Ամերիկեան արեւմտեան հայաշատ Գալիֆորնիա նահանգին մէջ երէկ կը շարունակուէր հրդեհներու մոլեգնումը, թէեւ հրշէջները բուռն պայքար կը մղէին մարելու բոցերը, որոնք ծանր վնաս պատճառեցին քաղաքցիներուն: Տեղական իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ նախնական տուեալներով հրկիզուած են աւելի քան 10 հազար բնակարան եւ հարիւրաւոր այլ կառոյցներ, մահացած է առնուազն 10 մարդ, իսկ աւելի քան 180 հազար բնակիչ ստացած են իրենց տուներէն հեռանալու հրահանգ: Նախնական տուեալներով, հրդեհին հետեւանքով ծանր վնասներ կրած է նաեւ հայկական հնագոյն վարժարաններէն Սահակ Մեսրոպը: