Մուտք գործեցինք նոր տարի մը։ Ու ես պիտի ուզեմ նոր տարուան գրական իմ առաջին ակնարկը նուիրել երախայրիքի մը։
«Երախայրիք» բառը կրնայ անծանօթ ըլլալ շատ-շատերու։ Բառարանս կ’ըսէ, թէ անիկա կը նշանակէ առաջին պտուղ, կանուխ հասած բերք։
Բայց այս բառը մեզի՝ գրչի սպասարկուներուս համար ունի մասնայատուկ իմաստ մը եւս, որ ուղղակի կ’առնչուի գիր-գրականութեան։ Ուրեմն, «երախայրիք» կը կոչենք գրողի մը առջինեկ ստեղծագործութիւնը, հրապարակ հանուած առաջին հատորը։
Օ՜, ամէն գրող ի՜նչ յուզումներ ապրած է՝ երբ իր ափերուն մէջ առած է տպարանէն նոր դուրս եկած իր երախայրիքը…։
Այսօր կ’ողջունենք Պարոյր վարդապետին երախայրիքը, որ արդէն մեր սեղանին վրայ է, մեր ափերուն մէջ։
Պարոյր վարդապետ Շէրնէզեան, որ 12 տարիէ իվեր հոգեւորականի սքեմ կը կրէ իր ուսին ու բոլորովին վերջերս ստացաւ ծայրագնութեան աստիճան, համակրելի ու երիտասարդ տեսուչն է Կիլիկեան Ս. Աթոռի ՊիքՖայայի դպրեվանքին։ Բնիկ լիբանանահայ է, անցեալին ծառայած է Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքին, ունի նկարչական ու գրական լուրջ ձիրքեր։
Նորատիպ հատորը արտասովոր աղօթագիրք մըն է, որ կը կոչուի «Ունկն դիր, Տէ՜ր»։ Կը բաղկանայ 216 էջէ ու լոյսին եկած է Նիւ Եորք, 2024-ին, ազնիւ մեկենասութեամբը Քիւրէճեան ընտանիքի հարազատներուն։
Գիրքին խորագիրը ակներեւ բառախաղ մը կը սարքէ մեզի։ Պարզ է, որ «ունկն դիր, Տէ՜ր» գրաբարեան նախադասութիւնը թարգմանաբար կը նշանակէ «մտի՛կ ըրէ, լսէ՛, Տէ՜ր», իսկ աշխարհաբարով անիկա կը նշանակէ «մտիկ ընող, լսող Տէր»՝ եթէ հրամայական եղանակով տրուած բայը վերածենք ածականի (ունկնդիր)։ Ուրեմն, առաջին պարագային խնդրոյ առարկայ է ակնբախ աղերսանք մը, Աստուծոյ ուղղեալ կոչ մը, խնդրանք մը (ո՛ւնկն դիր, ո՛վ Տէր), իսկ երկրորդ պարագային կայ հաստատում մը, Աստուծոյ անունին կցուած որոշիչ մը (ունկնդիր Տէր)…։
Ի՞նչ տեսակի կամ բնոյթի աղօթքներ մէկտեղուած են այստեղ։
Այս աղօթքները նման չեն Նարեկացիի, Շնորհալիի կամ Տաթեւացիի աղօթքներուն։ Նման չեն նաեւ ժամագիրքերու կամ կրօնական բնոյթի հրատարակութեանց մէջ տեղ գտած մեզի ծանօթ կարճ կամ երկար աղօթքներուն։ Ասոնք բոլորովին տարբեր են։
Պարոյր վարդապետին աղօթքները ժամանակակից, արդիաշունչ աղօթքներ են։ Նոյնիսկ կրնանք ըսել, թէ անոնք 21-րդ դարու մարդո՛ւն յատուկ աղօթքներ են, իրենց շարք մը դրսեւորումներով։ Ու այս յատկանիշն է, կը կարծենք, որ նորատիպ աղօթագիրքը կրնայ դարձնել «բարձի գիրք» մը, որուն մէջ այսօրուան հայրը, մայրը, երիտասարդն ու դպրոցական պատանին, իւրաքանչիւրը՝ առանձնաբար, կրնան գտնել զիրենք տագնապեցնող հոգերուն եւ յուսահատեցնող մտատանջութիւններուն հայելիները ու այդ հայելիներուն դիմաց՝ յարմարագոյն աղօթքով Տիրոջ դիմելու կարելիութիւնները…։ Վերջին հաշուով, ի՞նչ է աղօթքը, եթէ ոչ՝ մարդուն ու Տիրոջ միջեւ սրտայոյզ երկխօսութիւն մը, կամ ալ (ըստ ոմանց)՝ մարդուն կողմէ կատարուած մենախօսութիւն մը, այն հաստա՛տ համոզումով, թէ Տէրը, իր անտեսանելի անկիւնէն, ունկնդիրն է մեր աղերսանքներուն կամ խնդրանքներուն…։ Իսկ Պարոյր վարդապետին բնորոշումով՝ «աղօթքը ինքնաճանաչողութեան առիթ է», բայց նաեւ՝ «ինքնին բժշկութիւն, ինքզինք վերամշակել եւ մանաւանդ ինքզինք գտնել է»։
Գիրքը կը պարունակէ ճիշդ 100 աղօթք, բոլորն ալ նոյն ծաւալով (մէկուկէս էջի սահմանին)։
Փոքր թիւ մը չէ ասիկա։ 100 աղօթք կը նշանակէ հոգեկան 100 տագնապ, 100 տեսակ տառապանք, որովհետեւ մարդիկ ընդհանրապէս աղօթքի այլընտրանքին կը դիմեն՝ երբ սուր տագնապ մը կ’ապրին, երբ անճար մնացեր են, երբ նեցուկի կարօտ են…։ Քիչ է թիւը անոնց, որոնք կ’աղօթեն բնականոն, անդորրաւէտ ու երջանիկ պայմաններու մէջ։
Հիմա տեսնենք, թէ ի՞նչ նիւթեր կը շօշափուին Պարոյր վարդապետի աղօթքներուն մէջ։
Բովանդակութեան ցանկը կրնայ ուղեցոյց ըլլալ մեզի։ Ամէն ընթերցող, ըստ իր ապրած «տագնապ»-ին, կրնայ ցուցակին մէջէն ընտրել ու կարդալ այն աղօթքը, որ կը յարմարի իրեն։ Զորօրինակ, յատուկ աղօթքներ ունին ֆիզիքական անհանգստութիւններէ տառապողները, մահուան մտածումէն ձերբազատիլ ուզողները, անհանգիստ քուն ունեցողները, մոլութիւններու մէջ ինկողները, զրպարտութեան նշաւակ դարձողները, նախանձի զգացումին մէջ գալարուողները, տնտեսական ծանր պայմաններու տակ ճնշուողները, իրենց զաւակով մտահոգուողները, յղի կիները, սիրելի հարազատներու կարօտով տոչորողները, ընտանիքի միւս անդամներուն հետ գժտուողները, բջիջային հեռաձայնի մոլիները, քաղցկեղի հիւանդութենէ տառապողները, մահամերձները, գինեմոլները, իրենց կողակիցին հետ անհասկացողութիւն ունեցողները, բախտախաղի թակարդը ինկողները, վիրաբուժական գործողութեան մը ենթարկուողները, դասերու եւ քննութեանց ճնշուածութեան տակ կքած դպրոցականները եւ այլն, եւ այլն։
Այլազան աղօթքներու շա՜տ լայն երանգապնակ մը, ահաւասիկ, որ Պարոյր վարդապետի գեղեցիկ ու դիւրասահ հայերէնին ընդմէջէն կը զգենու առաւել փայլք ու արժէք։ Կարդացէ՛ք այս աղօթքներէն փունջ մը միայն ու պիտի զգաք, թէ քիչ մը թեթեւցաք ձեր մեղքերէն, քայլ մը աւելի մօտեցաք կատարելատիպ մարդու կերպարին, մա՛նաւանդ՝ ձեր խոհերն ու ցանկութիւնները կրցաք հասցնել… Ունկնդիր Տիրոջ։
Ակնարկս կը փակեմ յապաւուած մէջբերումով մը, իբրեւ նախաճաշակ։ Աղօթքը կը կոչուի «Տան օրհնութեան եւ պահպանութեան համար»։
— Փառք կու տամ քեզի, Տէ՜ր, որ գլխուս վերեւ երդիք դրած ես, որպէսզի ոչ միայն ապահով ըլլամ, այլեւ զայն քու փառքիդ համար ծառայեցնեմ։ …Տէ՜ր, հակառակ մեր մեղքերուն, այցելէ՜ մեզի եւ մեր սեղանն ու կեանքը գլխաւորէ։ Օրհնաբեր ներկայութեանդ ճամբով՝ թող սէրն ու շնորհքդ մեր ընտանիքի անդամներուն միջեւ հոսող աղբիւր ըլլայ, որպէսզի անոնցմով ամրանանք։
Տէ՜ր, հեռու պահէ չարն ու իր բոլոր ազդեցութիւնները մեր տան շեմէն՝ քու սուրբ խաչիդ նշանով։ …Թող լոյսդ մեր տան մէջ մնայուն առաջնորդող ներկայութիւն ըլլայ, որպէսզի խաւարը տեղ չգտնէ։ Թող հեռու մնան վէճն ու վիճաբանութիւնը, նեղութիւնն ու անհամութիւնը, նենգութիւնն ու մոլորութիւնները մեր տան երդիքէն։ Թող ծաղկի երդիքս քու շնորհքովդ, թող զարդարուի առաքինութիւններովդ եւ թող լեցուի անուշաբոյր սիրովդ։
Տէ՜ր, դուռս կը բանամ եւ Աբրահամ նախահօր պէս սեղանս կը ճոխացնեմ բոլոր անոնց դիմաց, որոնք կը ղրկես, որպէսզի քու օրհնութիւններդ վայելեն։ Իսկ բոլոր անոնք, որոնք կու գան տունս չար միտումով ու հոգիով, թող քու սուրբ նշանովդ եւ սուրբ արեան զօրութեամբդ խափանուին։
Կը շնորհաւորենք մեր սիրեցեալ Հ. Պարոյրը եւ հոգեւոր ու գրական նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք իրեն։
Լ. Շ.