Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՒԱՏՔԻ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՒՂԵԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀՄԱՅԻԼՆԵՐՈՒ

December 24, 2024
in Յօդուածներ
0
ՀԱՒԱՏՔԻ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԸ  ՈՒՂԵԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀՄԱՅԻԼՆԵՐՈՒ

 

 

Հաւատքի եւ յոյսի այս տօնական օրերուն պիտի ուզէի ձեզի հետ կիսել ուշագրաւ պատ­մութիւն մը, որ ստոյգ նմանակ մըն է մեր կեանքի ճամբորդութեան. այն ուղեւորութեան, որ կ’իմաստաւորուի վստահութեամբ, աղօթքով եւ փրկութեան հասնելու մնայուն ձգտումով։ Հին ժամանակաշրջաններուն երբ հայ մարդիկ, գլխաւորաբար վաճառականներ, տարբեր առաքելութիւններով կամ առաջադրանքներով հեռաւոր ճամբորդութիւններու կը ձեռնարկէին, իրենց հետ կ’ունենային մագաղաթէ կամ թուղ­թէ պատրաստուած ժապաւէնաձեւ փաթթուող աղօթարաններ, որոնց վրայ արձանա­գրուած կ’ըլլային ձեռագիր կամ, աւելի ուշ, տպագիր զանազան զղջական, պաղա­տա­կան եւ խոստովանական աղօթքներ, մաղթանքներ ու աղերսներ։ Գալարաձեւ փաթ­թուող այս աղօթարանները կը կոչուէին հմայիլներ, բառ մը, որ յառաջացած է պահ­լաւերէն «հումաւ» բառեզրէն եւ ունի «օրհնուած» նշանակութիւնը։ Անոնք, մեծաւ մա­սամբ, կ’ունենային 6–10 սանթիմեթր լայնք, իսկ երկարութիւնը կրնար տատանիլ քանի մը մեթրէն մինչեւ երեք տասնեակ մեթրի։

Հմայիլները կը պատրաստուէին սուրբգրային զանազան մանրանկարներով կամ լուսանցքային համապատասխան փորագրանկարներով ու զարդանախշերով, որոնք յատ­կանշական էին հայկական մանրանկարչական հնաւանդ արուեստին։ Անոնք արուես­տի գործեր ըլլալէ աւելի ունէին հոգեւոր մասնաւոր իմաստ եւ յատուկ նպատակ՝ սովո­րաբար բովանդակելով Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքը, Ս. Գրիգոր Նարեկացւոյ «Մատեան ողբերգութեան» գիրքէն հատուածներ, չորս Աւետարաններէն եւ Յիսուսի բժշկութեան հրաշագործութեանց պատմութիւննե­րէն քաղուածքներ, սուրբերու վարքագրութիւններ, Ս. Սարգիս եւ Ս. Գէորգ զօրավար­ներուն ուղղուած պահպանութեան աղօթքներ, Եզէկիէլի մարգարէութենէն հատուած­ներ եւ այլն։ Այսպէս, փաստօրէն, հմայիլները աստուածային պաշտպանութեան եւ հա­ւատքի խորհրդանշաններ էին, որոնք կ’ուղեկցէին ճամբորդներուն իրենց վտանգաւոր ճանապարհորդութեան ընթացքին։

Հին ժամանակաշրջաններու ճամբորդութիւնները սովորաբար լեցուն էին բազմատեսակ վտանգներով՝ հիւանդութիւն, ձախողութիւն, բնական աղէտ, աւազակներու յարձակում, կողոպուտ, ընդհուպ մինչեւ իսկ ոճիր։ Որպէսզի Աստուած ճամբորդը պահպանէ այս վտանգներէն եւ անոր ուղեւորութիւնը յաջողութեամբ պսակէ, մարդիկ կ’ապաւի­նէին հմայիլներուն ու հոգեւին կը հաւատային աղօթքի փրկարար զօրութեան, զանոնք պահելով իրենց անմիջական մօտիկութեան՝ իրենց անձին վրայ կամ ճամբորդական կշտապանակներուն([1]) մէջ։

Արդարեւ, այս սովորոյթը աւելի ընդհանրացաւ ԺԶ․ եւ ԺԷ․ դարերուն, յատկապէս դէպի Երուսաղէմ գացող ուխտաւորներու միջավայրին մէջ, որոնք մեր մատենագրութիւ­նը յաճախ կը յիշատակէ «մահտեսի» մակդիրով, այսինքն՝ «Երուսաղէմ ուխտի գացած» մարդ իմաստով։ Սոյնը ունեցած է նաեւ «մահը տեսի» ժողովրդական նշանակութիւնը, այսինքն՝ ուխտագնացութեան ճանապարհին վտանգներու հանդիպած եւ զանոնք յաղ­թահարելով իր ուխտը կատարած ուխտաւոր ընկալումով, այսպէս՝ մահտեսի Յակոբ, մահտեսի Մարտիրոս կամ նման անուանումներով։ Մեր պատմագրութիւնը «մահտե­սի»-ներու բազմաթիւ անուններ կը յիշատակէ. անձնաւորութիւններ, որոնք երախտա­շատ ներդրում ունեցած են հայ մշակութային ժառանգութեան, գրականութեան եւ արուեստի հարուստ գանձարանին մէջ՝ նպաստելով միաժամանակ հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան պահպանման եւ անոր մղած հաւատքի ու գոյութեան պայքա­րին։ Ստոյգ՝ այս հեղինակութիւնները, որոնց մեր մատենագրութիւնը իրենց անուննե­րուն կից աւան­դած է «մահտեսի» մակդիրը, Երուսաղէմ կատարած ուխտագնացու­թեան ճանապար­հին իրենց ուղեկից ունեցած են ձեռագիր կամ տպագիր հմայիլներ, ոչ միայն երկարա­գնաց ճամբորդութեան իբրեւ ընթերցանութեան ժամանց, այլեւ որպէս աստուածային պաշտպանութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի խորհրդանիշ։

Անգնահատելի բարեբախտութիւն մըն է, որ այսօր մեզի հասած են բազմաթիւ ձեռագիր եւ տպագիր հմայիլներ, որոնց մեծագոյն հաւաքածոները կը պահպանուին Երե­ւանի, Երուսաղէմի, Վենետիկի, Վիեննայի, Անթիլիասի եւ այլ մատենադարաններու, հայ եւ օտար զանազան գրադարաններու եւ թանգարաններու մէջ։ Տարբեր երկրամա­սերու՝ Հայաստանի, Արցախի, Կիլիկիոյ եւ հայկական աշխարհասփիւռ բազմաթիւ գաղթավայրերու մէջ հայազգի անուանի գրիչներ, ծաղկողներ եւ օրինակողներ, նաեւ անուանի տպագրիչներ, որպիսիք էին Գրիգոր Մարզուանեցին եւ Աստուածատուր Կոստանդնուպոլսեցին, մշակութային եւ քրիստոնէական հաւատքի մեծ աւանդ ժա­ռանգած են մեզի. հոգեւոր արժէքներ, որոնց ընթերցանութիւնը, աղօթասաց ներհայե­ցողութիւնը միայն կը հարստացնեն մեր ներաշխարհը, մեզ հեղ մը եւս կը սրբացնեն, կը դարձնեն աւելի մարդ՝ երաշխաւորելով Աստուծոյ տիրախնամ օրհնութիւնն ու չարեաց փորձանքներէ պաշտպանութիւնը։ Այս առնչութեամբ ինչքան իրական եւ առինքնող է Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի Խաղաղական ժամերգութեան շարականին սա աղերսը. «Փրկեա զանձինս ի փորձանաց, ի խաւարի շրջող դիւաց»։

Յիրաւի՛, սա պահուս կը յիշեմ ի տղայ տիոց՝ աշակերտութեանս տարիներուն սորված Գրիգոր Օտեանի գրական էջերէն «Աղօթք» ստեղծագործութեան հետեւեալ խօսքերը.

«Մարդս այնքա՜ն վտանգներով շրջապատուած է, այնքա՜ն թշնամիներ ունի, եւ իր ամէնէն մեծ թշնամին ինք է. իր տկարութիւնները՝ իր մոլութիւններն են։ Իյնալէն ետքը նորէն ո՞վ պիտի կանգնէ զինք, եթէ ոչ աղօթքը։

Ուրեմն կ’աղօթեմ։ Մեր Հայրը մեզի սուրբ եւ անկապտելի ժառանգութիւն մը թողուց. հաւատքն ու բարեպաշտութիւնը, աղօթքը։ Ուրիշ ի՛նչ ժառանգութիւն որ թողած ըլլար՝ մինչեւ հիմա վատնած էինք. այս ժառանգութիւնն ալ թէեւ կը վատնուի, այլ նորէն կը ստացուի»։

Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ժամանակի հայ ճամբորդներն ու ուխտաւորները, որոնց հեռագնաց ճամբաներուն ուղեկից էին իրենց աղօթասաց հմայիլները՝ երաշխաւորելով Տիրոջ պաշտպանութիւնը, նոյնպէս եւ մենք կ’ընթանանք մեր կեանքի սեփական ճամբաներով՝ միշտ վստահելով Աստուծոյ տիրախնամ առաջնորդութեան։ Թող աղօթքի այս հմայիլներու ոգին մեզի յիշեցնէ, որ մենք կը քալենք մեր Տիրոջ պահապան հայեաց­քին ներքեւ։ Ան մեզի կ’ուղեկցի դէպի յաւիտենական փրկութիւն տանող մեր ճամբուն վրայ եւ մեզ կ’առաջորդէ Իր պարգեւած աստուածգիտութեան լոյսով։

Արդ, տարւոյս այս տօնական առիթով պիտի ուզէի ձեզի յղել իմ ամենաջերմ եւ սիրալիր մաղթանքները խաղաղութեան, երջանկութեան եւ անսասան հաւատքի, որոնք մեզ հոգեպէս կը գօտեպնդեն եւ յոյսով կը ներշնչեն շարունակել կարենալու մեզի պարգեւուած կեանքին ընթացքը նաեւ նոր տարուան գալիք օրերուն։

Այս իմաստով, անձնապէս ձեզի եւ ձեր սիրելիներուն սրտանց կը մաղթեմ Աստուծոյ լիառատ օրհնութիւնները 2025 թուականի Ամանորի եւ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբծննդեան ու անոր յաջորդող բոլոր օրերուն։

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ.

Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի։

 

Մնամ Ձերդ սիրալիր եւ ջերմ ողջունիւ՝

ԴՈԿՏ․ ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ․ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

 

Ժընեւ

 

 

* Սոյն յօդուածին գլխադիր պատկերները կը ներկայացնեն քանի մը պատառիկներ` 1710 թուականին Քրիստոսատուր գրչագիրին ու մանրանկարիչին կողմէ Թէոդոսիոյ մէջ օրինակուած հմայիլէ մը, որ կը տպաւորէ ոչ միայն իր գեղարուեստական յղացքով, այլեւ գոյներու աշխուժ ընտրութեամբ եւ ներդաշնակ պատկերագրութեամբ։ Վերոնշեալ նկարները վերցուած են դոկտ․ Էմմա Չուգասզեանի Դիմատետրի էջէն։

([1]) Կերպասեղէնէ կարուած կամ կաշիէ պատրաստուած պատեան, երբեմն նաեւ փայտէ կամ մետաղէ շինուած պահպանակ։

Share65Tweet41
Previous Post

Ս.Դ.Հ.Կ.-Ի «ՏԽՐՈՒՆԻ»Ն ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ՀԱՐԱՒԷՆ ՉԵՆ ՀԵՌԱՆԱՐ

Next Post
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ՀԱՐԱՒԷՆ ՉԵՆ ՀԵՌԱՆԱՐ

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ՀԱՐԱՒԷՆ ՉԵՆ ՀԵՌԱՆԱՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.