– Հայաստանի ժողովրդական արուեստագիտուհի, երգչուհի Օֆելիա Համբարձումեան ծնած է 9 Յունուար 1925-ին, Երեւանի մէջ։
– Իր ձայնի իւրայատկութեան առաջին նկատողներէն եւ խորհրդատուն եղած է պիոներ-դպրոցականներու պալատի ժողովրդական գործիքներու անսամպլի ղեկավար՝ Միքայէլ Չաղալեանը։
– 1941-ին կ’աւարտէ Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանը եւ անմիջապէս կը հրաւիրուի ռատիոյի ժողովրդական նուագարաններու անսամպլ, հանդէս գալով Արամ Մերանկիւլեանի գլխաւորած խումբին մէջ, կատարելով հայ աշուղական եւ ժողովրդական երգեր:
– 1944-էն սկսեալ կը դառնայ հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի ժողովրդական գործիքներու անսամպլի մեներգչուհի։
– Օֆելիա Համբարձումեանի երգացանկը կ’ընդգրկէր հիմնականին մէջ հայ ժողովրդական, գուսանական եւ աշուղական, երբեմն նաեւ՝ երգահանական երգեր, ուր առաջնային տեղ կը գրաւէին Սայաթ-Նովայի ստեղծագործութիւնները՝ «Ես կանչում եմ Լալային», «Չկա քիզի նման» եւ այլն։ Երգացանկը կը շարունակուէր աշուղներ Ֆարհատի, Միսկին Պուրճիի, Ճիվանի, Շերամի, Հաւասի, Աշոտի եւ Շահէնի ստեղծագործություններով:
– Իր անզուգական կատարումները բոլոր երգիչ-երգչուհիներուն ուղեցոյցը կ’ըլլային։ Աշուղ Աշոտի խոստովանութեամբ, «Օճախում», «Դու ծաղկավառ Զանգեզուրի» եւ շարք մը այլ երգեր յօրինած է յատկապէս Օֆելիա Համբարձումեանի համար։ Գուսան Շահէնը նոյնպէս իր «Էլինար» բանաստեղծութիւնը գրած է Օֆելիային համար՝ ամէն ինչ կառուցելով երգչուհիին ձայնական իւրայատկութիւններուն վրայ։
– Համերգներով հանդէս եկած է արտասահմանեան հայաբնակ երկիրներու մէջ՝ Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս, Ֆրանսա, Ա.Մ.Ն.։
– Ստացած է «Հ.Խ.Ս.Հ. Ժողովրդական Արուեստագէտտ»ի, «Աշխատանքային Կարմիր Դրօշի», «Պատուոյ Նշան» եւ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի» շքանշանները։
– Մահացած է 2016 թուականի Յունիս 13-ին, 91 տարեկան ալեհեր հասակին։ Թաղուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ։