– 1400-ական թուականներու աւարտին հին Ջուղայ հաստատուած Նազարեան գերդաստանի, հին Ջուղայի արքունի գանձապետ Իշխան Մանուկ Նազարի 3-րդ սերունդի ներկայացուցիչ Աղազար Լազարեան (Նազարեան) ծնած է 1700 թուականին Սպահանի մէջ:
– ԻնչպԷս իր հայրը՝ Նազար (Նազարէթ) ու մեծ հայրը՝ Մանուկ, Աղազարը նոյնպէս դարձած է շատ հարուստ եւ յայտնի վաճառական։ Ան ըլլալով Նոր Ջուղայի կառավարիչը իր Յարութիւն եւ Մանուկ եղբայրներուն հետ 1741-ին կը հիմնէ ընկերութիւն մը եւ կը սկսի առեւտուր ընել դրացի երկիրներուն եւ յատկապէս Ռուսաստանի հետ։
– Պարսիկ Նատիր Շահի օրով, հայերու նկատմամբ բռնութիւնները կը սրուին, Ճուլֆայի բնակիչները կը մնան ծանր տուրքեր եւ տուգանքներ վճարելու հարկադրանքին տակ:
– Լազարեանները (Նազարեան) երկու դարէ աւելի Պարսկաստանի մէջ ապրելէ ետք կը որոշեն հեռանալ անկէ: 1743 թուականին Աղազար Լազարեան իր ընտանիքով կը տեղափոխուի Ռուսաստան, նախ՝ Աստրախան, եւ ապա՝ 1749-ին՝ Մոսկուա:
– Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ Աղազար Լազարեան կը գնէ կալուածներ, գործարաններ, աղի հանքեր, յատկապէս Ֆրիւյանովի մետաքսի գործարանը եւ կ’ընդարձակէ զայն: Կարճ ժամանակի ընթացքին Աղազար Լազարեան կը դառնայ Ռուսաստանի ամենանշանաւոր արդիւնաբերողներէն մին։ Աղազար Լազարեանը 1779 թուականին Մոսկուայի մէջ կառուցած է հայոց Սուրբ Խաչ եկեղեցին:
– Ունեցած է չորս որդի՝ Յովհաննէս (Փառաւոր), Մինաս, Խաչատուր եւ Յովակիմ։
– 1774 թուականի Մայիս 20-ին, Ռուսաստանի կայսրուհի Եկատերինա Բ.-ը, ի նշան պետութեան մատուցած ծառայութեան, գերագոյն հրամանով ռուս ժառանգական ազնուականներու տիտղոսը շնորհած է Աղազար Լազարեանին:
– Մեծ եղած է Լազարեաններու (Նազարեան) դերը Նոր Ջուղայի հայոց կեանքին մէջ: Լազարեանները մեծ ներդրում ունեցած են նաեւ հայ-ռուսական բարեկամական կապերու ամրապնդման եւ հայ մշակոյթի եւ լուսաւորութեան զարգացման գործին մէջ։ Անոնք մեծ դեր կատարած են նաեւ պարսկահայերու գաղթի կազմակերպման եւ իրագործման գործին մէջ, նպաստելով Արեւելեան Հայաստանը ազգահաւաքման կեդրոն դարձնելուն։ Չմոռնանք անոնց օգտաշատ գործը հայ մշակոյթի եւ լուսաւորութեան զարգացման մէջ։ 1815-ին հիմնած են Լազարեան ճեմարանը, այնուհետեւ ճեմարանին առընթեր տպարանը՝ 1829-ին։ Ճեմարանին կից գործած է նաեւ թատրոն։ Լազարեաններու ուժերով հիմնուած է Մոսկուայի Հայկական Վականքովսկոյէ գերեզմանատունը, ուր 1808–1815 թուականներուն կառուցուած է Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին։