«ԱՐԱՐԱՏ», 2-9 Յունուար 1970
Մուտք կը գործենք նոր տարի մը։
Կանգնած ենք 1970-ի շեմին ու պիտի սկսինք պեղել, պրպտել «Արարատ»-ի այս տարուան թիւերը, մի առ մի, շաբաթ առ շաբաթ։
Դա՛րձեալ 55 տարի ետ պիտի երթանք ուրեմն, պտոյտ մը կատարելու հեռու-մօտիկ այդ անցեալի ազգային, հայրենական ու գաղութային կեանքի զառիվարներուն կամ զառիվերներուն վրայ։ Դէպքեր պիտի յիշատակենք, եղելութիւններ պիտի մատնանշենք, ծանօթ կամ անծանօթ անուններու շուրջ ման պիտի գանք։
Նկատի առած աւելի քան կէս դարու անջրպետը, որ մեզ կը բաժէ այդ օրերէն, մեր յիշատակած անունները հաւանաբար ոչի՛նչ ըսեն այսօրուան (2025-ի) երիտասարդ սերունդին։ Միւս կողմէ, սակայն, երէց սերունդները (մա՛նաւանդ իրենց 70 տարեկանը բոլորած ընթերցողները) դժուարութիւն պիտի չունենան ճանչնալու, յիշելու 55 տարի առաջուան դէպքերն ու դէմքերը…։
Այո՛, երէցները պիտի յիշեն անցեալը ու անպայման կարօտի այրող զգացում մը պիտի պատէ իրենց սիրտն ու հոգին…։ Անուշ ու երջանիկ օրերու վերյիշո՞ւմն է որ պիտի խռովէ զիրենք, թէ՞ անվերադարձ կորսուած տարիներու առթած ափսոսանքը, իրե՛նք թող պատասխանեն։
*
«Արարատ»-ի 1970-ի Ա. թիւը կը կրէ 2 Յունուար թուականը։ Երկու գլխաւոր յօդուածներ կը տեսնենք այստեղ։
Առաջին յօդուածը, որ կը պատկանի Գէորգ ծ. վրդ. Կարպիսեանին, խորագրուած է «Միւռոնօրհնէք»։ Անշուշտ որ Ս. Էջմիածնայ մէջ կատարուած միւռոնօրհնութեան վերջին արարողութեան առթիւ գրուած յօդուած մըն է այս, բայց այնպէս կը թուի, թէ շա՜տ յապաղած գրութիւն մըն է, որովհետեւ միւռոնօրհնէքը կայացեր էր ամիսներ առաջ, ճշգրտօրէն՝ 5 Հոկտեմբեր 1969-ին…։ Կարպիսեան վրդ. (որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն անկախ՝ կը ծառայէր Պէյրութ եւ վախճանեցաւ 15 Յուլիս 1978-ին), կը խօսի միւռոնի պատրաստութեան փուլերուն մասին, կը թուէ ձէթի ու բալասանի կողքին՝ անոր մէջ դրուող հոտաւէտ բոյսերն ու անուշաբոյր ծաղիկները, ապա համառօտ կը նկարագրէ Էջմիածնայ վերջին միւռոնօրհնութեան առթիւ պարզուած ոգեւորիչ պատկերները։
Երկրորդ յօդուածը թարգմանութիւն մըն է ու կը կրէ ընկերային բնոյթ։ Կը պատմէ այր եւ կնոջ միջեւ հաստատելի երկխօսութեան կամ տեւական հաղորդակցութեան մասին։ Նորութիւն չկայ։ Բայց գրութեան ներքեւ դրուած ստորագրութիւնը կը յուզէ զիս. Արմենուհի Թերզեան։ Ա՛լ վստահ եմ որ պոլսահայ մամուլէն արտատպում մըն է այս էջը (թէեւ աղբիւր չէ նշուած), քանի որ Ա. Թերզեան պոլսեցի էր (1910-1992) ու երկար տարիներ կանոնաւոր աշխատակցութիւն կը բերէր տեղւոյն մամուլին, մա՛նաւանդ «Մարմարա»–ին։ Ան նաեւ շնորհալի բանաստեղծուհի էր եւ մահէն առաջ կրցած էր երկու անջատ հատորներու մէջ ժողվել իր քնարաշունչ տաղերը («Հետքեր»-1968 եւ «Մթնշաղ»–1978)։
Քանի որ տարեմուտ է՝ «Նոր տարուան խոհեր» ստորագրեր է Դամասկոսէն Տիրան Ակինեան (կրթական եւ կուսակցական գործիչ)։ Ան կը գանգատի որ «հին» եւ «նոր» սերունդներուն միջեւ խուլ պայքար մը առկայ է մեր ազգային կեանքէն ներս։ «Այսօր ալ տակաւին կան բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, նաեւ՝ հայկական քաղաքական հոսանքներ, որոնց մէջ երիտասարդութիւնը աւելի գիտակից եւ ազնիւ տեսլականներով ասպարէզ կ’ուզէ գալ, սակայն հին սերունդը, տարուած՝ զանազան մոլուցքներէ, նիզակ կը ճօճէ դէպի աւելի ազատական սկզբունքները…»։ Ակինեանի հաստատումը տեսակ մը ինքնախոստովանութիւն է։ Բան մը փոխուա՞ծ է 50 տարի առաջուան պատկերին ու այսօրուան մեր մտայնութեան միջեւ…։
Ճրագալոյցի թիւին մէջ (5 Յունուար) խմբագրական մը ձօնուեր է կրօնական-հոգեւոր այս տօնին։ «Վասն հոգեմտաւոր կեանքի վեհութեան»։ Ըստ խմբագրին՝ «երկնային լուսասփիւռ պատգամէն շուրջ երկհազարամեակ մը ետք Չարն ու Բարին կը շարունակեն իրենց անողոք պայքարը մարդուն ներսիդին։ Բարոյախօսութիւններն ու առաքինութիւններու տարփողումը յաճախ անզօր դուրս կու գան սանձելու անհատին մէջ մոլեգնող կիրքերը։ …Այս պատճառով է որ հետզհետէ կը ստուարանայ ամբոխը շողոքորթներուն, արծաթապաշտներուն, քծինքն ու հաճոյակատարութիւնը բնաւորութիւն դարձուցածներուն, որոնք իրենց անկուշտ շահատակութիւնը գոհացնելու համար եւ նոյնիսկ չնչին վարձատրութեան մը փոխան կը մերկանան արժանապատուութենէ, կ’ուրանան անձնայարգութեան զգացում եւ տարրական պարկեշտութիւն»։
Կարճ յօդուածով մը ծանօթացուեր է հայրենի գեղանկարչուհի Թամարա Սաթեանը։ Ան կ’ապրի եղեր Պաքուի մէջ, կը նկարէ մարդիկն ու բնութիւնը։ Կտաւներ նուիրած է եղեր նա՛եւ Ղարաբաղին, պատկերագծելով Ստեփանակերտը, Շուշիի լեռնափէշերն ու Ասկերանի հովիտն ու անտառները…։ Ինքնաբերաբար կը յուզուիս ու դա՛րձեալ հարց կու տաս, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կորսնցուցինք չքնաղ Արցախը՝ ամբողջ 30 տարի զայն մեր ափին մէջ պահելէ ետք…։ Միւս կողմէ, Սաթեան մականունը ինծի կը յուշէ երաժշտական բնագաւառի երկու հռչակաւոր անուններ՝ Արամ Սաթեան ու Աշոտ Սաթեան։ Նկարչուհին ազգական կապ ունէ՞ր արդեօք յիշեալ դէմքերուն հետ։
Բժշկագիտական յօդուած մը ստորագրեր է տոքթ. Եր. Սերոբեան։ Նիւթ՝ «Թոքատապը»։
«Կոմիտասի ծննդեան հարիւրամեակի տօնակատարութիւնը Դամասկոսի մէջ»։ Սուրիոյ մայրաքաղաքէն յղուած թղթակցութիւն մըն է այս, որ կը խօսի 21 Դեկտեմբերին սարքուած հանդիսութեան մը մասին։ Սոյն ձեռնարկը կազմակերպուեր է եղեր թեմին Ազգ. Քաղաքական ժողովին նախաձեռնութեամբ։ Նախ Մաշտոց քհնյ. Թիւֆէնքճեան ընթերցեր է Վազգէն Ա. հայրապետին կոնդակը՝ Կոմիտասի 100-ամեակին առթիւ, այնուհետեւ գործադրուեր է պատշաճ յայտագիր մը։ Ներկայացուեր է Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»–ը, ուր առիւծի բաժին ստանձներ են երկու համալսարանականներ՝ Յակոբ Միքայէլեան (Կոմիտասի դերով) եւ Գէորգ Թեմիզեան (Պարոյր Սեւակի տիպարով)։ Այս վերջինը նա՛եւ բանախօսեր է արաբերէնով։ Իսկ հայերէն բանախօսութիւնը կատարեր է Դամասկոսի Թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տարօն վրդ. Ճէրէճեան։ Կոմիտասեան դասական մեներգերով հանդէս եկեր են Լիբանանէն հրաւիրուած յայտնի երգիչներ Կարապետ Չատըրեան եւ Սօնա Ղազարեան։
Մնալով Սուրիոյ շրջանակին մէջ՝ «Արարատ» հարցազրոյց մը կատարեր է Հալէպի Կիլիկեան Ճեմարանի տնօրէն Ռուբէն Տիրարեանի հետ։ Տիրարեան ծանօթ դէմք էր գաղութին մէջ։ Ան նշեալ վարժարանի տնօրէնութիւնը վարեց երկա՜ր տարիներ՝ 1953-1981, պատրաստեց դպրոցին 75-ամեակի հաստափոր յուշամատեանը (1996), մահացաւ 2010-ին, ճիշդ 85 տարեկանին։ Թերթին տրուած հարցազրոյցին մէջ Տիրարեան նախ կը թուէ Կիլիկեան վարժարանի անցեալի պատմութեան գլխաւոր փուլերը, տեղեկութիւններ կու տայ անոր կրթական ձեռքբերումներուն մասին, ապա կ’անդրադառնայ Սուրիոյ Կրթական նախարարութեան թիւ 127 օրէնքին, որ հայկական դպրոցներու համար կը սահմանէ շաբաթական 3 պահ կրօն (մայրենի լեզուով) եւ 4 պահ հայոց լեզու ու գրականութիւն։ Ի դէպ, այդ օրէնքը ի զօրու է առ այսօր։
Անցնինք ծանուցումներուն։
Նախ ուշադրութիւն կը գրաւեն թատերական երկու ներկայացումներու ծանուցումներ։ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի Վահրամ Փափազեան թատերախումբը բեմ պիտի հանէ եղեր Մոլիէրի «Խաչագողը», Պերճ Ֆազլեանի բեմադրութեամբ (Յունուար 16-էն սկսեալ, Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի Կիւլպէնկեան սրահ), իսկ Համազգայինի Գասպար Իփէկեան թատերախումբը՝ ՐաՖՖիի «Ոսկի աքաղաղը», Ժորժ Սարգիսեանի բեմադրութեամբ (Յունուար 10-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի Յակոբ Տէր Մելքոնեան սրահ)։ Կը տեսնուի, որ թատերախումբերը զիրար կը խաչաձեւեն…։ Եւ այստեղ, նիւթին կ’արժէ առնչել թերթին «Գրական էջ»–ի (9 Յունուար) մէկ հարցարանը, որ ուղղուեր է սփիւռքահայ բեմադրիչ-դերասաններու եւ թատրոնի քննադատներու։ Հոն հարց տրուեր է, թէ ի՞նչ կարելիութիւններ կան հայ թատերգութեան հետագայ զարգացման համար։ Այս հարցումին, առաջին առիթով, արդէն պատասխաներ է լիբանանահայ բեմադրիչ Կայծակ Գնդունի։ Ըստ իրեն՝ «յոյսի ո՛չ մէկ նշոյլ կայ հայ սփիւռքի մէջ թատերգութեան հետագայ զարգացման համար»…։
Միեւնոյն «Գրական էջ»-ին մէջ թարգմանական գրականութեան օգուտներուն մասին տեսակէտ պարզեր է Ազատուհի Սիմոնեան, իսկ Պ. (ամենայն հաւանականութեամբ՝ Պէպօ Սիմոնեան) գրախօսեր է Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի Շահան Պէրպէրեանի ձօնած մենագրութիւնը եւ Ծառուկեանի «Նայիրի» շաբաթաթերթին Թումանեանի ու Կոմիտասի նուիրուած բացառիկ թիւը։
Անհատական ծանուցումներուն մէջ աչքի կը զարնէ տոքթ. Տիգրան Գավաֆեանի յայտարարութիւնը։ Ան ջղային հիւանդութեանց մասնագէտ է եղեր, Փարիզէն վկայեալ ու երբեմնի դասախօս տեղւոյն համալսարանին, հիմա հիւանդներ կ’ընդունի եղեր Մար Մխայէլի իր դարմանատունը (Նահր պողոտայ)։
Հ.Մ.Մ.-ի առնչուած լրատուութիւն մըն ալ կայ, որ կը վերաբերի Միութեան տարեկան ամանորեան ճաշկերոյթ-պարահանդէսին։ Ատիկա տեղի ունեցեր է Յունուար 3-ին, Պէյրութի Պօ Ռիվաժ պանդոկի սրահներուն մէջ։ «Թոմպոլա»-ի միջոցաւ նուէրներ ստացեր են ներկաներէն բախտաւորները, իսկ վիճակահանութեան գլխաւոր պարգեւը Պէյրութ-Երեւան երթուդարձի օդանաւային տոմս մըն է եղեր, տրամադրուած՝ «Աէրոֆլոթ»-ի կողմէ։
Բայց տարօրինակ թուեցաւ մեզի Հ.Մ.Մ.-ի կազմակերպած (իր սեփական սրահին մէջ) «Խաշի (փաչա) նախաճաշ»-ը, որուն ծանուցումը տրուած է թերթին 3 Յունուարի թիւով։ Թուական՝ 6 Յունուար 1970, առաւօտեան ժամը 6։30-9։30։
Ըլլալի՞ք բան է այս…։ Ծննդեան տօնի կանուխ առաւօտուն՝ փաչա՜…։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
(Հալէպ)