Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՒԵՏՄԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՂՕԹՔ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՔՈՅՐ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

January 13, 2025
in Գաղութային
0
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՒԵՏՄԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՂՕԹՔ  ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՔՈՅՐ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

Գլխաւորութեամբ Հայ երեք յարանուանութիւնները ներկայացնող եկեղեցականներու, երէկ տեղի ունեցաւ Քրիստոսի ծննդեան աւետման միացեալ աղօթքի եւ երգեցողութեան արարողութիւն Ճինիշեան եւ Գարակէօզեան, տնօրէնուհի տիկին Քրիսթին Դանիէլեանի արտայայտութեամբ՝ քոյր հիմնարկներուն մէջ:

«Արարատ» սիրով ընդառաջած էր Ճինիշեան հաստատութեան տնօրէնութեան կողմէ յղուած հրաւէրին, ուր որոշեալ ժամուն, Տէր Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան, հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեան եւ վերապատուելի Ռաֆֆի Մսրլեան հիմնարկին, անոր պաշտօնէութեան, բարերարներուն եւ հիւրաբար ներկայ գտնուողներուն դիմեցին տնօրհնէքի աղօթքով եւ օրհնեցին աղ ու հացն ու ջուրը:

Հաճելի անակնկալ մը վերապահուած էր ներկաներուն, երբ Հայ Առաքելական եղբայրակցութեան խմբակը, գլխաւորութեամբ պարոն Համբիկ Թորոսեանի, երգեցողութեամբ ու նուագով աւետեց Յիսուս Մանուկի ծնունդը:

Ներկաները հիւրասիրութեամբ պատուելէ անմիջապէս ետք, Հաուըրտ Գարակէօզեան բարեսիրական հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան ներկաները հրաւիրեց «Գարակէօզեանի» մէջ կայանալիք տնօրհնէքին:

Հոն եւս բարձրացան աղօթքներ՝ վարդապետին, վերապատուելիին եւ Տէր Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանին կատարողութեամբ, իսկ աւետման երգեցողութեամբ ու նուագով՝ Հայ Առաքելական եղբայրակցութեան կողմէ, հիմնարկի աշխատակազմին բարերարներուն ու ներկաներուն համար:

Share63Tweet40
Previous Post

ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ԲԺԻՇԿԸ (ՏՈՔԹ. ՊԵՏՐՈՍ ԳԱՐԱՃՐՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

Next Post

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ

Next Post
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.