Թենիսի մեծագոյն մրցաշարքերու՝ «Կրամ Սլէմ»-ներու պատմութեան մէջ Լիբանան վերջապէս ունեցաւ մասնակից մը եւ առաջին յաղթանակ: 26-ամեայ լիբանանցի մարզիկ Հատի Հապիպ առաջին անգամ ըլլալով յաջողեցաւ զտումի փուլերը յաղթահարել եւ մասնակցիլ Աւստրալիոյ մեծ մրցաշարքին, որուն մրցումները կը շարունակուին Մելպուռնի մէջ: Առաջին փուլին, Հապիպի մրցակիցը չինացի Եանչաուքէթէ Պուն էր եւ մրցումը վերջ գտաւ ի նպաստ լիբանանցի մարզիկին 3-0 արդիւնքով՝ 7-6, 6-4, 7-3: Ուստի, «Կրամ Սլէմ»-ի մրցումներէն մէկուն մէջ գրանցելէ ետք Լիբանանի առաջին յաղթանակը, Հապիպ անցաւ երկրորդ փուլ եւ այսօր կը մրցի ֆրանսացի Եուկօ Հիւպըրթի դէմ: Նշենք, որ գլխաւոր մրցաշարք հասնելու համար Հապիպ խաղցած եւ յաղթած էր երեք մրցումներ: Ան եւ Պենճամին Հասսանը անցեալ տարի դարձած էին նաեւ ողիմպիական խաղերու թենիսի մրցումներուն մասնակցած առաջին լիբանանցիները:
Աշխարհի թիւ 219 դասուած մարզիկը ծնած է Միացեալ Նահանգներ եւ այժմ կը բնակի այնտեղ, սակայն 6-12 տարեկանին ընտանիքին հետ վեց տարի ապրած է Լիբանան եւ այստեղ սկսած է հետեւիլ թենիսի մարզումներու: