Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմատ Ապու Ղէյթ երէկ Պաապտայի պալատին մէջ տեսակցեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ ու յայտնեց, թէ պետական հաստատութիւններուն վերականգնումով Լիբանան պատրաստ է լուծելու իր դէմ ցցուած շատ խնդիրներ: Աուն ընդունեց նաեւ ամերիկեան զինուորական պատուիրակութիւն մը, որուն հետ արծարծեց զինադադարի գործադրութիւնը եւ հարաւի մէջ տիրող իրավիճակը: