Ուրախութեամբ իմացանք, որ Լիբանանի «Թրէաթլոն»ի ֆետերասիոնի (Lebanese Triathlon Federation) երէկուան ընտրութիւններուն, Հ.Մ.Մ.-ի ներկայացուցիչ ընկեր Ռոպեր Փաթափութեան յաղթանակած է՝ ընտրուելով վարչական անդամ: Հեծալավազքի ընտրական արդիւնքներէն ետք, այս մէկն ալ կու գայ ապացուցելու Հ.Մ.Մ.-ի ծաւալած վստահութիւն ներշնչող գործունէութիւնները Լիբանանի մարզական զանազան բնագաւառներէն ներս:
Յարգելի ընկեր Փաթափութեանը «Թրէաթլոն»ի մարզին մէջ աշխատանքային փորձ ունի եւ մենք վստահ ենք, որ վարչական գետնի վրայ ան պիտի կարենայ իր դրական նպաստը բերել այս իւրայատուկ մարզաձեւի զարգացման աշխատանքներուն մէջ: