Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ (2025) — ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ

January 17, 2025
in Գաղութային, Յօդուածներ
0

 

 

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ, ՄՇԱԿՈՅԹ, ԾԷՍ ՈՒ ՄԻՋԱՎԱՅՐ

Աւանդութիւնները անմիջականօրէն աղերս ունին մարդկային կեան­քի հոլովոյթին եւ միջավայրին հետ, եւ, հետեւաբար, միշտ ենթակայ են շրջապատի ազ­դեցութեան, փոփոխութեան, վերանորոգման, ու նոյն­իսկ՝ կորստեան: Աւանդութիւնները սերտօրէն առնչուած են մշակոյ­թին, որով­հետեւ մշակոյթն է աւանդութիւն մը ձեւաւորողը ու կազ­մա­ւո­րողը, անոր իւրայատուկ ինքնութիւն ու արտայայտութիւն տուողը: Աւանդու­թիւն­ները նաեւ կապ­ուած են եկեղեցւոյ կեանքին առանցքը կազմող ծէսին: Ծէսին ու աւան­­դութեան միախառնումը մէկ կողմէ՝ աւանդութիւնները պահած են անվ­թար, միւս կողմէն՝ աւանդութիւն­ները տուեալ ծէսին իւրայատկութիւնը պահած են ամուր: Աւան­դու­թեան առնչութիւնը մի­ջավայրին հետ միշտ եղած է գոյութենական, որով­հե­տեւ միջավայրին ճամբով ինք­զինք արտայայտելով, աւանդու­թիւնները միշտ ենթակայ եղած են անոր ազդեցութիւններուն:

Մեր մատնանշած երեւոյթները այնքան ցայտուն կերպով ի յայտ կու գան մեր ժողովուրդի պարագային: Արդարեւ, երբ պահ մը դիտենք­ մեր ազգին ու եկեղեցւոյ պատմութեան հոլովոյթը, ներքին վերի­վայ­րումները, տեղափոխութիւնները, միջավայրի փոփոխութիւնները ու յատկապէս մշա­­­կոյթի տիրական ներկայութիւնը, յստակօրէն կը նշ­մա­րենք աւան­դութիւններուն կարեւոր դերը: Սնայուն տեղաշարժի են­­թա­կայ մեր ժո­ղովուրդի կեանքէն ներս նաեւ յստակօրէն կը տես­նենք մեր աւանդու­թիւններուն մէկ մասին կո­րուստը կամ գունա­­թա­փումը եւ նոր աւանդութիւններու յառաջացումը: Իսկ այսօր նաեւ ակա­­­նա­տես կը դառ­նանք նոյն աւանդութիւններուն տարբեր ար­տայայ­տու­թիւն­­ներուն՝ Միջին Արե­ւելքէն եւ արեւմտեան գաղութներէն ներս, որ­պէս հետեւանք մի­ջավայրի ազդեցութեան: Նշեալ երե­ւոյթ­ները մեզ պէտք է մղեն մէկ կողմէն՝ վերա­շեշտելու աւանդութեան ներկայացու­ցած անփո­խա­­րի­նելի կարեւո­րու­թիւնը, եւ միւս կողմէն՝ անհրաժեշտութեան պա­րա­գային, անց­եա­լէն ժառանգուած աւանդու­թիւն­ները վերատե­սու­­թեան ու բարեփո­խու­թեան ենթարկելու հրամա­յականը:

***

ՀԱՐԿ Է ՎԵՐԱՇԵՇՏԵԼ ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Ինչպէս տեսանք, աւանդութիւնը բոլոր ժողովուրդներու եւ կրօննե­րու կեանքէն ներս կենսական նշանակութիւն ու յատուկ կարեւո­րու­թիւն ունի: Նո՛յնն է պարագան, եւ աւելիո՛վ, մեզի համար, որ­պէս տա­ռապալից պատմութիւն ու լայնատարած սփիւռք ունե­ցող եւ համեմա­տաբար փոքր ժողովուրդ: Արդ, անհրաժեշտ է մեր պատմութեան փոր­­­ձառութեան լոյսին տակ հետեւեալ հաստատումները կատարել.-

ա) Մեր ժողովուրդին գոյութիւնը ամրապնդողը աւանդութիւնն է: Ճի՛շդ է, հաւատքը, մշակոյթը, հայրենիքը, լեզուն եղած են եւ կը մնան մեր ժողովուրդի գո­յութեան հզօր սիւները. սակայն, յիշեալ արժէք­ները պահողը, ամրացնողը եւ անոնց իւրայատկութիւնը երաշխաւո­րո­ղը ու զանոնք իրարու կամրջողը եւ սերունդէ-սերունդ փոխանցողը աւան­դութիւնն է:

բ) Ներկան անցեալին կապողը աւանդութիւնն է: Մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ աւանդութիւնն է որ ժամանակի ու միջոցի սահման­ները անդրանցնելով ամուր կը պահէ ու կը պահպանէ մեր ազգի պատ­մութեան անշեղ ու յարատեւ ըն­թացքը:

գ) Մեր ազգին միութիւնը ապահովողը աւանդութիւնն է: Պատմու­թիւնը պերճախօս կերպով կը վկայէ, թէ յաճախ գաղթի ենթարկուած եւ զարգացման տարբեր հոլովոյթ ունեցող մեր ժողովուրդին բեկորնե­րուն մօտ մէկ ազգի պատկանելիութիւնը զօրեղ պահողը միշտ եղած է աւանդութիւնը:

դ) Մեր ազգին իւրայատկութիւնը արտայայտողը աւանդութիւնն է: Ինչպէս որեւէ ազգի պարագային, նաեւ մեր մօտ, մեր ժողովուրդը, եկեղեցին ու մշակոյթը ուրիշներէն զանազանողը աւանդութիւնն է: Այլ խօսքով՝ մեր ազգի իւրայատուկ ինքնութեան կարեւոր արտայայտիչ­ներէն մէկն է աւանդութիւնը:

ե) Մեր արժէքներն ու տեսլականները, մեր հաւատքն ու ոգին պա­­հո­­ղը ու մեր հաւաքական կեանքէն ներս հունաւորողը աւանդու­թիւնն է:

զ) Վերջապէս, Սփիւռքի տարածքին, հայապահպանման զօրեղ ազ­­դակներէն մէկն է աւանդութիւնը:

Յիշեալ հաստատումները տեսական չեն, այլ մեր ժողովուրդի անց­եալի ու ներկայի պատմութենէն ու կեանքի փորձառութենէն թելադ­րուող կարեւոր յիշեցումներ: Երբեմն սխալ ըմբռնում կը նկատենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ, աւանդութիւնը համարելով պարզա­պէս անցեալ, հնամաշ, անհրապոյր, անիմաստ եւ ներ­կայ ժամանակ­ներուն անյա­րիր: Մերժելի է նման մտայնութիւն ու մօ­տեցում: Ժողո­վուրդ մը իր աւանդութիւններով կ’ապրի ու կը գոյա­տե­ւէ պատմու­թեան մէջ, իր աւանդութիւններով ինքզինք կ’ըլլայ ու ինքզինք կ’ար­տայայտէ միջա­վայրի մը մէջ: Իր աւանդու­թիւն­ներու ճամ­բով իր սե­փական արժէք­ներն ու իտէալները կը փոխանցէ գալիք սերունդնե­րուն: Աւանդութիւնը ո՛չ անցեալ է եւ ո՛չ ալ անցեալի մէջ կը պահէ անոր հետեւողը: Ժողովուրդ մը ճանչնալու համար պէտք է անոր աւանդութիւնները ճանչնալ:

***

ՀԱՐԿ Է ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԱՐՁՆԵԼ ՀԱՄԱՀՈՒՆՉ ՆԵՐԿԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ

Համաշ­խար­հային մշակոյթով տիրապետուած, գիտութեամբ ու ճարտարագիտութեամբ շաղախուած ներկայ ժամանակներուն, աւելի քան երբեք աւան­դութիւնը կը նկատենք հրամայական, յատկապէս մեր փոքր ազ­գին, եկեղեցւոյ ու մշակոյթին համար: Հետեւաբար, հարկ է ըլլալ աւանդապահ, սակայն ո՛չ աւանդամոլ: Հարկ է ըլլալ հաւա­տա­րիմ աւանդութիւններուն նկատմամբ, սակայն զանոնք չվե­րածել անփոփոխելի ու անհպելի երեւոյթի: Համոզուած ենք, որ ինքնութիւն կլանող, արժէքներ ու աւանդութիւններ ջլատող, իւրայատկութիւններ այլափոխող ու ամէն տեղ մեզ շրջապատող համաշխարհային մշա­կոյ­­թին դիմաց՝ աւանդութիւնը ինք­նապաշտպանութեան, ինքնահաս­տատ­­ման, ինքնարտայայտութեան կարեւոր գործօն մըն է: Եւ որպէս­զի այս գործօնը դառնայ աւելի զօրեղ ու ազդու.–

1) Անհրաժեշտ է, որ անցեալէն եկող բոլոր բնոյթի մեր աւանդու­թիւնները վերանայման ենթարկուին: Պատմութեան ընթացքին, մի­ջավայրի ազդեցութիւնը կրած մեր աւանդութիւնները պէտք է որ դառ­նան համահունչ ներկայ ժամանակներու ոգիին ու պայմաններու դրուածքին, ինչպէս նաեւ մեր սպասումներուն ու կարիքներուն, ա­ռանց սակայն կորսնցնելու իրենց հիմնական տարրերն ու իւրայատ­կու­թիւնը: Այլ խօս­քով՝ հարկ է պահել միջուկը եւ բարեփոխել կեղեւը:

2) Անհրաժեշտ է, որ աւանդութիւնները դարձնելով աւելի գրաւիչ ու մատչելի, զանոնք տանինք ժողովուրդին, յիշեցնելով անոնց կա­րե­ւո­րութիւնը մեր ժողովուրդին ամբողջականութիւնն ու ինքնութիւնը պահելու իմաստով՝ յատկապէս սփիւռքեան պայման­նե­րուն մէջ:

3) Անհրաժեշտ է, որ ներկայ ժամանակներուն համապատասխան նոր տիպի աւանդութիւններ մշակենք, որպէսզի կարելի դառնայ նոր սերունդները ներգրաւել մեր կեանքէն ներս: Սակայն հարկ է որ նոր աւանդութիւններու հաստատումը համապատասխանէ մեր հոգեւոր, բա­րո­յա­կան ու ազգային արժէքներուն ու իտէալներուն:

4) Վերջապէս անհրաժեշտ է, որ աւանդութիւնները սոսկ չպահենք, այլ զա­նոնք աւելի հարստացնենք, սոսկ անցեալի չվերածենք, այլ ներ­կային մէջ ապրի՛նք՝ անոնցմէ եկող ոգին ու պատգամը մեր կեան­քին մէջ թարգմանելով:

Պօղոս Առաքեալ Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած քրիս­տոն­եա­ներուն պատգամ մը կ’ուղղէ՝ ըսելով՝ ձեր հայ­րերու աւանդու­թիւններուն ամուր կառչեցէք (Բ. Թես 2.15): Այսօր, Առաքեալին խօսքը փոխ առնելով, որպէս հայրական պատգամ մեր ժողովուրդի զաւակ­նե­րուն ջերմօրէն կը թելադրենք.– ամուր կառչեցէք մեր հայրերուն կողմէ ստեղծուած, մշակուած, հաստատուած, ապրուած եւ ի գին ամէն զո­հո­ղութեան պահ­ուած աւանդութիւններուն, այն հաստատ համո­զու­­մով ու խոր գիտակ­ցութեամբ, թէ՝

– մեր աւանդութիւնները մեզ պահեցին ամուր՝ պատմութեան ար­հաւիրքներուն դիմաց:

– մեր աւանդութիւնները մեր ինքնութիւնը երաշխաւորեցին՝ ինք­նու­թիւն այլափոխող ժամանակի հոսանքներուն դիմաց:

– մեր աւանդութիւնները մեզի համար դարձան ապահովութեան կռուան, գոյութեան խարիսխ եւ միութեան օղակ՝ պայմաններուն պար­տադրած վերիվայրումին դիմաց:

– մեր աւանդութիւնները դարձան մեր ընդհանրական ու գերագոյն արժէքներն ու իտէալները, մեր իրաւունքներն ու պահանջները ար­ծարծ պահող կենդանի յուշարարներ՝ մարդկութեան լռութեան դի­մաց:

Այո՛, այսպէ՛ս եղան աւանդութիւնները մեր ժողովուրդին համար իր ողջ պատմութեան ընթացքին: Այսպէս են նաեւ այսօ՛ր՝ ներկայ փո­թորկալից աշխարհին մէջ:

Այլ եկեղեցիներու եւ ժողովուրդներու տուած Մեր այցելու­թիւն­­ներուն ընթացքին, տեսած ենք թէ ինչպէս անոնք անշեղօրէն հաւա­տարմօրէն կառչած են իրենց աւանդու­թիւններուն, երբեմն նոյնիսկ ներկայ ժամանակներուն անյա­րիր ու տարօրինակ թուացող աւան­դու­թիւններուն՝ կենցաղային պայ­մաննե­րէն սկսեալ մինչեւ կրօնի ու մշակոյթի հետ աղերս ունեցող մարզեր: Այդ ամուր կապուածութիւնը աւանդութիւններու արտաքին ձեւէն անդին՝ առնչուած է անոնց ճամ­բով արտայայտուող արժէքներուն, ոգի­ին, գա­ղափա­րին, ինքնու­թեան ու տեսլականին: Նո՛յն մօտեցումն ու հաւա­տար­մութիւնը պէտք է ունե­­նանք նաեւ մե՛նք մեր կրօնական ու ազ­գային աւանդու­թիւն­նե­րուն նկատմամբ:

Մեր ժողովուրդին մօտ աւանդութեան նկատ­մամբ որեւէ ձեւի մա­կե­րեսային վերաբերում, անտեսում կամ անտարբերութիւն, հարկ է որ փոխ­ուի: Արդարեւ, մեր անցեալը ներ­կային կա­պող, ներկան ամ­րա­պնդող ու ապագային բացող ու մեր ժողովուր­­դի ոգին, հաւատքը ու տեսլականը արտայայտող աւանդու­թիւն­ներուն նկատմամբ անհրա­ժեշտ է ունենալ հաւա­տարմութիւն ու նախան­ձախնդրու­թիւն:

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է

Ա՛յս պէտք է դառնայ մեր եկեղեցւոյ, մեր կառոյցներուն, պատաս­խանատուներուն եւ իւրաքանչիւր հայու համար հիմնական առաջնա­հեր­թութիւն: Բազմաթիւ են ու բազմազան անցեալէն եկող աւանդու­թիւնները: Անհրաժեշտ է կարեւորութեան ու այժմէականութեան կար­­­գով վերադասաւորումի ենթարկել մեր աւանդութիւնները ու զա­նոնք վերականգնելու, վերանորոգելու եւ ներկայ պայմաննե­րուն պատ­­շա­ճեցնելու ուղղութեամբ լծուիլ աշխատանքի: Անցեալին այս առումով որոշ փորձեր կատարուած են: Անհրաժեշտ է աւելի լայն մաշ­տապով ու համապարփակ կերպով ձեռնարկել նման կարեւոր գործի: Այս ծի­րէն ներս, եկե­ղեցին, դպրոցը ու մեր մտաւորա­կան­ները կա­րեւոր դեր ունին կատարելիք:

Հետեւաբար, կը թելադրենք, որ

1) Աւանդութեան կարեւորութիւնը շեշտող յօդուածներ գրուին հո­գեւոր հայրերուն ու մտաւորականներուն կողմէ:

2) Մատչելի ու դաստիարակչական մօտեցումով յա­տուկ գրքոյկներ պատրաստուին աւանդութիւններու ծնունդը, հոլո­վոյ­թը եւ նպատակը պարզող:

3) Հոգեւոր հայրեր, թէ՛ իրենց քարոզներուն եւ թէ՛ ընտանիքներուն տուած այցելութիւններուն ընթացքին, յիշեցնեն մեր աւանդութիւն­նե­րուն ներկայացուցած իւրայատուկ կարեւորութիւնը:

4) Մեր կառոյցները, յատկապէս տիկնանց միութիւնները, ժողո­վր­դա­յին յատուկ հաւաքներ կազմակերպեն՝ աւանդութիւններ բա­ցատ­­րող ու անոնց դերն ու այժմէականութիւնը պարզող:

Վստահ ենք, որ յիշեալ գործնական քայլերը մեր զաւակները պիտի մղեն վերականգնելու, վերարժեւորելու եւ վերակենսաւորելու մեր այն­քան գեղեցիկ ու իմաստալից աւանդութիւնները ներկայ ժամա­նակ­ներու լոյսին տակ:

Այս մտածումներով ու սպասումներով անգամ մը եւս մեր հայ­րական օրհնութիւնը կը փոխանցենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ կ’աղօ­թենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային շնորհներով պա­ծառակերպէ մեր ժողովուրդին կեանքը՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշ­խարհի:

­Աղօ­թա­րար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ

ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ

1 Յունուար 2025

Ան­թիլ­ի­աս, Լի­բա­նան

 

 

Share64Tweet40
Previous Post

ՖՐԱՆՍԱՅԻ «ՇԱՆՍՕՆԻ ԹԱԳՈՒՀԻ»ԻՆ ՏԱԼԻՏԱ (ԾՆՆԴԵԱՆ 92-ԱՄԵԱԿ) (17 Յունուար 1933 – 3 Մայիս 1987)

Next Post

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ  ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ-20

Next Post

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ  ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ-20

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.