Նախագահ Ժոզէֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ տեսակցեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ եւ պահանջեց, որ ան շարունակէ վարչապետի պարտականութիւններուն տնօրինումը, մինչեւ նոր վարչապետի նշանակումն ու կառավարութեան կազմութիւնը: Նախագահը Պաապտայի մէջ ընդունեց նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ Միշէլ Աունը: Վերջինս յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր նախագահին: Լիբանանեան մեկնաբանութիւններուն շարքին, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յստակ եւ բացառիկ որակեց նախագահ Աունի առաջին ուղերձը, միաժամանակ դրուատելով նախագահի ընտրութեան մէջ սէուտական եւ միջազգային հնգեակին դերը: Իսկ Ազգային ազատ հոսանքի նախագահ Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իրենք դրական կը վերաբերին Աունի նախագահութեան հետ եւ կը յարգեն անոր աշխատանքը, սակայն պատրաստ են ընդդիմանալ թերութիւններուն, զանոնք սրբագրելու նպատակով: