Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՈՒՆԻՆ ՅԱՋՈՐԴԸ ԱՈ՞ՒՆՆ Է

January 10, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԱՈՒՆԻՆ ՅԱՋՈՐԴԸ ԱՈ՞ՒՆՆ Է

 

Հանրապետութեան նախկին նախագահ Միշէլ Աունի պաշտօնավարութեան աւարտով Պաապտա պալատի երկամեայ դատարկութենէն եւ հանրապետութեան նոր նախագահի ըտնրութեան նիստերու երկարատեւ խափանումէ ետք, լիբանանցիներուն եւ Լիբանանով հետաքրքրուած արտաքին ուժերուն հայեացքները այսօր կ’ուղղուին կեդրոնական Պէյրութի Նըժմէ հրապարակ, ուր սկզբունքով տեղի պիտի ունենայ նախագահի ընտրութեան խորհրդարանական լիագումար նիստ՝ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով: Այսուհանդերձ, մինչեւ արեւածագի առաջին ժամերը տակաւին չէր վերջնականացած թէ՛ նիստի գումարումին, թէ՛ ընտրական հոլովոյթին ճակատագիրը, նկատի առնելով նախագահի ինքնութեան շուրջ նախօրօք համաձայնութիւն գոյացնելու լիբանանեան սովորութիւնը եւ խորհրդարանի նախագահին պնդումը: Երէկ գիշերուայ դրութեամբ, բոլոր նշանները ցոյց կու տային, թէ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ժոզէֆ Աուն կը վայելէ նախագահ դառնալու մեծագոյն հնարաւորութիւնը, թէեւ անոր ընտրութիւնը պայմանաւորուած է սահմանադրական որոշ պատշաճեցումով: Իր վայելած տեղական աջակցութեան կողքին, Աունի ընտրանքով հետաքրքրուած կ’երեւին մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ նման միջազգային ուժեր, որոնք միշտ մօտէն առնչուած են լիբանանեան քաղաքական զարգացումներուն: Խորհրդարանի ընտրական նիստին մասնակցելու եւ նախագահի ընտրութիւնը յաջողցնելու նպատակով, Լիբանան ժամանած են Ֆրանսայի նախագահական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանը, ամերիկացի բանացնաց Ամուս Հոքշթայնը եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ լիբանանեան թղթածրարի պատասխանատու Եազիտ պըն Ֆարհան իշխանը: Նշեալ երեք անձնաւորութիւնները անցնող երեք օրերուն տեսակցութիւններ ունեցան լիբանանեան բարձրաստիճան բոլոր պաշտօնատարներուն եւ քաղաքական գլխաւոր ուժերուն հետ՝ քննարկելու նախագահի ընտրութեան հարցը եւ Լիբանանին աջակցելու հնարաւորութիւնները:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ նախագահի պաշտօնը թափուր մնալէն ետք առաջին անգամ ըլլալով ուրախ է, այն յոյսով, որ այսօր կ’ընտրուի նոր նախագահը: Զօրավար Աունի ընտրութիւնը հարթելու կարեւոր քայլերէն էր Մարատա հոսանքի նախագահ Սլէյման Ֆրանժիէի թեկնածութեան յետս կոչումը եւ Աունին աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ մէկ այլ թեկնածու՝ Զիատ Պարուտի ընտրապայքարէն հրաժարիլը: Զօրավար Ժոզէֆ Աունին իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը, «Ազգային չափաւորականութեան պլոք»-ը, «Փոփոխութեան պլոք»-ի շարք մը անդամներ, Ժողովրդավարական հանդիպումը, «Ազգային համախոհութեան համախմբում»-ը, ինչպէս նաեւ անկախ երեսփոխաններ: Իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժա շեշտեց, թէ իրենք պիտի աջակցին Աունին, եթէ Հըզպալլա եւս կայացնէ նոյն որոշումը:

Share62Tweet39
Previous Post

ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՐ, ՓՈՔՐԻԿ ՀՕՏ

Next Post

 ՀԸԶՊԱԼԼԱ ՊԻՏԻ ՉԽՈՉԸՆԴՈՏԷ

Next Post

 ՀԸԶՊԱԼԼԱ ՊԻՏԻ ՉԽՈՉԸՆԴՈՏԷ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.