Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԿՐԹՈԻԹԵԱՆ ՉԵՂԱՐԿՈՒՄ

January 13, 2025
in Միջազգային
0
  ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԿՐԹՈԻԹԵԱՆ ՉԵՂԱՐԿՈՒՄ

 

Սուրիոյ նոր իշխանութեան հրամանատար Ահմատ Շարաա  ընդունեց Իտալիոյ արտաքին գործերու նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը, ներկայութեամբ սուրիացի նախարար Ասաատ Շիպանիին: Զրուցակիցները արծարծեցին Սուրիոյ նոր իրավիճակը, Դամասկոս-Հռոմ յարաբերութիւնները, տարածաշրջանային խնդիրները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ նկատմամբ սահմանուած միջազգային պատժամիջոցներուն խնդիրը: Իտալացի նախարարը եւս կարեւորեց պատժամիջոցներուն չեղարկումը, որպէսզի իշխանութիւնները կարենան վերականգնել երկիրը: Սուրիոյ արտաքին գործերու նախարարը յանձնառութիւն յայտնեց Սուրիոյ բոլոր յարանուանութիւններուն իրաւունքները յարգելու որոշումին, աւելցնելով թէ շուտով պիտի գումարուի ազգային համագումար մը՝ մէկտեղելով սուրիական հաւաքականութեան բոլոր խմբաւորումները, միաժամանակ շեշտելով սուրիացիներուն նկատմամբ յանցանքներ գործողները խիստ պատժելու անհրաժեշտութիւնը:

Նոր իշխանութիւններուն որոշումով իրականացուող արմատական փոփոխութիւններու ծիրին մէջ, Կրթութեան նախարարութիւնը որոշեց չեղարկել քաղաքացիական կրթութեան դասանիւթը, անոր յատկացուած նիշերը հաւասարապէս բաժնելով պատմութեան եւ աշխարհագրութեան դասանիւթերուն միջեւ: Իսկ Դամասկոսի կառավարիչը խոստացաւ բացայայտել ու պատժել մայրաքաղաքի գլխաւոր Ումաուի մզկիթին մէջ տեղի ունեցած մահացու հրմշտուքին պատասխանատուները:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԱՀԱՒՈՐ ՀՐԴԵՀՆԵՐ ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՄԷՋ

Next Post

ՄԻՔԱԹԻ ԴԷՊԻ ՍՈՒՐԻԱ՞

Next Post

ՄԻՔԱԹԻ ԴԷՊԻ ՍՈՒՐԻԱ՞

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.