Քաղաքացիութեան հարցերով զբաղող համաշխարհային հեղինակաւոր «Henley & Partners» հաստատութիւնը հրապարակեց 2025 թուականին աշխարհի բոլոր երկիրներու անցնագրերուն աղիւսակը (Henley Passport Index)՝ հիմնուած IATA-ի տուեալներուն վրայ, ուր անցնագրերը կը դասուին՝ նկատի առնելով թիւը այն երկիրներուն, ուր կարելի է մուտք գործել առանց մուտքի արտօնագրի:
Ըստ 2025-ի աղիւսակին, Սինկափուրի անցնագիրը ուժեղագոյնն է, որ գործածելով կարելի է 195 երկիր մուտք գործել առանց վիզայի: Ճափոն 2-րդն է՝ 193 երկիր: 3-րդ դիրքը կը գրաւեն վեց երկիրներու անցագրներ՝ Ֆինլանտա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Իտալիա, Հարաւային Քորէա եւ Սպանիա: 4-րդ են Աւստրիոյ, Դանիոյ, Իրլանտայի, Լիւքսեմպուրկի, Հոլանտայի, Նորվեկիոյ եւ Շուէտի անցնագրերը, 5-րդ՝ Պելճիքան, Նիւ Զելանտան, Փորթուկալը, Զուիցերիան եւ Միացեալ Թագաւորութիւնը: Աւստրալիա եւ Յունաստան կը գրաւեն 6-րդ դիրքը, Գանատա՝ 7-րդ, Միացեալ Նահանգներ՝ 9-րդ, իսկ արաբական աշխարհին մէջ լաւագոյնը՝ էմիրաթական անցնագիրը աշխարհի 10-րդ ուժեղագոյնն է: 2025-ին աշխարհի ամէնէն տկարն է Աֆղանիստանի անցնագիրը, որուն կը նախորդեն Սուրիոյ, Իրաքի, Եմէնի եւ Փաքիստանի անցնագրերը:
Հայաստանի եւ Լիբանանի անցնագրերը կը գրաւեն համապատասխանաբար 74-րդ եւ 95-րդ դիրքերը, զանոնք գործածելով կարելի է առանց վիզայի մուտք գործել համապատասխանաբար 68 եւ 45 երկիր միայն: Հարեւան երկիրներէն Իսրայէլ 19-րդն է, Վրաստան՝ 44, Թուրքիա եւ Ռուսիա՝ 46, Ատրպէյճան՝ 70, Իրան՝ 96, Պաղեստին՝ 100, իսկ Սուրիա՝ 105-րդ: