Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԳՈՅԺ

January 17, 2025
in Գաղութային, Յայտարարութիւններ
0
ԳՈՅԺ

 

Սրտի խոր կսկիծով իմացանք Լիբանանի խմբագիրներու եւ մամուլի սենտիքայի, Լրագրողներու միջազգային միութեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան անդամ եւ «Արարատ» օրաթերթի նախկին խմբագիրներէն ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2025-ին:

Ողբացեալը մօտ 60 տարի որպէս մամուլի անխոնջ նուիրեալ ծառայած է լրագրութեան առաքելութեան։ Մօտ 40 տարի որպէս խմբագիր «Արարատ»-ի մէջ պաշտօնավարելէ բացի, 1965-էն մինչեւ 1975 «Արարատ»-ին զուգահեռ միաժամանակ խմբագրած է «Այգ» օրաթերթը:

Եղած է Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոն»-ի եւ լրատուական գրասենեակի վարիչ-քարտուղար, «Մասիս» ամսաթերթի երկարամեայ խմբագիր եւ պատասխանատու տնօրէն:

Ողբացեալ Սարգիս Նաճարեանի լրագրական գործունէութեան արգասիքը հանդիսացած է իր հրատարակած «Դէմ առ դէմ» հատորը, որուն շնորհահանդէսը եւ մեծարանքի հանդիսութիւնը տեղի ունեցած է իր լրագրական գործունէութեան 50-ամեայ յոբելեանին առիթով, 2010-ին:

Լոյս տեսած է նաեւ Սարգիս Նաճարեանի ստորագրութիւնը կրող այլ գիրքեր:

Ողբացեալը պարգեւատրուած է երջանկայիշատակ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի ձեռամբ՝ «Սբ. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, Բենեդիկտոս ԺԶ. Պապին կողմէ՝ «Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետ»ի շքանշանով, ինչպէս նաեւ  Լիբանանի Կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու կեդրոնին կողմէ եւ մարոնիներու պատրիարք Պըշարա Ռահիի ձեռամբ պարգեւատրուած է որպէս «Եկեղեցւոյ ծառայած» հինգ լրագրողներէն մին:

Իր վաստակաւոր գործունէութեան համար արժանացած է ՀՀ «Մովսէս Խորենացի» նախագահական շքանշանին եւ Սփիւռքի երբեմնի նախարարութեան` «Ուիլիամ Սարոյեան» մետալին։

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւսիսային համալսարանէն ստացած է փրոֆեսորի գիտական կոչում:

Աշխարհահռչակ «Թայմ» պարբերականը իր Դեկտեմբեր 2013-ի թիւին մէջ զայն նկատած է որպէս «Տարուան Մարդ»ը:

***

«Արարատ»-ի նախկին խմբագիրին անդառնալի կորստեան տխուր առիթով, թերթիս տնօրէնութեան եւ ամբողջ անձնակազմին անունով խորապէս կը վշտակցինք ողբացեալի այրիին՝ տիկին Զուարթին, որդիին՝ Միհրանին եւ տիկնոջ, թոռներուն՝ Փաթիլին եւ Սարգիսին, եւ բոլոր հարազատներուն:

Թող լոյսերու մէջ հանգչի հոգին, եւ Աստուծոյ օրհնութեամբ մխիթարուին ողբացեալին ընտանիքն ու զինք ճանչցողները:

 

ԳՈՅԺ

Հ.Մ.Մ. Պէյրութի վարչութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ իր երբեմնի ատենապետին՝ ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2024-ին:

 

ԳՈՅԺ

Լիբանանի Հ.Կ.Բ.Մ.-ի վարչութիւնը սրտի խոր ցաւով կը գուժէ Հ.Կ.Բ.Մ.-ի զոյգ դարմանատուներու նախկին տնօրէնին՝ ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2024-ին:

 

 

Share77Tweet48
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Next Post

ՖՐԱՆՍԱՅԻ «ՇԱՆՍՕՆԻ ԹԱԳՈՒՀԻ»ԻՆ ՏԱԼԻՏԱ (ԾՆՆԴԵԱՆ 92-ԱՄԵԱԿ) (17 Յունուար 1933 – 3 Մայիս 1987)

Next Post
ՖՐԱՆՍԱՅԻ «ՇԱՆՍՕՆԻ ԹԱԳՈՒՀԻ»ԻՆ  ՏԱԼԻՏԱ (ԾՆՆԴԵԱՆ 92-ԱՄԵԱԿ)  (17 Յունուար 1933 – 3 Մայիս 1987)

ՖՐԱՆՍԱՅԻ «ՇԱՆՍՕՆԻ ԹԱԳՈՒՀԻ»ԻՆ ՏԱԼԻՏԱ (ԾՆՆԴԵԱՆ 92-ԱՄԵԱԿ) (17 Յունուար 1933 – 3 Մայիս 1987)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.