Մինչ հաւատացեալներս Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան աւետիսի տօնը կը նշենք, կը շարունակենք ականատես ըլլալ համատարած ոճիրներու, պատերազմներու, անարդարութեանց, զրկանքներու, տեղահանութեան, քաղաքական ու տնտեսական սպառնալիքներու եւ անորոշութեան հոսանքներու, Արցախի հողէն հասնելով մինչեւ Միջին Արեւելքի երկիրներ եւ շատ անդին: Կան յուսադրիչ զարգացումներ հոս ու հոն, սակայն ծանրակշիռը վախազդու երեւոյթներն են, որոնց առջեւ ընկերութիւններ, նաեւ եկեղեցական համայնքներ կը բռնեն նահանջի կամ զգուշաւորութեան ճամբան:
Մարդկութեան անձկութեան ու վախերուն դիմաց, կը հասնի բոլորին Տէր Յիսուսի շնորհքն ու սրտապնդիչ խօսքը.
«Մի՛ վախնար, փոքրիկ հօտ, որովհետեւ ձեր Հայրը հաճեցաւ տալ ձեզի արքայութիւնը:» Ղուկասու 12.3
«Մի՛ վախնար»ի պատգամը պարզապէս հոգեբանական հանդարտութիւն տալը չէ մեզի: Իսկ «փոքրիկ հօտ» կոչուիլը եկեղեցւոյ նօսրացող թիւերուն մասին չէ բնաւ: Յիսուսի ծնունդով կը ծնի մեր վերջնական փրկութիւնը: Մեր խրախոյսը՝ անցեալը, ներկան եւ ապագան հաստատող Ամենակարող Աստուծոյ փրկող ներկայութիւնն է մեր կեանքերուն մէջ, եթէ մօտենանք մեր գոյութեան անկեղծ հաւատքով: Իսկ «փոքրիկ հօտ» ըլլալու երեւոյթը թիւերու եւ տնտեսութիւններու նկարագրութիւն չէ միայն, այլեւ Աստուծոյ մօտիկութիւնն է, անմիջականութիւնն է, մտերմութիւնն է իր աշակերտներուն, եկեղեցիին հետ: Եկեղեցիին մտերիմը Տէրն է, Եկեղեցւոյ գլուխը որուն յաւիտենական իշխանութիւնը աշխարհի իշխանութիւններէն ու պայմաններէն կախեալ չէ:
Հովիւներու Հովուապետ Քրիստոս կ’ամրապնդէ հովիւներն ու հօտը իրենց քաջ հաւատքին ու բարերար ընթացքին մէջ: Ուստի հանգստանանք Անոր ներկայութեան մէջ: Ոչ ոք, եւ ոչ մէկ զարգացում պիտի կարենայ բաժնել մեզ Քրիստոսի ողորմութենէն ու սէրէն: Ոչ մէկ սպառնալիք պիտի խլէ մեզմէ Տէրունական ընկերակցութիւնն ու Սուրբ Հոգիի սփոփանքը:
Քրիստոսի Ծնունդը Աստուծոյ մարդեղութիւնը յեղաշրջող իրականութիւնն է մեղքով ստեղծուած հեռաւորութենէն մարդեղացած Արարիչէն: Անոր ծնունդով կը բացուի փրկութեան ելքը մեզ պաշարող մեղքի տիղմէն:
«Եւ հրեշտակը ըսաւ անոնց. մի՛ վախնաք, որովհետեւ ահաւասիկ ձեզի կ’աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, որ ամբողջ ժողովուրդին պիտի ըլլայ, վասն զի այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ Փրկիչ մը ծնաւ ձեզի, որ օծեալ Տէր է:» Ղուկասու 2.10
Ուստի սրտանց ընդունինք Յաւերժականին շնորհալի պատասխանը մարդկային ժամանակաւորին:
Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, եկէք վերահաստատուինք մեր քրիստոնէական կոչումին մէջ եւ որպէս անհատներ եւ ժողովուրդ, նորոգուած հոգիով ու մտքով, քաջութեամբ եւ ուրախութեամբ շարունակենք մեր կեանքի ասպարէզը:
ԱՄԷՆ:
ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՓՕԼ ՀԱՅՏՕՍԹԵԱՆ
ՄԱՀԱԵՄ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՏԵՂԱՊԱՀ
Յունուար 2025