Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ԲԺԻՇԿԸ (ՏՈՔԹ. ՊԵՏՐՈՍ ԳԱՐԱՃՐՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

January 13, 2025
in Գաղութային, Յօդուածներ
0
ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ԲԺԻՇԿԸ  (ՏՈՔԹ. ՊԵՏՐՈՍ ԳԱՐԱՃՐՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

 

 

Դժուար պիտի ըլլայ ամփոփ եւ պատշաճ ձեւով ներկայացնել տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանը, որուն կեանքի երկարատեւ երթը կանգ առաւ մօտ քառասուն օր առաջ:

Ան ծնած էր Հալէպ 1937-ին եւ յաճախած՝ Ալեփփօ Ամերիկեան Գոլէճը, որմէ ետք ան բարձրագոյն ուսման իր աոաջին քայլերը աոաւ  Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, որմէ ստացաւ պսակաւոր գիտութեան վկայականը: Ապա բժշկութիւն ուսանեցաւ Գերմանիոյ նշանաւոր Հէյտելպերկ համալսարանին մէջ (հիմնուած 1836-ին) եւ մասնագիտացաւ սրտի հիւանդութեանց մէջ:

Ան իր երկարատեւ ասպարէզը սկսաւ Լիբանանի մէջ 1974-ին: Ան գործեց ձեռնհասութեամբ, եղաւ յաջող եւ վստահութիւն ներշնչող հանրածանօթ բժիշկ մը, որուն երախտապարտ եղան հիւանդներու բազմաթիւ սերունդներ:

Ան ասպարէզին մէջ չսահամանափակուեցաւ նեղ անձնական գործունէութեամբ: Երբ հիմնուեցաւ Լիբանանի սրտաբաններու միութիւնը, ան հանդիսացաւ անոր աոաջին անդամներէն:

Ան մաս կազմեց Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի շրջանաւարտից միութեան եւ հիմնադիր անդամ հանդիսացաւ Հէյտելպերկ համալսարանի շրջանաւարտից միութեան:

Տոքթ. Գարաճրճեան  գործօն  ներկայութիւն էր Լիբանանահայ բժշկական միութեան մէջ, ան բազմաթիւ անգամներ վարչութեան մաս կազմած էր: Ան իր կարծիքը միշտ ալ սիրով եւ առարկայականօրէն ներկայացուցած էր եւ միշտ բծախնդիր եղած էր ընդհանրական շահերուն նկատմամբ: Հակառակ իր բազմազբաղութեան, դժուար որ բացակայէր Միութեան ձեռնարկներէն եւ գիտէր արդարօրէն ու ողջմտօրէն արժեւորել եւ քաջալերել կատարուած աշխատանքները: Ան 2018-ին պարգեւատրուեցաւ Լիբանանահայ բժշկական միութեան կազմակերպութեամբ յատուկ հանդիսութեան ընթացքին, ձեռամբ Լիբանանի բժշկական սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Ռեմոն Սայէղի, առ ի գնահատանք՝ թէ՛ որպէս բժիշկ եւ թէ՛ իր հասարակական գործունէութեան համար:

Արդարեւ իր դերակատարութիւնը չսահմանափակուեցաւ բժշկական մարզով: Ան մաս կազմեց Ազունիէի Ազգային բուժարանի խնամակալութեան, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետական խորհուրդին: Ան եղաւ «Ռոթարի Սահել Մեթն»ի հիմնադիր անդամ: Ան ստանձնած էր Լիբանանի Ազգային վարչութեան ատենապետութիւնը, ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետութիւնը:

Ան իր կեանքի ճանապարհորդութեան մօտ 50 տարիներուն ընթացքին ականատես եղած էր քաղաքացիական պատերազմին, բայց եւ այնպէս որոշած էր չլքել երկիրը եւ մնալ Լիբանանի մէջ:

Տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանը գնահատուած էր իր կարողութեան  եւ հասարակական գործունէութեան մէջ իր ներդրումին համար: Ան արժանաւոր ներկայացուցիչն էր լիբանանցի բժիշկին ընդհանրապէս եւ հայ բժիշկին մասնաւորապէս: Իր հետքը եւ դրոշմը ձգած էր իր ստանձնած բոլոր պատասխանատուութիւններուն մէջ:

 

Իր հիմնական արժանիքներէն մէկն էր նաեւ իր ընկերային բնաւորութիւնը եւ հակառակ իր ստանձնած պաշտօններուն՝ համեստութիւնը, բայց ամէնէն կարեւորը անոր տածած յարգանքն էր իր շրջապատին նկատմամբ:

Ան կը հաւատար հիւանդին եւ բժիշկին միջեւ զօրաւոր յարաբերութեան, եւ միշտ կ’ընդգծէր որ թէեւ արհեստագիտութիւնը բժշկութեան մէջ կարեւոր է, կանխազգուշութիւնը եւ առողջ ապրելակերպը հիմնական են եւ անփոխարինելի:

Յարգանք իր յիշատակին:

 

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share63Tweet39
Previous Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 15 (55 տարի առաջ՝ այսօր) 

Next Post

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՒԵՏՄԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՂՕԹՔ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՔՈՅՐ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

Next Post
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՒԵՏՄԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՂՕԹՔ  ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՔՈՅՐ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՒԵՏՄԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՂՕԹՔ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՔՈՅՐ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.