Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

January 4, 2025
in Հայաստան
0
ԻՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

 

Նոր տարուայ առիթով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղերձ յղեց ժողովուրդին, որուն մէջ յայտնեց, թէ պատմական իրադարձութեամբ, իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը ժողովուրդին առջեւ է եւ կ’առաջարկէ այլ դիտարկումէ նայիլ Հայրենիքին, տարածաշրջանին ու աշխարհին: «Իրական Հայաստանը խաղաղութեան օրակարգին հիմնաւորումն է եւ կարելի չէ խաղաղութեան հասնիլ, առանց իրական Հայասատանի գաղափարախօսութեան», ըսաւ վարչապետը: Ան պատմական կարեւոր իրադարձութիւն եւ անկախութեան, անվտանգութեան ու բարեկեցութեան կարեւոր անկիւնաքար համարեց սահմանազատումի հոլովոյթին սկիզբը, վստահութիւն յայտնելով, թէ մնացեալ բոլոր խնդիրները եւս պիտի ստանան իրենց խորքային լուծումը: Փաշինեան 2024 թուականը համարեց նաեւ վերջին քսան տարուայ ամէնէն խաղաղ եւ հանգիստ տարին, կոչ ուղղելով խորութեամբ վերլուծելու այդ իրականութիւնը:

Հայաստանի վարչապետը 3 Յունուարին ժողովուրդը շնորհաւորեց նաեւ 2025 թուականի աշխատանքային առաջին օրուայ առիթով: «Աշխատող, արդիւնք տուող, օրէնքով սահմանուած տուրքերը վճարող քաղաքացին Հայաստանի թիւ մէկ հերոսն է», գրեց վարչապետը համացանցի ընկերային հաղորդակցութեան հարթակներուն վրայ:

Իսկ Ամանորի գիշերը, Մայր տաճարին, ապա Սուրբ Տրդատ բաց խորանին մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ նռնօրհնէք, հանդիսապետութեամբ Վեհափառ Հայրապետին: Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Ամանորի առթիւ ընդունեց նաեւ արցախցի երիտասարդ ընտանիքները: Ան հաւաստիացուց, թէ Հայ եկեղեցին միշտ իրենց կողքին պիտի մնայ:

Կիրակի, 5 Յունուարին պիտի մատուցուի Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագը: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այդ պատարագը պիտի մատուցէ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանես եպս. Աբրահամեանը: Իսկ «Սրբազան պայքար» ընդդիմադիր շարժումի ղեկավար Բագրատ արք. Գալստանեան Ամանորին այցելեց Եռաբլուր, ուրկէ յայտարարեց, թէ ուխտով գացած է այնտեղ՝ «ազատագրելու մեր երկիրը եւ վերացնելու չարիքը մեր կեանքէն»

Իսկ 2 Յունուարին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակը՝ փոխանցելու Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին շնորհաւորական նամակը: Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան գլխաւոր նիւթերը՝ ներառեալ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան թղթածրարը:

Share66Tweet41
Previous Post

ԽՈՒՃԱՊ ԵՄԷՆԻ ՀՐԹԻՌՆԵՐԷՆ

Next Post

«Ի՜ՆՉՔԱՆ ՄԵԾ ԵՆ ԳՈՐԾԵՐԴ, ՏԷ՜Ր, Ի՜ՆՉՔԱՆ ԽՈՐՈՒՆԿ ԵՆ ՔՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԴ»

Next Post
«Ի՜ՆՉՔԱՆ ՄԵԾ ԵՆ ԳՈՐԾԵՐԴ, ՏԷ՜Ր,  Ի՜ՆՉՔԱՆ ԽՈՐՈՒՆԿ ԵՆ ՔՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԴ»

«Ի՜ՆՉՔԱՆ ՄԵԾ ԵՆ ԳՈՐԾԵՐԴ, ՏԷ՜Ր, Ի՜ՆՉՔԱՆ ԽՈՐՈՒՆԿ ԵՆ ՔՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԴ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.