Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ (2025) — ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ

January 14, 2025
in Այլազան, Յօդուածներ
0
ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ (2025) — ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ

 

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Թեմակալ Առաջնորդներուն,

Հոգեւոր դասուն,

Ազգային իշխանութեանց, եւ

մեր ժողովուրդի զաւակներուն

 

2025 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրական սիրով, հայրապետական օրհ­նութեամբ եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք մեր ժո­ղո­վուրդի սիրելի զաւակները։ Կ’ողջունենք յատկապէս մեր Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազանները, Ազգային իշխանութիւնները, հայ կեան­քէն ներս գործող կազմակերպութիւնները ու միութիւնները, ինչպէս նաեւ համայնքային, կրթական, բարեսիրական, մշակութային, ընկե­րային ու մարզական կառոյցները, եւ բոլորին կը մաղթենք նորանոր իրագործումներով հարուստ տարի մը։ Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր Որդւոյն մարդեղութեամբ ու յայտնութեամբ բաց­ուող Նոր Տարին մեր ժողովուրդին համար դառնայ երկնային բարիքներով ու շնորհքներով լեցուն տարի մը։

***

2003-էն սկսեալ իւրաքանչիւր տարի հայ կեանքին առնչուած ար­ժէքի մը, մտահոգութեան կամ դէպքի մը նուիրելու եւ զայն լուսար­ձակի տակ բերելու Մեր սկսած աւանդութիւնը շարունակելով, ինչ­պէս գիտէք, վերջին երեք տարիները յատկացուցինք Սփիւռքին: Շեշ­տեցինք Սփիւռքի վե­րակազմակերպման ու վերակենսաւորման ան­յե­տաձգելի հրամայա­կանը: Յատուկ կերպով անդրադարձանք ինք­նու­թեան, կառոյցներու վերանորոգման, մարդուժի պատրաստու­թեան, համազգային արժէքներու եւ իտ­էալ­­ներու շուրջ համախմբման, քրիս­տոնէական ու հայեցի դաստիա­րա­կութեան վերաշեշտաւորման, երի­տասարդու­թիւնը գործի մղելու անհրաժեշտութեան, ճարտարագի­տու­­թեան ճիշդ օգտագործման, կրթական կեանքի վերակազմակերպ­ման, հայ ըն­տա­նիքի վերականգնման, Հայաստան-Սփիւռք յարաբե­րու­թեան նոր որակ տալու կարեւորութեան, եւ այլ համասփիւռքեան եւ համա­հայ­կական այժմէական խնդիրներու:

Գոհունակութեամբ կ’ուզենք հաստատել, որ Հայրապետական հռ­չա­կագրերու թելադրութեան ու գծած ուղիին հետեւելով, մեր հա­մայնք­ները, մամուլը, ինչպէս նաեւ մտաւորականներ ու կառոյցներ լայնօրէն արձագանգեցին. յօդուածներ գրուեցան, դասախօսութիւն­ներ տրուեցան եւ հրապարակային բանավէճեր տեղի ունեցան յիշեալ հարցերուն շուրջ: Այլ խօսքով՝ մեր գաղութները սկսան ինքնաքննու­թեան ու ինքնարժեւորման լուրջ փորձեր կատարել, որպէսզի կարելի ըլլայ վերակազմակերպման համապատասխան ծրագրեր մշակել: Վերջին քանի մը տարիներուն, թեմերուն տուած Մեր հովուապետա­կան այցելութիւններուն ընթացքին առաջնահերթ տեղ յատկացուցինք Սփիւռքի վերակազմակերպման: Հոգեւոր դասուն, Ազգ. իշխանու­թիւն­­­նե­րուն, քոյր կազմակերպութիւններուն ու երիտասարդութեան հետ ունեցած Մեր հանդիպումներուն ու ժողովուրդին ուղղած Մեր պատ­գամ­նե­րուն մէջ թելադրեցինք, որ Սփիւռքի շուրջ քննարկում­նե­րը շարունակուին նոյն թափով ու միաժամանակ գաղութները լծուին մեր հաւա­քա­­կան կեանքը դէպի վերակազմակերպում ու վերանո­րո­գում առաջնորդող աշխատանքներու:

Ո՞ւր է այսօր Սփիւռքը, ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ Սփիւռքի մէջ, ինչպէ՞ս կարելի է Սփիւռքի կառոյցները իրենց օրակարգերով, կանո­նագրութիւններով, գործելակերպերով ու մտածելակերպերով դարձը­նել աւելի ուժական, այժմէական ու հաղորդական: Ինչպէ՞ս կարելի է ազգային ինքնութիւնը երաշխաւորող արժէքները, աւանդութիւններն ու իտէալները պահել ամուր՝ մնալով հանդերձ ամբողջական ու ան­քակտելի մասը տուեալ երկրի ընկերութեան: Ինչպէ՞ս կա­րելի է սոսկ յարաբերութենէն անդին՝ հետեւողական ու ծրագրուած գործակցու­թիւն մշակել Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ: Ինչպէ՞ս կարելի է հա­մասփիւռքեան օրա­կարգ մը մշակել՝ ի խնդիր համահայկական օրա­կարգի մը մշակ­ման, եւ անոր շուրջ համախմբուիլ: Այս հարցադրում­ները տեսական չեն, այլ՝ խորքային, այժմէական ու գոյութենական: Արդ, հրա­մա­յական է զանոնք համա­պար­­փակ ու իրապաշտ մօտեցու­մով քննար­կումի ենթարկել՝ մէկ կող­մէն օգտո­ւե­լով հին սերունդին հա­րուստ փոր­ձառութենէն, եւ միւս կող­մէն, ունե­նալով նոր սերունդին հայեցա­կէտերը:

Վերեւ կատարած մեր յիշեցումները ունին մէկ յստակ պատգամ ու նպա­տակ՝ Սփիւռքի վերակազմակերպման էջը չէ փակուած, պէտք չէ փակուի: Սփիւռքի վերակազմակերպման նպատակասլաց գործըն­թացքը վերանորոգ թափով պէտք է շարունակուի իւրաքանչիւր գա­ղութէ ներս, բնականաբար՝ տարբեր մեթոտներով, առաջնահերթու­թիւն­ներով ու շեշտաւորումով: Այլապէս, Սփիւռքը կրնայ ենթակայ դառնալ ինքնամաշումի վտանգին: Արդարեւ, լուրջ մտահո­գութիւն մը, որուն կ’անդրադառնանք յաճախ թէ՛ մեր պատգամներուն ճամբով եւ թէ գա­ղութներուն տուած Մեր այցե­լու­թիւններուն ընթացքին: Կ’ու­զենք միշտ կարե­ւո­րու­թեամբ ընդգծել, որ Սփիւռքը ինքնանպատակ գոյութիւն մը չէ, անոր վերա­կազմակեր­պու­մը Հայաստանի հզօրաց­ման ուղղուած է. իսկ Հա­յաս­տանի հզօրա­ցու­մը, իր կարգին, պէտք է օժանդակէ Սփիւռքի վերա­կազ­մակերպման:

Սփիւռքի վերակազմակերպումն ու հզօրացումը հետապնդելու աշ­խատանքներու ծիրէն ներս, լեզուի ու մշակոյթի կողքին, հայու ինք­նութիւնը ամուր պահելու մեր ճիգին մէջ, մեծապէս էական կը նկա­տենք մեր կրօնական ու ազգային աւանդութիւններու վերանորոգ­ման ու վերակենսաւորման հրամայականը: Արդ, մեկնելով այս հաս­տատ համոզումէն, 2025 տարին կը հռչակենք

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ

 

***

Ի՞նչ կը հասկնանք աւանդութիւն ըսելով: Ընդհանուր սահմա­նու­մով, աւանդութիւնը տուեալ ազգի մը, կրօնի մը կամ որեւէ կազմա­կեր­պութեան առնչուած հաւատալիքներու, արժէքներու, իտ­էալ­ներու, նպատակներու, տեսլականներու, կենցաղակերպերու, մտա­ծո­ղու­թիւն­­­ներու, գործելակերպերու եւ սովորութիւններու ամբող­ջու­թիւնն է, ինչպէս նաեւ՝ անոնց փոխանցումը սերունդէ-սերունդ: Աւանդութիւնը սերտօրէն կապուած ըլլալով տուեալ ազգի մը, կրօնի մը կամ կազմակերպութեան կեանքին ու պատմութեան հոլովոյթին հետ, վճ­ռա­­կան դեր ունի անոր ինքնութեան երաշ­խաւորման, ամբողջա­կանու­թեան պաշտ­պանման, գոյութեան ամրացման ու շարունակակա­նու­թեան պահ­­պանման մէջ: Հետեւա­բար, ազգեր ու կրօններ միշտ նա­խան­­­ձա­խնդիր եղած են իրենց աւան­դութիւններու անվթար պահ­պան­ման նկատ­մամբ, որովհետեւ զանոնք նկատած են էա­կան՝ ինքնաճանաչ­ման ու ինքնահաս­տատման, ինքնագոյութեան ու ինքնարտայայտութեան ամ­րապնդման ու զարգացման համար:

***

ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ

Երբ ընդհանուր ակնարկ մը նետենք քրիստոնէական կեանքին ու հաւատքին հիմքը կազմող Աստուածաշունչին վրայ, Հին թէ Նոր կտա­կարաններուն մէջ յաճախակի ակնարկութիւններու կը հանդի­պինք աւանդութեան կարեւորութեան մասին: Այս ուղղութեամբ ուշա­գրաւ են հետեւեալ երկու կէտերը.– ա) մարգարէներուն եւ առաքեալ­ներուն կողմէ ժողովուրդին ուղղուած զգուշացում, թէ պէտք չէ Աս­տու­ծոյ պատուիրաններէն հեռանալ, եւ մարդկային սովորութիւններուն կառ­չիլ (Մր 7.13, 1.3): բ) թելադրութիւն՝ կառչած մնալու աւանդու­թիւն­նե­րուն եւ ըլ­լա­լու հաւատարիմ այն աւանդութիւններուն, որոնք մարգա­րէներուն ու առաքեալներուն կողմէ փոխանցուած են ժողո­վուր­դին (Բ. Թես 2.14):

Ինչպէս բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդներուն, նաեւ մեր ժողովուրդի պարագային, աւանդութիւններուն արմատները պէտք է առնչուած ըլլան Աստուածաշունչին, քրիստոնէական կեանքին, վկա­յու­թեան, առաքելու­թեան ու պատմութեան եւ այն բոլոր ուսուցումներուն, ար­ժէք­ներուն ու սկզբունք­նե­րուն, որոնք կը կազմեն քրիստոնէական հաւատքի էու­թիւնն ու ինք­նու­թիւնը: Արդարեւ, որեւէ եկեղեցիէ ու քրիս­տոնեայ ժո­ղո­վուր­դէ աւելի, մեր ազգի ու եկեղեցւոյ պարագային այս իրողութիւնը այնքա՜ն զօրեղ կերպով շեշտուած է: Մենք ո՛չ միայն առաջին ժողովուրդը եղած ենք քրիստոնէութիւնը ընդունող, այլ նաեւ քրիստո­նէու­թիւնը հայ կեան­քէն ներս մուտք գործելով հայացած է ու հայ կեանքը քրիստոնէացած: Քրիստոնէութեան ու հայութեան այս ամուր շաղա­խումը մեր ժողո­վուրդը մղած է քրիստոնէական նկարա­գիր տալու հին հեթանոսական աւանդութիւններուն, եւ երբեմն նոյն­իսկ՝ զանոնք հեռացնելու հայ կեան­­­քէն եւ նորը հաստատելու: Սուրբ Գրիգոր Լու­սա­ւորիչ հայ­րա­պետէն սկսեալ մինչեւ այսօր մեր աւանդու­թիւն­ները, ըլլան անոնք կրօ­­նա­կան, մշակութային, ազգային թէ ընկե­րային թրծուած են աստուածաշնչական ուսուցումներով ու ար­ժէք­նե­րով:

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Աստուծոյ Միածին Որդին իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին, աշակերտներուն  թելադրեց երթալ աշխարհի չորս ծագերը եւ քա­րո­զել իր ուսուցումները: Քրիստոս եկեղեցի չհիմնեց, այլ առաքելու­թիւն մը յանձնեց իր աշակերտներուն: Քրիստոսի փոխանցած առաքե­լու­թիւնը իրագործելու ընթացքին հին աշ­խար­հի զանազան շրջաններէն ներս յառաջացան կրօնական համախմբումներ ու հա­մայնքներ: Անոնք հետզհետէ սկսան կազ­մաւորուիլ՝ հաւաքներ կազմակերպելով, հաւաքական պաշտամունք­ներ կատարելով, պատասխանատուներ նշանակելով, յարաբերութիւններ մշակելով: Այդ շրջանին տակաւին գո­յութիւն չունէին Աստուածաշունչ, ծէս կամ նուիրապետութիւն: Եկե­ղեցին կազմաւոր­ուե­ցաւ կենդանի Աւանդութեան մը շուրջ, որուն մաս կը կազմէին այն բոլոր վկայութիւնները եւ ուսուցումները, որոնք փո­խանցուած էին Քրիստոսէն՝ իր առաք­եալներուն ու աշակերտ­նե­րուն ճամբով:

Արդ, Աւանդութենէն ծնաւ Աստուածաշունչին կազ­մա­ւո­րումը ա­ռա­ջին դարու աւարտէն սկսեալ, ինչպէս նաեւ՝ դաւա­նական ու ծի­սական շարք մը աւանդութիւններ: Եկեղեցին յստակ տարբերութիւն մը դնէ Աւանդութեան ու աւանդութիւններուն միջեւ: Աւանդութեան պարագային, եկեղեցին զայն կը նկատէ էական ու անփոփոխելի, որով­­­հետեւ անոր մաս կը կազմեն Աստուածաշունչը, դաւանական ու աստուածաբանական հիմնական սկզբունքներ, Հայրապետական կոն­­­դակ­ներ, հոգեւոր ու բարոյական ուսու­ցում­ներ՝ այլ խօսքով, եկե­ղեցւոյ հիմքը կազմող տարրեր: Աւանդութիւններու պարա­գային, անոնք ժամանակի ընթացքին եկեղեցիներու կողմէ հաստատուած են, ընդհանրապէս տեղական նկա­րա­գիր ունին եւ կրնան փոփո­խութեան ենթարկուիլ: Այս տիպի աւան­դու­թիւնները եւս կարեւոր են, պայ­մանով սակայն, որ անոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով աղերս ունե­նան քրիստոնէական կրօնի հիմնական ճշմարտութիւննե­րուն, ուսու­ցումներուն ու հաւատալիք­նե­րուն հետ:

 

­Աղօ­թա­րար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ

ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ

 

 

(Շարունակութիւնը տեսնել յաջորդիւ)

 

Share63Tweet39
Previous Post

ԾՈՑԻ ՊԷՅՐՈՒԹ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Next Post

Հ.Մ.Մ.-ԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐ ՌՈՊԵՐ ՓԱԹԱՓՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ «ԹՐԷԱԹԼՈՆ»Ի ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ

Next Post
Հ.Մ.Մ.-ԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐ ՌՈՊԵՐ ՓԱԹԱՓՈՒԹԵԱՆ  ԼԻԲԱՆԱՆԻ «ԹՐԷԱԹԼՈՆ»Ի ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ

Հ.Մ.Մ.-ԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐ ՌՈՊԵՐ ՓԱԹԱՓՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ «ԹՐԷԱԹԼՈՆ»Ի ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.