Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ԱՐՏԵՐԿՐԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ

January 13, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
  ԱՐՏԵՐԿՐԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ

 

Կիպրոսի նախագահը արտերկրացի առաջին բարձրաստիճան պաշտօնատարն էր, որ երէկ ժամանեց Պէյրութ եւ շնորհաւորեց նախագահ Աունի ընտրութիւնը: Պաապտայի պալատին մէջ իր կիպրացի պաշտօնակիցին հետ տեսակցութեան ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց հարաւի բռնագրաւեալ շրջաններէն իսրայէլեան ուժերու ամբողջական նահանջին կարեւորութիւնը: Աւելի ուշ Պաապտայի պալատ այցելեց նաեւ Իտալիոյ արտաքին գործերու նախարարը ու յայտնեց, թէ նոր նախագահի ընտրութիւնը Լիբանանի կայունութեան երաշխիքն է, կոչ ուղղելով ամրապնդելու զինադադարի համաձայնութիւնը: Իտալիոյ արտաքին գործերու նախարարը Աունին տեսակցելէ ետք նոր նախագահի ընտրութիւնը համարեց Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ կարեւոր իրագործում մը, համոզում յայտնելով, որ Աունի իշխանութեան օրերուն Լիբանան պիտի յաջողի խաղալ իր արժանի դերը: Նախարարը Հռոմի աջակցութիւնը յայտնեց նոր նախագահին ու Պէյրութին, խոստանալով կարեւոր դեր խաղալ նաեւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի մէջ: Իսկ վարչապետ Ճորճիա Մելոնի վստահեցուց, որ «Աուն պիտի յաջողի անվտանգ իշխել Իտալիոյ գործընկեր եւ բարեկամ համարուող Լիբանանի մէջ»: Իրանի նախագահը շնորհաւորեց Աունը եւ նշեց, որ կայունութեամբ ու միասնականութեամբ կարելի պիտի ըլլայ տապալել իսրայէլեան դաւերը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր երկրին մնայուն աջակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին, խոստանալով զանազան ոլորտներու մէջ կանգնիլ նախագահ Աունի կողքին: Նախագահին ընտրութիւնը ողջունեցին եւ շնորհաւորեցին նաեւ Յորդանանի, Եգիպտոսի, Ֆրանսայի, Քաթարի, Էմիրութիւններու, Սէուտական Արաբիոյ եւ բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարները: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձին մէջ շեշտեց, թէ Հայաստան յանձնառու կը մնայ Լիբանանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններուն, խոստանալով շարունակաբար աշխատանք տանիլ Լիբանանի կայունութեան պահպանումին մէջ՝ մանաւանդ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խողովակով: Աունին ընտրութիւնը մեկնաբանեց նոյնիսկ Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարարը: Ան մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահի ընտրութիւնը իրականացնէ կայունութիւն: Իսկ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ շնորհաւորեց Աունը եւ կոչ ուղղեց արագօրէն կազմելու նոր կառավարութիւնը: Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը իր կարգին շեշտեց, թէ Աունի իշխանութիւնը պիտի արժեւորէ իր կատարելիք գործերուն ընդմէջէն:

Share62Tweet39
Previous Post

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵԼՈՒ ՓՈՐՁ

Next Post

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵԼՈՒ ՓՈՐՁ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.