­րէ.
Պզ­տիկ աղ­ջիկ մը զիս սի­րէ՜…

 

­Գի­շերն ան­հուն իմ աչ­քե­րուն
Ե­րե­ւի դեռ նա չէ՜ տե­սեր.
Պզ­տիկ աղ­ջիկ մ’ին­ծի տայ սէ՜ր…

 

Ե­րե­ւի դեռ նա չէ՜ նա­յեր
­Հոգ­ւոյս խա­ւար ան­դունդն ի վար.
Պզ­տիկ աղ­ջիկ մ’ինձ սի­րա­հար…

 

Ե­թէ լսէր թէ ո՛չ մէկ սէր
Այդ ան­դուն­դին մէջ կը շնչէր՝
­Հէք պզտի­կը չէր հա­ռա­չեր…

 

Ուս­տի եղ­բօր մը պէս ը­սի
Որ լուս­նին տակ մարդ կը մսի.
Գ­նա՛, գնա՛ ննջէ՛ ը­սի։

­Յե­տոյ գա­ցի՝ հե­ռո՜ւն լա­ցի…

 

 

Share68Tweet42
Previous Post

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ  ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ-20

Next Post

ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ․ ԲԱՐԻՔԵԱՆ (ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 4-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ)

Next Post
ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ․ ԲԱՐԻՔԵԱՆ (ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 4-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ)

ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ․ ԲԱՐԻՔԵԱՆ (ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 4-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.