¥Սաղմոս 92:5 ¤։
Աշխարհէն ներս Աստուծոյ մեծահրաշ յայտնութեան յիշատակն է այսօր։
Այս առթիւ, Աւետարանին պատգամը մեզի փոխանցելով, մեր Եկեղեցին մեզի կը յիշեցնէ, թէ Աստուած, աւելի հասկնալի ըլլալու համար, այսօր աշխարհ կ’իջնէ, որպէսզի իր աստուածային փառքին վերադարձնէ մարդը։
Հետեւեբար, գէթ այսօր, պէտք է ուժգնօրէն զգանք, թէ տօնական առիթները միայն կերուխումի համար չեն, այլ հաստատուած են բարձունքներուն սեւեռելու համար մեր հայեացքը ու մեր կեանքն ու շրջապատը ուղղելու դէպի առաքինութիւններ։ Առանց այդ գիտակցութեան, կեանքէն ներս իր գոյութեան նպատակն ու դերը գիտնալը կը մնայ առեղծուած մարդուն համար։
Այս օրը, մեծ իրողութեան մը տեսարանը կը պարզէ աշխարհին: Հետեւաբար, այսօր, նախ մեր հաւատքէն պէտք է ծնի մեր ուրախութիւնը եւ մենք, հաւատացեալ մարդու գիտակցութեամբ, պէտք է ըմբռնենք, թէ խաղաղութիւն, երանութիւն եւ հաշտութիւն աւետելով աշխարհին, երկինքէն եկող պատգամաբերը, կը ցանկայ մեզ հաղորդակցութեան մէջ դնել երկինքին հետ։
Ս. Ծնունդը Աստուծոյ հայրութեան եւ մարդու որդիութեան իրականութիւնը նորոգող առիթ է։ Հետեւաբար, աշխարհիկ ուրախութիւններու կողքին, հոգեւոր ուրախութեան տեսարան ալ պէտք է պարզուի մեր կեանքէն ներս։ Անկասկած, տօնական պայմաններու մէջ, մարդկային մեր յարաբերութիւններն ու ձգտումները պէտք է քաղցրանան, որովհետեւ, երկնային շնորհքը Աստուծոյ քովէն հոսելով, այսօր կ’ողողէ ամբողջ աշխարհը: Հետեւաբար, գէթ այսօրուան մեր մտածումներուն կեդրոնը պէտք է ըլլայ Աստուած, մեզի հիացում թելադրող իր սքանչելիքներով եւ փառաբանութեան ու պաշտամունքի հրաւիրող իր պատգամով։ Գէթ այսօր, պէտք է մեր սիրտը ընդլայնենք, որպէսզի հոգեւոր ուրախութեան ու բերկրանքի տեսարան բացուի մեր սրտերուն մէջ։ Գէթ այսօր, կարօտով պէտք է նայինք երկինքին եւ զգանք, թէ դէպի Աստուած երթալու ճամբուն վրայ, Աստուած Ինք կը հանդիպի մեզի։
Սիրելի հաւատացեալներ,
Այսօր, մեր Եկեղեցին յստակ ձայնով Աւետարանին պատգամը կը հռչակէ ու մեզի կը յիշեցնէ, թէ իբրեւ հրաշագործ զօրութիւն, Աստուած այսօր լուսաւոր ճառագայթի մը պէս երկինքէն կը հոսի մեր մէջ, որպէսզի մենք, իբրեւ շնորհք ու ճշմարտութիւն, մեր հաւատքով զինք աճեցնենք՝ Իրմով պայծառացնելու համար նաեւ մեր ընկերութեան վիճակը։
Նոր չէ, որ Աստուած մարդուն կը յիշեցնէ, թէ զինք ստեղծած է աւելի սքանչելի, աւելի բարձր ու վսեմ կեանքի մը համար եւ իրեն տուած է աւելի շքեղ գեղեցկութիւններու եւ աւելի հզօր փառքի ու մեծութեան հասնելու կարողութիւն։ Այդ իրողութեանց գիտակ դարձնելու համար մարդը, Ան, իբրեւ լոյս ու ճշմարտութիւն, այսօր դարձեալ կը յայտնուի աշխարհին, որպէսզի մենք, իբրեւ Աստուծոյ գործակիցներ, կարենանք Սաղմոսին բառերով հռչակել.-
«Ի՜նչքան մեծ են գործերդ, Տէ՜ր, ի՜նչքան խորունկ են քու խորհուրդներդ» (Սաղմոս 92:5)։
Այս կանչը իր մէջ պէտք է պարունակէ ամէն հաւատացեալ մարդու հոգիէն բխող անկեղծ բաղձանք մը։ Միայն վստահ հոգին կրնայ զգալ, թէ արդարեւ, մեզի եկողը ուրախութեան պատգամաբեր է եւ, հետեւաբար, երկինքին նայելով կրնայ նաեւ տօնական ուրախութիւն ու բերկրանք ապրիլ։
Անսահման է Աստուծոյ սիրոյն ուժը, որ երբ կեանքին հպի, կը բուժէ, կը վերկանգնէ, կը կատարելագործէ եւ կը սրբացնէ ամէն բան։
Այսօր Ս. Ծնունդ է։ Հեռուէն հանդիստատես չըլլանք, այլ մօտենանք մեզի եկեղ մեր Փրկիչին, որպէսզի մեր կեանքը փոթորկող տեսակաւոր տագնապներուն դիմաց, նոր յոյս ու նոր շնորհք գտնելով, իրական բերկրանք ապրինք ու պայծառանանք։
Այս պահը նաեւ տեսակ մը պատասխանատուութիւն կը դնէ բոլորիս վրայ, որպէսզի մեր նախնիներուն հաւատքով բոլորուինք մեր եկեղեցիներէն ներս եւ օրհներգութիւն ձօնելով աշխարհ եկող մեր Փրկիչին, հաստատ հաւատքով հռչակենք, թէ, արդարեւ, Աստուած ոչ միայն մօտ է մեզի, այլեւ ներկայ մեր կեանքէն ներս։
Տօնական բարեբաստիկ առիթով, կ’աղօթենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները Աստուծմով պայքարին կեանքի ապականութեան եւ շեղումներուն դէմ, Աստուծմով պաշտպանուին, Աստուծմով շինեն, շէնցնեն ու վայելեն եւ Աստուծմով ապրին, յուսան ու յաղթեն։
Թող երկնային օրհնութիւնը յորդ եւ զեղուն ըլլայ բոլորին վրայ եւ Աստուծոյ պահապան Աջը յաւէտ պայծառ պահէ մեր Եկեղեցին, մեր բոլոր կրթական, մշակութային, բարեսիրական կառոյցները, կազմակերպութիւններն ու մարմինները, անփորձանք պահէ Լիբանանն ու մեր հայրենիքը եւ անվտանգ կեանք պարգեւէ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին։
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ։ Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս։
ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ