ՆԻՒԹ, ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ, ԲԱՐԴՈՒԹԻՒՆ, ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ
Մենք բոլորս որոշ գաղափար մը ունինք, թէ ի՞նչ է նիւթը, նիւթականը, ոգին կամ աննիւթականը , սակայն երբ պէտք ըլլայ զանոնք սահմանել , հարցը կը դժուարանայ․․․
Բառարանը կ՛ըսէ․ «Ոգին աննիւթական գոյութիւն է» իբրեւ ոգի բառին սահմանումը, իսկ նիւթին համար ալ ` «այն` որմէ շինուած է բանը»: Սակայն ի՞նչ է բանը։ Այս վերջինին սահմանումը քիչ մը ընդլայնելու համար պարտաւոր ենք անոր կապել յատկութիւններ, որոնք զայն պիտի զանազանեն ուրիշներէ։ Յատկութիւններ, որոնք մեզի ծանօթ են մեր դիտարկումներու շնորհիւ, ինչպէս նաեւ որոշ տեղեկութիւններ, որոնք քաղած ենք գաղափարներու աշխարհէն, ինչպէս ելեկտրոն, հիւլէ, մոլլեքիւլ, ժահր եւլն․։
Նիւթը եւ տեղեկութիւնը տիեզերքի կառոյցին մէջ սերտօրէն կապուած են իրարու։ Սակայն ի՞նչ կապ կայ տեղեկութեան եւ բարդութեան միջեւ։ Կարելի է ենթադրել, որ բարդ կազմութիւն մը իր մէջ կը պարփակէ բազմաթիւ տեղեկութիւններ։ Սակայն ի՞նչպէս ճշդել աւելի ճշգրիտ քանակական յարաբերութիւն մը այս եզրոյթներու միջեւ։ Ի՞նչպէս չափել կազմութեան մը բարդութեան աստիճանը, իր պարունակած տեղեկութիւններու ծիրէն ներս։ Ընկերութեան մէջ շատ յայտնի խաղ մը կրնայ մեզ մասամբ լուսաբանել․ մէկը հարցումներ ուղղելով պէտք է գուշակէ` միւս մասնակիցներու կողմէ գաղտնօրէն ընտրուած իրեղէնի մը անունը։ Սակայն ուղղուած որեւէ հարցումին պատասխանը պարտադրաբար «այո» կամ «ոչ» պէտք է ըլլայ։ Հիմա նկատի ունենանք այս ուղղութեամբ ուղղուած պատասխաններու նուազագոյն քանակը․ եթէ ընտրուած առարկան զորօրինակ «Boeing 747» օդանաւն է, հարցումներու թիւը անտարակոյս շատ աւելի մեծ պիտի ըլլայ, քան պարզ ամէնօրեայ իրեղէն մը։ Այս թիւը կարելի է նկատել պահուած իրեղէնի բարդութեան չափանիշը։ Այս վերջինն է, որ մեզի կը թոյլատրէ սահմանել «տեղեկութեան քանակ» եզրոյթը։ Այս վերջինը մեզի համար խիստ օգտակար է տիեզերքի յեղաշրջումին ուսումնասիրութիւնը, միլիառաւոր տարիներու ընթացքին։
Յոյն մտածողներու կողմէ գիտական ձեռնարկի յղացումէն ի վեր, որ երկու հազար տարիէ աւելի անցեալ ունի, գիտութեան զարգացումը կը շարունակուի, առանց սահման ճանչնալու։ Այսուհանդերձ հիմնական կարգ մը հարցերու պատասխանները դեռ անորոշ կը մնան։ Անոնցմէ են․
-Ինչո՞ւ գոյութիւն ունի բան մը եւ ոչ թէ ոչինչ․․․
-Ի՞նչպէս կազմակերպուած է այս բանը, փոխանակ մնալու անձեւ․.․
Առաջին հարցումը բանաձեւած է գերմանացի փիլիսոփայ Լայպնից` 18-րդ դարուն․ եւ վերյիշուած է բազմաթիւ հեղինակներու կողմէ։ Երկրորդ հարցումը յայտնուած է վերջերս` տիեզերական ծանօթութիւններու ծիրէն ներս։ Այս վերջիններուն համաձայն նիւթը գոյութիւն ունի աւելի քան 14 միլիառ տարիէ ի վեր եւ հետզհետէ կը կազմաւորուի եւ կը զարգանայ յաջորդական տիեզերական շրջաններու ընթացքին․ հիւլէներ, մոլեքիւլներ, ապրող բջիջներ կը յայտնուին որոշ յաջորդականութեամբ։ Իսկ մեծ տարողութեամբ կը կազմուին աստղերն ու աստղահոյլերը։ Մէկ խօսքով՝ կեանքը կը յայտնուի եւ կը զարգանայ բարձր մակարդակի բարդութան աստիճաններու հասնելով։
Տիեզերական զարգացումի վերեւ յիշուած փուլերը կառավարուած են բնական ուժերու շնորհիւ , որոնք ըստ երեւոյթին հիմնուած են անփոփոխ ֆիզիքական օրէնքներու վրայ։ Ըստ այս վերջիններուն, տիեզերքը կազմաւորող նիւթերը ուրոյն մասնայատկութիւններ ունին։ Որպէսզի գոյութիւն ունենայ բան մը, անհրաժեշտ է ունենալ տեղեկութեան միաւորներ։ Սակայն ո՞րն է աննիւթական գոյութեան ծագումը, որ տեղեկութիւն կը կոչենք եւ ի՞նչպէս տեղեկութիւնը նիւթին կապուեցաւ։ Այս հարցումներու պատասխաններուն բացակայութեան պարագային կարելի է եզրակացնել հետեւեալը․ «գոյութիւն ունի բան մը եւ այս բանը տեղեկացուած է»։
Ինչպէս կը հետեւի մեր անգիտութեան վրայ հիմնուած է ծանօթութիւն եւ գիտութիւն կոչուածը։
Պատրաստեց`
ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ