Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԲԱՆԱԿԻ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒՄ

January 17, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԲԱՆԱԿԻ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒՄ

 

Հարաւի սահմանային գօտիի արեւմտեան հատուածին մէջ, լիբանանեան բանակը առաւօտեան ժամերէն սկսեալ շարունակեց իր տեղակայումը այն շրջաններուն մէջ, ուրկէ վերջերս քաշուած են իսրայէլեան ուժերը: Բանակի տեղակայումը ներառեց Այթարունի արեւմտեան հատուածը՝ շուտով նշեալ բնակավայրը մուտք գործելու եւ ճամբաները վերաբանալու նպատակով: Նշենք, որ իսրայէլեան ուժերը զինադադարէն ետք մուտք գործած էին Այթարուն եւ հողակոյտերով փակած էին անոր ճամբաները՝ կանխելու համար քաղաքացիներուն վերադարձը: Լիբանանցի զինուորները սահմանամերձ Շամաայի մէջ պայթեցուցին նաեւ այդ շրջանին մէջ յայտնաբերուած 107 միլիմեթրանոց 31 հրթիռ:

Երէկ հարաւարեւմտեան գօտի այցելեցին նաեւ զինադադարը դիտարկող յանձնախումբի նախագահ, ամերիկացի զօրավար Ճասփըր Ճեֆըրզը, ընկերակցութեամբ ֆրանսացի ներկայացուցիչին եւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի: Պատուիրակութիւնը այցելեց արեւմտեան հատուածին մէջ տեղակայուած լիբանանեան բանակին եւ ծանօթացաւ անոր աշխատանքին: Ամերիկացի զօրավարը դրուատեց լիբանանեան բանակին գործողութիւնները, որպէս Լիբանանի անվտանգութեան օրինական միակ պահապանները: Ան շեշտեց, որ բանակը կը կատարէ իր պարտականութիւնները եւ կը վերականգնէ հարաւային գիւղերուն անվտանգութիւնը, որպէսզի քաղաքացիները կարենան վերադառնալ իրենց տուները:

Share63Tweet39
Previous Post

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԸՐՐԻԻ ՊՈՅՔՈԹ

Next Post

ԱՊՕՐԻՆԻ ԱՆՑԱԿԷՏԵՐՈՒ ՓԱԿՈՒՄ

Next Post

ԱՊՕՐԻՆԻ ԱՆՑԱԿԷՏԵՐՈՒ ՓԱԿՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.