Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՄԱՍԻՍ» ԿԸ ԹԵՒԱԿՈԽԷ 45-ՐԴ ՏԱՐԻՆ

January 13, 2025
in Յօդուածներ
0
«ՄԱՍԻՍ» ԿԸ ԹԵՒԱԿՈԽԷ 45-ՐԴ ՏԱՐԻՆ

 

 

Հայ մամուլը հիմնական դեր ունեցած է մեր պատմութեան արձանագրումին ու կերտումի՛ն մէջ: Այսօր, հայ մամուլն է որ իր տպագիր, լսատեսողական եւ համացանցային տարբեր գործիքներով հայ մարդը հաղորդ կը պահէ զինք շրջապատող աշխարհի իրադարձութեանց. աւելի՛ն, հայ մամուլը գլխաւոր կամուրջն է հայուն ու անոր հաւաքական կեանքին, Հայրենիքին ու Սփիւռքին միջեւ։ Հայ մամուլը իր ծառայութիւնը կը դնէ ի սպաս հայ ժողովուր-դին, դառնալով անքակտելի մէկ մասնիկը մեր կեանքին:

Այս հիմնունքներով է որ 45 տարիէ լոյսին կու գայ «Մասիս» շաբաթաթերթը, որպէս ԱՄՆ-ի մէջ ՍԴՀԿ-ի օրկան, Միացեալ Նահանգներու հեռաւոր ափերուն վրայ ապրող հայերը հաղորդակից դարձնելով ազգային եւ գաղութային իրադարձութիւններուն եւ աշխարհասփիւռ հայերը յուզող հարցերուն: Ան, սակայն, իր համացանցային տարբերակով կ’անցնի ԱՄՆ-ի սահմանները ու կը հասնի աշխարհի չորս ծագերուն մէջ ապրող հայորդիներուն:

Այս առթիւ, որպէս գաղափարակից մամուլ, «Արարատ» ջերմապէս կը շնորհաւորէ «Մասիս»ի խմբագրութիւնը, տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը, մաղթելով անոնց՝ հայ մամուլի անդաստանին մէջ ծառայութեան երկար եւ բեղմնաւոր տարիներ:

 

***

 

Իր այս թիւով «Մասիս» շաբաթաթերթը կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 45-րդ տարին, որոնց ընթացքին ան մնաց հաւատարիմ իր սկզբունքներուն եւ առաքելութեան: Որպէս պաշտօնաթերթ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, «Մասիս» եղաւ բանբերը Կուսակցութեան քաղաքական ուղղութեան ու առանց վարանելու պաշտպանեց այդ դիրքորոշումները մեր հայրենական ու սփիւռքեան կեանքէն ներս:

Շատ յաճախ կը լսենք այն խօսքերը, թէ «Մասիս» տեսակէտ ունեցող թերթ է: Մենք հպարտ ենք անոր համար: Որեւէ մամուլ, որ չունի քաջութիւնը՝ կանոնաւոր կերպով իր խօսքը փոխանցելու՝ գնահատանքի եւ կամ քննադատութեան արժանանալու, դատապարտուած է մոռացութեան:

«Մեր Անկիւնէն» սիւնակով մենք ամէնէն աւելի կը կեդրոնանանք Հայաստանի վրայ, քանի որ  «Մասիսի» եւ առհասարակ սփիւռքահայ մամուլի գոյութիւնը պայմանաւորուած է Հայրենիքէն ներս ու անոր շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով:

Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան տարիներուն ՍԴՀԿ ընդդիմադիր դիրքերու վրայ էր ու կը քննադատէինք այդ օրերուն գոյութիւն ունեցող յոռի բարքերը, սակայն այդ բոլորը կը կատարէինք առանց ատելութեան խօսքի կամ վիրաւորանքի: Անոնք մեր քաղաքական հակառակորդներն էին, սակայն ոչ՝ թշնամիները:

Վերջին տարիներուն մենք կը զօրակցինք Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն ու վեր կ՛առնենք անոնց վարած ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան դրական կողմերը, դարձեալ առանց չափազանցութիւններու մէջ մտնելու:

Ըլլալով հանդերձ կուսակցական, յանձնառու հրատարակութիւն մը՝ «Մասիս» իր էջերը լայն բացաւ տարբեր հակումներ կամ քաղաքական պատկանելութիւն ունեցող մտաւորականներու առջեւ, որպէսզի անոնք կարողանան ազատօրէն հաղորդակցիլ իրենց ընթերցողներուն հետ:

Այս տարիներու ընթացքին «Մասիս» նաեւ քայլ պահեց գիտական նորութիւններու հետ ու 1994-ին դարձաւ առաջին հայատառ թերթը համացանցի վրայ: Որուն հետեւեցաւ «MassisPost» անգլերէն կայքէջը, որ մնայուն թարմացումներով գրաւեց հայ եւ ոչ-հայ ընթերցողներու ուշադրութիւնը:

Ներկայիս սփիւռքահայ մամուլը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ դժուարութիւններ: Սակայն, այդ յատուկ չէ միայն հայկական թերթերուն: Թուայնացման ու արհեստական բանականութեան այս ժամանակաշրջանին տպագիր թերթերու ապագան հարցականի տակ է աշխարհի գրեթէ բոլոր կողմերուն: Հայատառ բազմաթիւ թերթեր, որոնցմէ շատեր աւելի երէց՝ քան «Մասիսը», ի գին բազում զոհողութիւններու, կը շարունակեն մուտք գործել հայերու տունէն ներս ու մենք ուրախ ենք, որ  անոնց շարքին ենք՝ 45 տարիներէ ի վեր:

«Մասիս»-ի հրատարակութեան այս տարեդարձին առթիւ ուզեցինք այս կարճ խորհրդածութիւնները յանձնել թուղթին, յուսալով, որ յաջորդ տասնամեակներուն եւս, հաւատարիմ մնալով նոյն ուղեգիծին, կը շարունակենք մեր առաքելութիւնը՝ լոսանճելըսահայ համայնքէն ներս:

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ

«ՄԱՍԻՍ»

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Next Post

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԻ 44-ՐԴ ՀԱՏՈՐԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԳԻՐՔԸ

Next Post
ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԻ 44-ՐԴ ՀԱՏՈՐԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԳԻՐՔԸ

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԻ 44-ՐԴ ՀԱՏՈՐԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԳԻՐՔԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.