Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԸՐՐԻԻ ՊՈՅՔՈԹ

January 17, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԸՐՐԻԻ ՊՈՅՔՈԹ

 

Խորհրդարանին մէջ երէկ սկսան նոր կառավարութեան կազմութեան հարցով նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին հետ երեսփոխանական խմբակցութիւններուն ոչ-պարտադիր խորհրդակցութիւնները, որոնք սկսան յատկանշական զարգացումով՝ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի բացակայութեամբ, որ մեկնաբանուեցաւ որպէս վարչապետի նշանակումին ընկերակցած զարգացումներով պայմանաւորուած դժգոհութեան արտայայտութիւն: Պըրրի լրագրողներուն հետ ցրոյցին ընթացքին մերժեց մեկնաբանել խորհրդակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու մասին հարցումները, սակայն նշեց, որ Սալամի հետ պիտի տեսակցի Ուրբաթ օր: Խորհրդարանի նախագահը յայտնեց նաեւ, թէ Ֆրանսայի նախագահին հետ սպասուած հաղորդակցութիւնն ալ չէ կայացած:

Պըրրիի պոյքոթով հանդերձ, խորհրդարանին մէջ երէկ տեղի ունեցան աշխոյժ խորհրդակցութիւններ: Երեսփոխանական խմբակցութիւններն ու անկախ երեսփոխանները հերթաբար ժամանեցին Նըժմէ հրապարակ եւ նշանակեալ վարչապետին ներկայացուցին կազմուելիք կառավարութեան վերաբերեալ իրենց պատկերացումներն ու պահանջները: Ընդհանուր առմամբ, երեսփոխանները համաձայնեցան կառավարութիւնը անյապաղ կազմելու եւ գործունեայ բոլոր ուժերը ընդգրկելու հարցերուն առնչութեամբ: Խմբակցութիւնները կոչ ուղղեցին զերծ մնալու տարակարծութիւններէն եւ լարուածութենէն, այլ համագործակցութեան ոգիով շարունակելու նախագահի ընտրութեամբ եւ վարչապետի նշանակումով յառաջացած դրականութիւնը: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատուիրակութիւնը մաղթեց, որ վարչապետի նշանակումի հոլովոյթէն դժգոհ Հըզպալլան ու Ամալը եւս մաս կազմեն նոր կառավարութեան, սակայն յիշեցուց, թէ անոնք շիի յարանուանութեան միակ ներկայացուցիչները չեն: Իսկ երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Ազգային ազատ հոսանքին անունով յայտնեց, թէ իրենք որեւէ պահանջ չեն ներկայացուցած Սալամին, սակայն կը մաղթեն, որ քաղաքական ուժերը նոր կառավարութեան մէջ ներկայացուած ըլլան մասնագէտներու միջոցաւ: «Ժողովրդավարական հանդիպում» խմբակցութեան նախագահ Թէյմուր Ճոմպլաթ մաղթեց, որ քաղաքական ուժերը մեղմեն ճնշումը եւ շատ պահանջներ չներկայացնեն Սալամին, որպէզի ան յաջողի շուտով կազմել նոր կառավարութիւնը: «Փոփոխութեան դաշինք» համախմբումի անդամ Մարք Տաու պահանջեց հնարաւորինս սեղմ կառավարութիւն կազմել եւ խուսափիլ քաղաքական բաժնեկցութեան տրամաբանութենէն:

Share63Tweet39
Previous Post

ԴԷՊԻ ԽԱՂԱՂ, ԱՊԱՀՈՎ, ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ ԿԵԱՆՔ

Next Post

ԲԱՆԱԿԻ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒՄ

Next Post
ԲԱՆԱԿԻ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒՄ

ԲԱՆԱԿԻ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.