Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆԱՈՒԱՖ ՍԱԼԱՄ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏ

January 14, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՆԱՈՒԱՖ ՍԱԼԱՄ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏ

 

Լիբանանին համար արտասովոր խիստ արագընթաց զարգացումներով եւ լուծումներով, հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի ընտրութենէն ընդամէնը չորս օր ետք նշանակուեցաւ նաեւ երկրին նոր վարչապետը: Պաապտայի պալատին մէջ երէկ տեղի ունեցած երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու աւարտին, ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի նախկին ներկայացուցիչ եւ Միջազգային արդարադատութեան ատեանի նախագահ, դատախազ Նաուաֆ Սալամ նշանակուեցաւ վարչապետ: Ան ստացաւ 84 երեսփոխաններու աջակցութիւնը, մինչ 9 երեսփոխան տուաւ Միքաթիի անունը եւ 35 ուրիշներ մնացին ձեռնպահ:

Սալամին զօրակցողներու շարքին էին Լիբանանեան ուժեր, Ընկերվար յառաջդիմական եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն երեսփոխանական ծանրակշիռ խմբակցութիւնները, փոփոխութեան միտող եւ անկախ երեսփոխաններուն մեծամասնութիւնը, իսկ Միքաթիին զօրակցողներուն մեծամասնութիւնը Թրիփոլիէն եւ հիւսիսէն ընտրուած երեսփոխաններ էին: Իրենց կարգին, Հըզպալլայի եւ Ամալի երեսփոխանները մերժեցին ոեւէ թեկնածու անուանել: Յատկանշական յայտարարութեամբ, «Հաւատարմութիւն դիմադրութեան» խմբակցութեան նախագահ, երեսփոխան Մոհամմատ Ռաատ Աունին հետ տեսակցելէ ետք յայտնեց. «Նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ տեսակցեցանք որպէսզի ցաւ յայտնենք նոր իշխանութեան սկիզբը վիրաւորելու փորձերուն հաամար: Անգամ մը եւս, ոմանք թակարդ կը լարեն, ուստի կը յայտարարենք, թէ մեր իրաւունքն է պահանջել կանոնադրական կառավարութեան մը կազմութիւնը»:

Սալամի վարչապետի նշանակումը արդիւնք էր քանի մը ժամուան ընթացքին տեղի ունեցած արագընթաց եւ անակնկալ զարգացումներու՝ ներառեալ վարչապետի մէկ այլ թեկնածու Ֆուատ Մախզումիի թեկնածութեան յետս կոչումին եւ նախապէս Միքաթիին զօրակցող շարք մը խմբաւորումներու եւ երեսփոխաններու մտափոխութեան: Մախզումի ժամեր առաջ յայտարարած էր, թէ կը քաշուի վարչապետի նշանակումի պայքարէն, առիթ ընծայելով բարեփոխումներու միտող Սալամի անունին շուրջ մեծագոյն համաձայնութեան գոյացումին:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն մաղթեց, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը հեզասահ կ’ընթանայ, նկատի առնելով որ Լիբանանին կը սպասեն բազում հնարաւորութիւններ:

Share63Tweet40
Previous Post

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ

Next Post

  ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ԼՈՒԾՈՒՄԻ ՍԿԻԶԲ

Next Post
  ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ԼՈՒԾՈՒՄԻ ՍԿԻԶԲ

  ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ԼՈՒԾՈՒՄԻ ՍԿԻԶԲ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.