Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՖՐԱՆՍԱՅԻ «ՇԱՆՍՕՆԻ ԹԱԳՈՒՀԻ»ԻՆ ՏԱԼԻՏԱ (ԾՆՆԴԵԱՆ 92-ԱՄԵԱԿ) (17 Յունուար 1933 – 3 Մայիս 1987)

January 17, 2025
in Մշակութային
0
ՖՐԱՆՍԱՅԻ «ՇԱՆՍՕՆԻ ԹԱԳՈՒՀԻ»ԻՆ  ՏԱԼԻՏԱ (ԾՆՆԴԵԱՆ 92-ԱՄԵԱԿ)  (17 Յունուար 1933 – 3 Մայիս 1987)

 

– Տալիտա, բուն անունով Եոլանտա Քրիսթինա Ճիլիօթթի, ֆրանսա-իտալացի երգչուհի եւ դերասանուհի, ծնեալ Եգիպտոսի Գահիրէ մայրաքաղաքին մէջ:

– Ան հասակ առած է բազմամշակութային միջավայրի մը մէջ: Հայրը իտալացի Փետրօն Գահիրէի օփերայի նուագախումբի առաջին ջութակահարն էր:

– 10 ամսական հասակին աչքի վարակի (infection) մը պատճառով կ’ենթարկուի վիրահատութեան։ 1937-ին, երկրորդ վիրահատութեան ժամանակ բժշկական սխալի հետեւանքով Եոլանտան կ’ունենայ աչքի շլութիւն:

– Դպրոցը աւարտելէ ետք 16-ամեայ աղջնակը կ’աշխատի դեղագործական ընկերութեան մը մէջ որպէս քարտուղարուհի։

– 1951 թուականին կը մասնակցի «Միսս Ունտինա» մրցոյթին, ուր կ’արժանանայ երկրորդ մրցանակին, իսկ 1954-ին կը նուաճէ «Միսս Եգիպտոս»ի տիտղոսը։

– Մրցոյթը յաղթելէ ետք առաջարկութիւն կը ստանայ շարժապատկերներու մէջ նկարահանուելու համար եւ որպէս կեղծանուն Եոլանտան կը վերցնէ «Տալիլա» անունը, աստուածաշնչեան Սամսոն եւ Տալիլա պատմութեան հերոսուհիին անունով։

– 1954-ին ան մասնակի դերեր կը կատարէ «Թութանխամոնի դիմակը» եւ «Բաժակ եւ սիկարեթ» ֆիլմերուն մէջ, ուր կը ձայնագրէ իր «Desiderio di un’ora» երգը։

– 1954-ին կը մեկնի Փարիզ եւ կը ծանօթանայ ֆրանսացի գրող եւ սենարիսթ Ալֆրետ Մաշարի հետ, որ կ’առաջարկէ կեղծանուան վերջին «լ» տառը փոխարինել «տ»-ով, որուն արդիւնքով ան կը դառնայ Տալիտա։

– 1961-ին Տալիտան 5 տարիէ աւելի սիրավէպ ունենալէ ետք կ’ամուսնանայ Լիւսիէն Մորիսսի հետ։ Համերգներու ժամանակ երգչուհին կը ծանօթանայ լեհ նկարիչ Ժան Սոպեսքիի հետ՝ բանալով նոր սիրրավէպի մը դուռը:

– 1966-ին Տալիտան կը ծանօթանայ իտալացի երգիչ Լուիճի Դենքոյի հետ։ Անոնք միասնաբար 1967-ին Սան-Ռոմօ փառատօնին կը կատարեն «Յաջողութիւն սէր, յաջողություն» (Ciao amore ciao) երգը, սակայն չեն հասնիր եզրափակիչին։ Նոյն գիշերը Լուիճին հիւրանոցին մէջ անձնասպան կ’ըլլայ։ Երգչուհին եւս ինքնասպանութեան կը դիմէ, սակայն մօտ 4 օր մահաքունի մէջ մնալէ ետք հրաշքով կը փրկուի, շրջան մը կորսնցնելով իր ձայնը:

– 1972-ին Տալիտան կը ծանօթանայ ֆրանսացի նկարիչ եւ խաբեբայ Ռիշար Շանֆրէի հետ, յայտնի՝ Կոմս Սէն-Ժըրմեն անունով։ Անոնց միջեւ այս անգամ կ’արձանագրուի նախորդներէն երկար՝ 9 տաիներու վրայ երկարող սիրավէպ մը: 1983-ին Ռիշար Շանֆրէն պարտքերու պատճառով ինքնասպան կ’ըլլայ։

– 1985 թուականի Ապրիլին Տալիտան երկու անգամ կ’ենթարկուի աչքի վիրահատութեան, քանի որ լուսարձակներու վառ լոյսերը անտանելի գլխու ցաւ կը յառաջացնէին, որուն պատճառով ան երբեմն կը հրաժարէր բեմ բարձրանալէ:

– 1987 թուականի Մայիս 2-ի լոյս 3-ին Տալիտա անձնասպան կ’ըլլայ՝ խմիչքին հետ խմելով քնաբերի մեծաքանակ բաժին։ Սեղանին վրայ ձգուած նամակին մէջ գրած էր. «Ինծի համար կեանքը անտանելի դարձած է։ Ինծի ներեցէք»։

– Տալիտա դարձած էր Ֆրանսայի եւ ամբողջ աշխարհի ամենայայտնի «փօփ» աստղերէն մէկը՝ յայտնի իր հզօր ձայնով, զգացմունքային մատուցմամբ եւ յաւերժական երաժշտութեամբ, որ միախառնուած էր ֆրանսական երգի, «փօփ»ի եւ միջազգային երաժշտութեան ազդեցութիւններով: Տալիտայի արուեստի արշաւը տեւած է աւելի քան երեք տասնամեակ, որուն ընթացքին ան թողարկած է տասնեակ ալպոմներ եւ երգեր՝ ամբողջ աշխարհի մէջ վաճառելով աւելի քան 30 միլիոն ձայնագրութիւններ:

– Տալիտայի ամենայայտնի երգերէն են.-

«Պամպինօ» (1957) – Զինք անուանի դարձնող ամենահին «հիթ»երէն մէկը:

«Gigi l’Amoroso» (1974) – գրաւիչ, ուրախ երգ մը, որ սիրուեցաւ շատ երկրներու մէջ:

«Paroles, paroles» (1973) – «տուէթ» մը Ալէն Տըլոնի հետ, որ յայտնի է իր խօսակցական ոճով:

«Je suis malade» (1973) – խորապէս զգացմունքային երգ մը, որ երեւան կը հանէր իր հզօր ձայնային տիրոյթը:

«Mourir sur scène» (1983) – Երգ, որ կ’արտացոլէր իր խոր կապը կատարման հետ:

 

Տալիտայի երաժշտութիւնը կը շարունակէ արձագանգել երկրպագուներուն քով: Իր ժառանգութիւնը ամուր կը մնայ ֆրանսական երգարուեստի աշխարհին մէջ:

 

 

 

Share66Tweet41
Previous Post

ԳՈՅԺ

Next Post

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ (2025) — ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ

Next Post

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ (2025) — ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.