Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ՀԱՐԱՒԷՆ ՉԵՆ ՀԵՌԱՆԱՐ

January 4, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ՀԱՐԱՒԷՆ ՉԵՆ ՀԵՌԱՆԱՐ

 

 

Շուրջ երեք շաբաթ ետք կ’եզրափակուի երկամսեայ պատերազմը դադրեցուցած զինադադարը եւ տակաւին յայտնի չէ, թէ ինչ պիտի պատահի Յունուարի աւարտին: Նախ Հըզպալլայի՝ Լիթանի գետէն հիւսիս նահանջը պահանջող իսրայէլեան բանակը ոչ միայն կը շարունակէ մնալ Լիբանանի հարաւային գիւղերուն մէջ, այլ կ’իրականացնէ կործանումի յաւելեալ գործողութիւններ՝ խաղաղապահ անզօր ուժերու աչքին առջեւ: Իսրայէլացի զինուորները երէկ հրդեհներ բռնկեցուցին հարաւարեւելեան սահմանային Հուլա գիւղի շարք մը բնակարաններուն մէջ: Իսկ արեւմտեան հատուածի Նաքուրայի շրջանին մէջ իսրայէլացիները փակեցին շարք մը ճամբաներ եւ փլուզեցին բնակարաններ, մինչ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի հետ լիբանանեան բանակի դիտարկում տեղի ունեցաւ Պայյատա-Նաքուրա ճամբուն վրայ: Իսրայէլեան բանակը հարաւի բնակչութիւնը վերստին զգուշացուց բնակարաններ վերադառնալէ, մինչեւ ապահովական գործողութիւններու եզրափակումը: Երէկ, իսրայէլեան հրաձգութեան թիրախ դարձան նաեւ սահմանային Թալուսէ եւ Պենի Հայան բնակավայրերը:

Հարաւի մէջ իր աշխատանքը կը շարունակէ նաեւ զինադադարի գործադրութեան հետեւող հնգակողմ յանձնախումբը, որուն ամերիկացի նախագահ զօրավար Ճեսփըր Փեֆըրզ երէկ այցելեց Խիամ, ուրկէ դրուատեց լիբանանեան բանակին ապահովական գործունէութիւնն ու արհեստավարժութիւնը: Ըստ ամերիկացի զօրավարին, բանակը իր մուտք գործած շրջաններուն մէջ կը գործադրէ անվտանգութիւնը ամրապնդող քայլեր եւ ականազերծումի աշխատանքներ՝ միջազգային խաղաղապահներուն ընկերակցութեամբ: Ըստ ամերիկացի զօրավարին, նշեալ աշխատանքներուն նպատակն է արագացնել եւ դիւրացնել լիբանանցի քաղաքացիներուն անվտանգ տունդարձը:

 

Share63Tweet39
Previous Post

ՀԱՒԱՏՔԻ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՒՂԵԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀՄԱՅԻԼՆԵՐՈՒ

Next Post

ՍՈՒՐԻԱ ՄՈՒՏՔԻ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄ

Next Post
ՍՈՒՐԻԱ ՄՈՒՏՔԻ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄ

ՍՈՒՐԻԱ ՄՈՒՏՔԻ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.