480 էջ հաշուող այս գիրքը կը սկսի խմբագրակազմի անդամ դոկտոր Արշալոյս Թօփալեանի մահագրականով: Անոր կը յաջորդէ հարցազրոյց մը հայ պատմագութեան մասին չորս հայ պատմաբաններու` Գայիանէ Մախմուրեանի, Վահրամ Շէմմասեանի, Խաչատուր Ստեփանեանի եւ Սիմոն Փայասլեանի հետ: Ստորեւ՝ այբբենական ցանկը գիրքին մէջ լոյս տեսած նիւթերուն.-
Եուրի Աւետիսեան, «Գոյականի առկայացման քերականական կարգը արդի հայերէնում. որոշեալութեան եւ անորոշութեան ենթակարգեր»
Արծուի Բախչինեան, «Հայ-սպանական մշակութային կապերու դրուագներ (ԺԹ. դար–1930-ականներ)»
Ռուբէն Գասպարեան, «Մահկանաբերդցի Սադուն Բ.ի աթաբէկ, ամիրսպասալար տիոտղոսներն ըստ վիմական սկզբնաղբիւրների»
Վաչագան Գրիգորեան, «Թադեւոս Տոնոյեան. աշխարհ, որ ընդլայնում է գոյութեան սահմանները (Ա.)»
Լիլիթ Զաքարեան, «Պետականաշինութեան հիմնախնդիրները ՀՀ գերագոյն խորհրդում 1990-1995-ին»
Արթօ Թաւուքչեան, «Սխալապատումներ հայկական գորգին առնչութեամբ եւ Շահսեւան գորգին առասպելը»
Մանէ Խառատեան, «Էջեր հայկական ռոքի պատմութիւնից. Մասն Ա. հայերը ռոքում»
Վարդան Մատթէոսեան, «Զապէլ Եսայեանին ուղղուած յայտնի եւ անյայտ նամակներ (1907-1908 եւ 1922-1927)»
Գագիկ Մարտոյեան, «Ցլի եւ Օձավիշապի աստղային եղանակային կոդերը հին հայոց աշխարհայեացքում»
«Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան վերականգնումը. 1924-ի յետեղեռնեան Ա. համաժողովը եւ ցանկը՝ 1924-2024 համաժողովներու»
Արմէն Միքայէլեան, «Օտար յատուկ անունների տառադարձութեան սկզբունքները (Մասն ԺԱ. – վրացերէն)»
Վիլէն Մնացականեան, «Հայաստանի Հանրապետութեասն եւ Ծոցի արաբական երկրների միջեւ տնտեսական կապեր. ռիսկեր ու հնարաւորութիւններ»
Տէր Րաֆֆի Յովհաննէսեան, «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա եկեղեցին անցնող 65 տարիներուն»
Վահրամ Շէմմասեան, «Մուսա Տաղի աւետարանական դպրոցները 1920-30-ականներուն»
Արթիւր Շէնեան, «Անդրանիկ Ծառուկեանի նամակները Նիկողոս Սարաֆեանին (1947-58)»
Վարուժան Պօղոսեան, «Մօրուս (Մարգար) Հասրաթեանի գիտական ելոյթները Բէյրութի Հայկազեան համալսարանում (1965-66)»
Յասիկ Սայադեան, «Megerian Carpet ընկերութեան քայլերը՝ հայկական գորգի վերածնունդին ուղղութեամբ»
Արփի Վարդումեան, «Յովհաննէս Թումանեանի ‘Անուշ’ պոեմը եւ Կոմիտասի համանուն անաւարտ օպերան»
Անդրանիկ Տագէսեան, «Ակնարկ հայկական արձանագրութեամբ, կամ հայապատկան կնիք կրող պղնձեայ դգալներու եւ պատառաքաղներու»
Գիրքը կ’ընդգրկէ նաեւ մահագրականները հայագիտութեան երախտաւորներ՝ Լեւոն Թորոսեանի, Նիքոլայ Յովհաննիսեանի, Լեւոն Քեչէեանի եւ Յարութիւն Քիւրքճեանի, նաեւ՝ մամլոյ հաղորդագրութիւնը Հայկազեան հայագիտական հանդէսի ԽԳ. հատորի զոյգ գիրքերու Պէյրութի եւ Երեւանի շնորհահանդէսներուն, համառօտ կենսագրութիւնը գիրքին աշխատակիցներուն եւ «Յիշատակարան» մը:
Գիրքը կարելի է ներբեռնել.-
ՀՀ ԳԱԱ գրադարանի ու ՀՀ Ազգային Գրադարանի կայքէջերէն