Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ

January 14, 2025
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ

 

2024-ը դոկտոր Հրայր Ճէպէճեանին համար գործունէութեամբ զեղուն ամէնէն աշխուժ տարիներէն մէկը եղաւ հաստատաբար: Եթէ միայն նշենք իր վերջին՝ «Հայկական ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս» հատորի շնորհահանդէսներուն նուիրուած ձեռնարկները՝ Լիբանանի, Աւստրալիոյ, Կրէտէի, Թորօնթոյի, Մոնրէալի, Լոս Անճելըսի, Պոլսոյ, Լոնտոնի, Յունաստանի, Հայաստանի մէջ, ապա յստակ կը դառնայ մեր խօսքին իրաւացիութիւնը:

Մենք քաջ կը հաւատանք, որ դոկտորը պիտի շարունակէ իր համահայկական եռանդուն աշխատանքները ե՛ւ մամուլին, ե՛ւ աշխարհասփիւռ տարածքի հայկական գաղութներուն մէջ: Այս իմաստով, խորապէս ուրախացանք, երբ 2025-ի իր գործունէութեան երկար ցանկին վրայ առաջնային տեղ գրաւեց «Արարատ»-ի խմբագրատուն կատարած այցը՝ անցեալ Շաբաթ օր:

Տնօրէնութեան հասցէին շնորհաւորական խօսքեր լսեցինք յարգարժան դոկտորէն: Նաեւ՝ գնահատական խօսքեր 2025-ի «Բացառիկ»-ի տեսքին եւ բովանդակութեան մասին: «Կը շնորհաւորեմ, դուք Լիբանանի այս ահաւոր օրերուն մէջ կրցաք պահել թերթը», ըսաւ դոկտոր Ճէպէճեան եւ իմացաւ թերթին յայտնի եւ անյայտ դժուարութիւններուն մասին, եւ ծանօթացաւ անոնց համար «Արարատ»-ցիներուն որդեգրած դեղամիջոցներուն:

Աստուածաշունչի Ընկերութեան միջինարեւելեան երկիրներու ներկայացուցիչին հետ մեր զրոյցը սրտբաց էր եւ օգտաշատ: Հետաքրքրուեցանք դոկտորին հետագայ ծրագրերուն մասին: Լսեցինք ուշագրաւ դրուագներ՝ վերջին գիրքի շնորհահանդէսներէն:

Այցի աւարտին, դոկտոր Հրայր Ճէպէճեան յաջողութիւն մաղթեց «գաղութը արթուն պահող, զգաստացնող բազկերակը եւ անոր հիմքերէն մին հանդիսացող» մամուլի ներկայացուցիչներէն՝ «Արարատ»-ին:

Share66Tweet41
Previous Post

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՒԵՏՄԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՂՕԹՔ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՔՈՅՐ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

Next Post

ՆԱՈՒԱՖ ՍԱԼԱՄ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏ

Next Post
ՆԱՈՒԱՖ ՍԱԼԱՄ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏ

ՆԱՈՒԱՖ ՍԱԼԱՄ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.