ԱՐԱՐԱՏ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲը հիմնուած է Այնթապի մէջ, 1919-ին։ Գլխաւոր նախաձեռնողը եղած է Յարութիւն Մոմճեան (1893-1961), գործակցութեամբ հնչակեան ուսուցիչ՝ Վահրիճ Կէօքճեանի եւ այնթապցի մարզասէր երիտասարդներու, որոնց մէջ էին՝ Յակոբճան Տաւոյեան, Երուանդ Կուչուկեան, Կարապետ Աքքէլեան, Յովսէփ Սրապոնեան, Սարգիս Անտոնեան եւ այլն։
Թէ ե՞րբ, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս Մոմճեան յղացած էր «Արարատ»-ի ծրագիրը, այդ ալ ուրիշ պատմութիւն ունի։ «Բոր-Սաիտ»ի պաշտօնավարութեան շրջանին ձեռք անցուցած էր Եգիպտահայ Արարատ Հայ Մարմնամարզական Ակումբի (հիմն. Գահիրէ, 1914-ին) կանոնագրէն օրինակ մը, տպուած 1916-ին: Մարզանքի ուսուցիչ էր։ Այնթապ վերադարձին՝ այդ կանոնագիրը կ’ըլլայ առաջնորդ հիմնելի համանուն միութեան. յանդուգն նախաձեռնութիւն մը այդ խառնաշփոթ օրերուն (1919), որ 1921-ի Յունուար 1-ին կը վերակազմակերպուի Այնթապի մէջ եւ քաղաքի պարպումէն ետք, 1922-ին, Հալէպի մէջ կ’ըլլայ թթխմոր ՆՈՐ ԱՐԱՐԱՏ-ին, աւելի լայն շրջանակով:
«Արարատ» 1922-ին մրցումներ կ’ունենայ ֆրանսացի զինուորներու, Ժեզուիթներու բարձրագոյն վարժարանի, Համազասպ եւ Ուսումնասիրաց ակումբներու, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթոլիկ վարժարանի ֆութպոլի խումբերուն հետ եւ բոլոր մրցումներուն մէջ յաղթական ելլելով, իբրեւ ախոյեան խումբ, ֆրանսացիներու կողմէ «Արարատ»ի նկարը կը ղրկուի Ֆրանսա: Ֆութպոլի խումբը երկու տարի յաջորդաբար կը շահի Հալէպի ախոյեանութիւնը։ Խմբապետը եղած է Յովհաննէ Միւրէքեան, խումբին գլխաւոր աստղը՝ Կարապետ Աքքէլեան (Աքքէլի) որ կը խաղար կարմիր մուճակով (եմէնի)։
Էլի Նազարեանի կողմէ մեզի հաղորդուած տեղեկութեան համաձայն, «Արարատ»-ի սկզբնական շրջանի խաղավայրը եղած է ճէպէլ Նահրի քով գտնուող ջաղացքին (հետագային «Սրճարան Զըպտէնի», այժմ՝ «Ճաշարան Հանէս») քովի բացատը, աւելի ետք՝ Սուլէյմանիէ, Թելեֆոն Հաուաիյի մօտ։
Վերակազմեալ առաջին մեծ միութիւնը կըլլայ «Արարատ». քանի որ հնչակեան տարրը բաղդատաբար աւելի զօրաւոր էր Հալէպի մէջ եւ ուներ ֆութպոլի չորս խումբ:
Գաղափար մը տալու համար «Արարատ» ֆութպոլի խումբին խաղալու յատուկ ոճի մասին, ստորեւ կու տանք «Լիկա»-ի եւ «Արարատ»ի մէկ մրցումի մասին թղթակցութիւնը «Մարզասէր» ստորագրութեամբ.- «Խաղին սկիզբէն մինչեւ վերջը «Լիկա»-ն պահեց իր պաղարիւնութիւնը եւ բաղդատաբար աւելի կանոնաւոր խաղերով նեղը ձգեց «Արարատ»-ի բերդը, բայց այս վերջինը անգերազանցելի էր իր եռանդով ու ոգեւորութեամբ: Անոր միջնապահները չէին թողուր, որ գնդակը գետին իյնար. կը ձգտէին զայն օդին մէջ բարձր պահել «Արարա՜տ. Արարա՜տ» բացագանչութիւններ խլելով հանդիսատեսներէն: Պահ մը «Լիկա»-ն լրջօրէն սպառնաց… գրաւել բերդը, բայց արարատեան կամքին ու կուրծքին առջեւ ձախողեցաւ։ Խաղը վերջացաւ ոչ-ոքի»:
1925-1932 թուականներուն «Արարատ» մրցումներ ունեցած է Հալէպի Սուլթանիէ Գոլէճի LE GANT ROUGE-ի (կարմիր ձեռնոց), «Եփրատ»-ի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Պէյրութի Հ.Մ.Մ.-ի «Փայլակ» եւ «Վասպուրական»-ի հետ։
1925-26 թուականներուն, երբ Հալէպ հաստատուած հայեր գունդ-գունդ կը սկսին գաղթել Լիբանան, Ֆրանսա եւ Հարաւային Ամերիկա, այս պայմաններու տակ, տարիներ վերջ (1941) «Արարատ» կը թուլնայ տակաւ եւ կը պարտադրուի կապուիլ Պէյրութի Հայ Մարմնակրթական Միութեան, որպէս անոր մէկ մասնաճիւղը։ Արդ վերակազմուած ու նոր անուանակոչութեամբ կ’ըլլայ ՀԱՅ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ (Հ.Մ.Մ.)։ Նոյնը պատահած էր արդէն «Համազասպ»-ին, իր հերթին. Նիր-Իսթ-ի եւ քանի մը այլ միութիւններու ձուլումով, 1925-ին եղած էր Հ.Մ.Ը.Մ.:
«Արարատ» Հայ Մարմնակրթական Միութիւնը ունեցած է իր քայլերգը, որ ամէն ընկերային հաւաքոյթին կամ խումբի խաղավայրէն յաղթական վերադարձին կ’երգուէր: «Քայլերգը» մեզի տրամադրեց էլի Նազարեան: Երգին բառերը քաղուած են Աւետիս էքմէքճեանի 1935-ին հրատարակած երգարանէն՝ «Հայու երգեր, յարգանք զոհուածներուն», Տպ. Անի։ Վերջերս, քայլերգի ձայնագրումը իրագործած է` Յարութիւն Է. Նազարեան, կատարողութեամբ Հ.Մ.Մ.-ի Տավուտիէ մասնաճիւղէն երբեմնի պատասխանատու՝ Աւետիս Պէքմէզեանի։
ՏԵՍԷ՛Ք «ԱՐԱՐԱՏ»
Տեսէ՛ք «Արարատ» իր խրոխտ ճակատ ,
Պարզած ցոյց կու տայ որդւոյն հարազատ ,
Կարծես պատուէր տալ առնել օրինակ ,
Իր վեհ ու չարքաշ ճակտէն շարունակ:
(ԿՐԿ․) Ազատ անվեհեր խիզախենք միշտ վեր,
Ախոյեաններու կարդանք հրաւէր։
«Արարատ» անուն ունիս մեր ակումբ,
Մեր պարծանքն է այն թող մենք խումբախումբ,
Օն յառաջ սուրանք հսկայ քայլերով,
Յաղթականօրէն ու քաջակորով:
Արարատ ակումբ, առաջնորդ արթուն,
Կ’ապահովէ մեզ կամք ու կորով ,
Ու ամէն էն անոնց, որք սիրեն ճկուն,
Ճարպիկ, զօրաւոր ըլլալ աննկուն:
Կրթենք մեր մարմին, ըլլանք յաղթական,
Արարատ լերան ժայռերու նման,
Զի միտք ու հոգի անպէտ պիտ’ դառնան
Թէ առողջ մարմին չունենան կայան։
Կեանքի պայքարը մղենք անվրդով,
Զուարթ ու աշխոյժ, սիրով գոհ սրտով ,
Խաղանք պասքէթպոլ, ֆութպոլ նորանոր,
Խաղեր մարմնամարզ, ժամանց փառաւոր:
Կոչումն քաջարի ունի Արարատ,
Վեր վերցնել ու սիրով անվհատ
Փառքն ու պատիւը ազգին հայկական
Անմահ բարձրութեան Արարատ լերան։
Արարատ Մարմնակրթական Միութիւնը, մարզականին առընթեր, գործօն դեր մը ունեցած է նաեւ Հայկական լսարանի Կիրակնօրեայ յայտագիրներու իր մասնակցութեամբ, 1926-1932։ Սալիպէ թաղին մէջ էր Հայկական լսարանը, ուր ետքէն հաստատուած էր «Սուրիա» թերթի խմբագրութիւնը եւ աւելի ետք՝ «Արեւելք» թերթի խմբագրութիւնը։
Գաղափար մը տալու համար Արարատ Մարմնակրթական Միութեան ու Հայկական լսարանի դերին մասին, կու տանք կազմակերպուած ձեռնարկներու թղթակցութիւններէն կարեւոր մասեր, քաղուած «Սուրիական մամուլ»էն եւ «Եփրատ» թերթէն:
«Անցեալ Կիրակի իրիկուն (10 Հոկտեմբեր 1926) տեղւոյս «Արարատ» Մարմնակրթական Միութեան կողմէ տրուեցաւ երեկոյթ մը Հայկական լսարանի սրահին մէջ։ Բացման խօսքին մէջ, օրուան նախագահ` Սարգիս Տխրունի ֆիզիքական կուլտուրայի արժէքը վեր առնելէ եւ այս բնագաւառին մէջ Հայաստանի Երիտասարդութեան կողմէ տարուած ճիգերը մատնանշելէ յետոյ, ծանրացաւ սոյն միութեան եւ համանման կազմակերպութեանց կոչումին վրայ։
Ապա յաջորդաբար կազմուեցան 18 բուրգեր «Արարատ»-ի մարզիկներու կողմէ։ Եղան նուագ, մեներգ, արտասանութիւններ։ Աճուրդի դրուեցաւ Արարատի խորհրդանշանը, գեղեցիկ նկար մը նմանողաբար Խորհրդային Հայաստանի զինանշանին, մուրճ մանգաղի տեղ ֆութպոլի տեղադրութեամբ։ «Արարատ»-ը այդ օր տուաւ ապացույցներ ֆիզիքական մշակոյթի մարզէն ներս կատարած նշանակելի նուաճումներուն։
Ահա եւ երկրորդ թղթակցութիւնը.-
«Արարատ Հայ Մարմնամարզական Ակումբի նախաձեռնութեամբ 1930 Մարտ 22-ին, Հայկական լսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մարզական ու թատերական երեկոյթ մը։ Երեկոյթին կը նախագահէր Տ. Ներսէս քհնյ. Պապայեան: Ներկայացուեցաւ «Փարոսի պահապանները»: Ապա յայտնի կատակերգակ Լեւոն Փանոսեանի կողմէ ներկայացուեցաւ «Մեռել» կատակախաղը: Որմէ ետք Արարատ Մարմնամարզական Ակումբը աճուրդի դրաւ իրեն խորհրդանիշը եղող Արարատ լերան նկարը, որ գծուած էր ակումբի անդամներէն Կ. Շէօհմէլեանի կողմէ։ Յայտագրի վերջին մասը կը կազմէին «Արարատ»-ի անդամներուն կողմէ պատրաստուած 20 բուրգեր։ Այդ առթիւ շնորհաւորելի է Վ. Վարդանեան, որ տղաքը անթերիօրէն մարզած էր»:
Սոյն յօդուածը արտատպուած է «Գեղարդ սուրիահայ տարեգիրք» Դ. գիրքէն, նուիրուած սուրիահայ գաղութի մարմնամարզական շարժումին:
Հրատարակութիւն Հ. Բ. Ը. Միութեան մատենագիտական յանձնախումբի – Հալէպ 1991թ.