Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ՉԵՂԱՐԿԵԼՈՒ ԿՈՉ

January 14, 2025
in Միջազգային
0
ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ՉԵՂԱՐԿԵԼՈՒ ԿՈՉ

 

 

Ռիատի մէջ երէկ գումարուեցաւ Սուրիոյ հարցի քննարկումին նուիրուած արաբ եւ օտարերկրացի արտաքին գործերու նախարարներու համաժողով մը, որուն մասնակիցները մտահոգութիւն յայտնեց իսրայէլեան ներթափանցումներէն, առաջարկելով մարտահրաւէրները լուծել երկխօսութեամբ, զերծ մնալով բռնութենէ: Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործերու նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան կոչ ուղղեց չեղարկելու Սուրիոյ նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցները՝ հնարաւորութիւն տալով պետական հաստատութիւններու վերականգնումին: Սէուտցի նախարարը ահազանգեց, թէ միջազգային եւ միակողմանի պատժամիջոցները պիտի խոչընդոտեն սուրիացիներուն բարգաւաճումի եւ վերականգնումի ձգտող միտումները, ուստի անհրաժեշտ է վերջ տալ պատժամիջոցներուն: Եւրոմիութեան արտաքին գործերու նախարար Քայա Քալաս իր կարգին յայտնեց, թէ Եւրոմիութիւնը պիտի սկսի չեղարկել պատժամիջոցները, եթէ Դամասկոսի նոր իշխանութիւնները վճռորոշ քայլեր առնեն փոքրամասնութիւնները պաշտպանող կառավարութիւն կազմելու ուղղութեամբ: «Եթէ տեսնենք, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները կը շարժին ճիշդ ուղղութեամբ, պատրաստ պիտի ըլլանք դիմելու դրական քայլերու», ըսաւ եւրոպացի ներկայացուցիչը:

Այլ գիծի վրայ, Սուրիոյ անցումային կառավարութեան Ներքին գործերու նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ վերսկսած է հրապարակել սուրիական անցնագրեր:

Share62Tweet39
Previous Post

  ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐ

Next Post

  ՀՐԴԵՀԱՅԻՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ

Next Post
  ՀՐԴԵՀԱՅԻՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ

  ՀՐԴԵՀԱՅԻՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.