Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵԼՈՒ ՓՈՐՁ

January 13, 2025
in Լիբանանեան
0

 

 

Ամերիկեան Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ դիւանագիտական խողովակներով աշխատանք կը տարուի՝ երկարաձգելու Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ կնքուած 60-օրեայ զինադադարը: Իսկ «Ֆրանս փրէս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ զինադադարի համաձայնութեան գործադրութիւնը մտած է այնպիսի նոր փուլ մը, որ հնարաւորութիւն կու տայ իսրայէլեան ուժերու եւ Հըզպալլայի նահանջին, որպէսզի լիբանանեան բանակը տեղակայուի հարաւային գօտիին վրայ: Յիշեցնենք, որ Նոյեմբերի աւարտին վերջապէս համաձայնութիւն գոյացած էր դադրեցնելու Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ առճակատումը, այն պայմանով, որ 60 օրուան ընթացքին իսրայէլեան բանակը քաշուի լիբանանեան բռնագրաւեալ հողերէն, իսկ Հըզպալլա իր զինամթերքով եւ ուժերով նահանջէ Լիթանի գետէն հիւսիս, հնարաւորութիւն տալով ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւի գործադրութեան: Այսուհանդերձ, իսրայէլեան ուժերը տակաւին կը գտնուին հարաւային Լիբանանի մէջ, կը կատարեն պայթումներ եւ հրաձգութիւն, Հըզպալլան ամբաստանելով հարաւէն չնահանջելու մէջ: Հինգ մարդ մահացաւ եւ չորս հոգի վիրաւորուեցաւ երէկ, երբ իսրայէլեան օդուժը ինքնաշարժ մը թիրախաւորեց սահմանային Թէյրտըպպա գիւղին մէջ, պնդելով որ Հըզպալլայի անդամներ կը փոխադէին զէնք ու զինամթերք: Հակառակորդը ապա պայթումներ իրականացուց Եարունի, Քֆարքիլայի, Այթա Շաապի եւ Մէյս էլ-Ռապալի մէջ:

Լիբանանեան բանակը իր կարգին կը շարունակէ իր տեղակայումը հարաւի մէջ ու երէկ մօտեցաւ սահմանամերձ Այթա Շաապ, Ռամիյէ եւ Քաուզահ գիւղերուն, որոնք պատերազմի օրերուն գրեթէ ամբողջութեամբ կործանուած էին իսրայէլեան հարուածներուն տակ: Լիբանանցի զինուորները իրենք զրահապատ մեքենաներով մուտք գործեցին Այթարուն՝ վերաբանալու համար շէնքերու բեկորներով փակուած ճամբաները: Քաղաքացիական անվտանգութիւնն ալ նշեց, թէ հինգ զոհի մարմին յայտնաբերած է Խիամ քաղաքի կործանուած շրջաններէն:

Share62Tweet39
Previous Post

  ԱՐՏԵՐԿՐԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ

Next Post

ԱՀԱՒՈՐ ՀՐԴԵՀՆԵՐ ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՄԷՋ

Next Post

ԱՀԱՒՈՐ ՀՐԴԵՀՆԵՐ ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.