ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ – 1894 Օգոստոս 1–15 տեւող կռուի ընթացքին, Զէքի Փաչայի հրամանատարութեամբ գործող թրքական Դ․ զօրաբաժնի եւ գերակշիռ քիւրտերու դէմ կռուող հայդուկները կը մնան անօգնական: Օգոստոսի վերջերը, Մուրատ փոքրաթիւ խումբով կը պաշարուի քարայրի մը մէջ։ Երեք օր տեւող կռիւէ մը ետք կը ձերբակալուի: Կը նետուի Բաղէշի բանտը։ Ապա կը փոխադրուի Պոլիս, ուր տեղի կ’ունենայ դատավարութիւն։ Կը դատապարտուի ցկեանս բանտարկութեան ու կ’աքսորուի Ափրիկեան Թրիփոլի։
1894-ի Օգոստոսի վերջաւորութեան, Մեծն Մուրատ Ֆըռ-ֆըռքար լեռան վրայ, խումբ մը զինակիցներով՝ Գէորգ Չաւուշ, Աւօ (Աւետիս Գասպարեան), Քօլոզ (Յովհաննէս Կիրակոսեան), Խաչիկ Տվիեան, Գասպար, Ադամ, Կարապետ եւ Սենեքերիմ, կը ձերբակալուի։ Հրայր Դժոխքի համաձայն` «Թշնամիք [գիւղերը] այրելով՝ իրենց եկեղեցիներով հանդերձ՝ բոլորովին քարուքանդ ընելէ վերջ կը սկսին հետամուտ լինել լեռներու մէջ, թէ ողջ մնացած մը գտնուի՝ ոչնչացնեն: Այդ պահուն քարայրի մը մէջ պատահելով Մուրատին եւ իր ընկերներուն, կը յարձակին, հրացաններ կ’արձակեն, բայց հայք քանի մը օր քաջաբար կը պաշտպանուին, վերջապէս ուտեստի պաշար եւ վառօդը հատնելով նոքա կը լռեն. այդ ժամանակ թուրքերը ծուխ կը թողուն քարայրի ներսը եւ այդպիսով կը յաջողին բռնել Մուրատն եւ իր ընկերները»:
Ձերբակալուածները կ’ենթարկուին ծեծի, կը տարուին Սէմալ եւ կը յանձնուին բանակին: Հոն եւս չարչարանքներու ենթարկուելէ ետք, կը տարուին Մուշ: Հոս եւս չարչարանքներ՝ յատկապէս Մուրատին հանդէպ: Չարչարանքներու տակ չորս գիւղացիներ կը մահանան բանտին մէջ։ Բանտին մէջ կը մահանայ նաեւ Մուրատի հաւատաւոր զինակիցներէն Սենեքերիմը: Կը տարուին Բաղէշ: Մուրատի կրած չարչարանքներուն ականատես Գէորգ Չաւուշ կը գրէ. «Բայց Բաղէշի մէջ Մուրատը շատ չարչարեցին, մինչեւ անգամ պեխերը մկրատով կտրեցին, ջուրի տեղ քարիւղ խմցուցին, 24 ժամ շարունակ ոտքի կանգնեցուցին: Այս տանջանքներէն յետոյ Մուրատը հիւանդացաւ ամբողջ մէկ ամիս»: Բաղէշի մէջ տեղի կ՚ունենայ դատավարութիւնը: Մուրատ, որ Գում Գաբուի ցոյցին գլխաւոր կազմակերպիչներէն մին ըլլալուն համար ի բացակայութեան դատապարտուած էր ցկեանս բանտարկութեան, կը դատապարտուի մահապատիժի։
Պիթլիսի բանտի Մուրատի բանտակիցներէն Վահան Մօզեան եւս իր յուշերուն մէջ կ’անդրադառնայ Մուրատին: Ան կը գրէ. «Մուրատ (Համբարձում Պօյաճեան) Սասնոյ լեռներուն մէջ ձերբակալուելէ յետոյ, Բաղէշի բանտը բերուեցաւ, անգթօրէն չարաչար ծեծուած՝ յետին աստիճան տկար վիճակի մէջ, այնպէս որ հազիւ կրնար ոտքի վրայ կայնիլ, մինչ ջերմէն ալ կը տառապէր սաստկապէս: Անմիջապէս, մեզի՝ հայ բանտարկեալներուս, հրաման եղաւ որ հետը չխօսինք, ու իսկոյն զինք դրին այն սրահներէն միոյն մէջ, ուր միմիայն քիւրտ եւ թուրք բանտարկեալներ կը գտնուէին: Մուրատին յատկացուցին երեք ոտք լայնութեամբ եւ եօթը ոտք երկայնութեամբ փոքր անկիւն մը դռան քով, անոր ճիշդ մօտիկը իրենց ոտքերն ու ձեռքերը կը լուային իսլամ բանտարկեալներ նամազ ընելէ առաջ, այնպէս որ ամբողջ գետինը թաց էր եւ փսիաթն ալ (խսիր) բոլորովին փտտած էր: Այդ փսիաթը միակ ծածկոցն էր սփռուած հողէ գետնին վրայ: Մուրատ՝ իր հագած զգեստէն զատ ուրիշ բան մը չունէր, այնպէս որ ստիպուած այդ թաց գետնին վրայ պիտի պառկէր: Մենք հայ բանտարկեալներս անկարող էինք իրեն օգնութիւն մը ընելու, մանաւանդ որ երեկոյեան դէմ էր, երբ զինք բերին եւ այնքան ուշ ատեն կարելի չէր քաղաքէն անկողին բերել տալ, եթէ նոյնիսկ դրամական կարողութիւններս ներէին:
Մուրատի հանդէպ գործադրուած չարչարանքները այնքան անմարդկային ու սարսռալի էին, որ անոնց արձագանգները դուրս գալով հայութեան եւ Օսմանեան կայսութեան սահմաններէն, կը հասնին Եւրոպա: Տանըմարքացի աշխարհահռչակ գրաքննադատ փրոֆ. Գիորգի Բրանդէս, որ Ռուբէն Պէրպէրեանի միջոցով ծանօթ էր հայ իրականութեան, Եւրոպայի Հայ ուսանողական միութեան կազմակերպած «Հայաստանը եւ Եւրոպան» նիւթով տուած դասախօսութեան ընթացքին կ’ըսէ. «Պիթլիսում երեւելի հայերից մէկին՝ Համբարձում Պոյաճեանին, նետել են մութ ու խոնաւ զնդան, ձեռքերն ու ոտքերը կապել ծանր շղթաներով: Նրան սոված թողնելով՝ փորձել են խոստովանութիւն ստորագրել տալ, որ իբր կաշառուել է անգլիական կառավարութեան կողմից: Բայց որովհետեւ յամառութեամբ մերժել է, տասը քիլոկրամանոց մի գունդ են անցկացրել վիզը եւ սկսել մտրակահարել նրան: Յետոյ բանտախցի յատակի վրայ սրածայր գամեր են խփել եւ դրանց վրայով այնքան են քաշկռտել, մինչեւ շունչը փչի: Գիտեմ, զգում եմ որ շատ տիկիններ ակամայ նայում էք ինձ: Զսպում էք ձեզ, որ չգոռաք: Բաւական է: Տեսայ, որ շատ տիկիններ թողեցին սրահը եւ դուրս ելան: Սարսափելի է այս պատմութիւնները լսելը: Բայց դուք բիւրապատկէք այն, ինչ որ ձեզ պարզորոշ ներկայացրի եւ խոստովանենք՝ Պերլինի տիկնայք ինչ որ չեն կարող լսել, հայերը կրել են դրա հարիւրապատիկը»։
Հետաքրքրական է այն, որ իր այդ ծանր կացութեան մէջ, Մուրատ կը յաջողի դուրսի ընկերներուն հետ կապ հաստատել:
Մի օր յանկարծ ստանում ենք մեր հերոսից մի նամակ, թէեւ նախապէս չէինք գիտեր թէ ով է գրել այդ թուղթը – մատիտով եւ ծածկագիր թուանշանով գրուած, որի բանալին չունէինք: Սակայն մեր կարեւոր ընկերներից մէկը ճանչցաւ որ դա ՄՈՒՐԱՏԻ ձեռագիրն էր, եւ իր թղթերը քրքրելով՝ գտաւ ծածկագրի բանալին, որ պատրաստել էր ինքը – Մուրատը, դեռ Պոլսում եղած ժամանակ: Լափելով կարդացինք այդ նամակը… Ոչ մի խօսք չկար այնտեղ յուսահատական, եւ բացի այդ՝ ոչ մի տրտունջ իր վիճակի, իր քաշած չարչարանքների մասին… Այդ ճշմարիտ յեղափոխականը իր դառն ցաւերն էր յայտնում եղածների մասին, եւ ողբում Սասունը եւ մասնաւորապէս Շէնըքի ռէս Գրգօն, այդ դիւցազնը, նրա եղբօր կին հերոսուհի Շաքէն եւ ուրիշ թանկագին հերոս նահատակները… Ապա Մուրատը ոգեւորական տողերով թախանձում էր անմիջապէս ձեռնարկել գործի, Մուշ, Սասուն եւ Բաղէշ շրջաններում՝ մատնանիշ անելով կարեւոր անձերի, գործերի եւ միջոցների վրայ… Այդ նամակները շարունակուեցան մի քանի անգամներ եւս, մինչեւ Հերոսի աքսորումը»:
ԱՔՍՈՐԸ – Մուրատ 11 տարի կը վայելէ թրքական բանտին արհաւիրքը։ Իր քրոջ՝ Հայկանուշին եւ Հնչակեան Կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած փախուստի փորձերը կը մնան ապարդիւն։
1905–ին կը յաջողի Մուրատին փախցնելու ծրագիրը։ Կը հաստատուի Փարիզ, ուր կը գտնուէր կուսակցութեան Կեդրոնը։
Արտաքին միջամտութիւններու հետեւանքով մահավճիռը կը փոխուի ցկեանս աքսորի։ Միւս ֆետայիները կը դատապարտուին 5-15 տարուան բանտարկութեան։ 1895 Ապրիլ 10-ին, ձերբակալեալները վերստին կը տարուին Մուշ, ուր անոնք կը հարցաքննուին Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Անգլիոյ Էրզրումի փոխհիւպատոսներէն եւ թուրք բարձրաստիճան չորս պաշտօնատարներէ կազմուած Սասնոյ ջարդերուն Քննիչ յանձնախումբին կողմէ, որ կը պատրաստէ իր տեղեկագիրը։ Ձերբակալուածները, Գէորգ Չաւուշի համաձայն, փախուստի մասին կը սկսին մտածել 1895 Ապրիլէն: Անոր կողմէ նախաձեռնուած առաջին փորձը՝ 1895 Սպտեմբերին, կը բացայայտուի եւ կը ձախողի: Երկրորդ փորձը կը նախապատրաստուի Նոյեմբերին, սակայն Մուրատ կ’արգիլէ այդ, գտնելով թէ «այժմ ձիւն է դուրսը, թող որ գետիններն սեւանան, թէ ոչ չենք կարող ազատուիլ»։
Երրորդ փորձը կը յաջողի եւ չորս ընկերներ՝ Գէորգ Չաւուշ, Քօլոզ, Աւօ եւ Խաչօ փախուստ կու տան բանտէն: Այս մասին Աւօ կը պատմէ. «Մուրատ կը մերժէր փախչելու առաջարկը՝ պատճառներ առաջ բերելով եւ խորհուրդ կու տար Գէորգին որ ինք փախչի, եթէ վստահ է թէ պիտի յաջողի։
Այլ պարագայի մը, Մուրատին փախուստը յաջողցնելու հարցը կը քննարկուի 1903-ին, Կարսի մէջ գումարուած Հնչակեան կուսակցութեան «Անդրկովկասի եւ Ռուսաստանի մասնաճիւղերու Պատգամաւորական ժողով»ի Գ. նիստին: Ժողովը կ՚որոշէ բոլոր միջոցներով յաջողցնել Մուրատին փախուստը եւ այդ նպատակին համար կը քուէարկէ յատուկ պիւտճէ ու մասնաճիւղերուն հրահանգ կու տայ մասնակցիլ այդ պիւտճէի գոյացման։
ՍԴՀԿ Ե. համագումարը (Փարիզ, 1905 Սեպտեմբեր), աքսորի մէջ գտնուող Մուրատը կ’ընտրէ Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ: Սա հայ ազգային ազատագրական պայքարի պատմութեան միակ դէպքն է, երբ աքսորի մէջ գտնուող յեղափոխական մը կ’ընտրուի կուսակցութեան գերագոյն մարմինի անդամ։
ՓԱԽՈՒՍՏԸ
Մուրատի ազատման համար թափուած բոլոր ճիգերը մինչեւ 1906 իրենց ցանկալի արդիւնքը չեն տար:
Իսկ աքսորավայրի իր բանտէն դուրս գալէն ետք, ինչպէ՞ս եղած է Մուրատին փախուստը:
Պետրոս Տեփոյեանի համաձայն` «Աքսորակից Յակոբ Իսկենտերեանի (Եւդոկիացի) արտակարգ հնարամտութեան մը շնորհիւ նաւակով մը հեռացած էր Մուրատ Ափրիկեան Տրիփոլիսէն եւ հազիւ մէկ քանի ժամ Միջերկրականի վրայէն թիավարած՝ հանդիպած են նաւու մը որ զիրենք առնելով տարած է Մարսէյլ»:
Արսէն Կիտուրի համաձայն, «Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը յաջողութեամբ գլուխ բերաւ Մուրատի փախուստը։ Մէկ քանի արաբներու օգնութեամբ, գիշեր ժամանակ, նաւակ մը կը նստի եւ կը փախչի»:
Իրականութիւնը այն է, որ երեք ընկերները՝ Մեծն Մուրատ, Մուսա եւ Յակոբ Իսկէնտէրեան փախուստ կու տան միասնաբար: Անոնք Կեդրոնէն ղրկուած գումարով կը կաշառեն տեղաբնիկ արաբներ, ձեռք կը ձգեն մակոյկ մը եւ յարմար օր մը դուրս կու գան բաց ծով: Յայտնի չէ թէ ինչքան կը նաւարկեն, բայց բարեբախտաբար (բացառուած չէ որ դուրսէն, նախապէս պայմանաւորուած կերպով) կը հանդիպին ֆրանսական նաւու մը, որ կը վերցնէ զիրենք ու կը հասցնէ Մարսիլիոյ նաւահանգիստը։
Մուրատի ազատման լուրը մեծ ոգեւորութիւն առաջ կը բերէ։ «Հնչակ», «Դրօշակ», «Ռազմիկ», «Լուսաբեր», «Շիրակ», «Արմենիա», «Անահիտ» եւ այլ պարբերաթերթեր գոհունակութեամբ կու տան Մուրատի ազատման աւետիսը։ Այդ մասին կ’անդրադառնան անգլիական եւ ֆրանսական մամուլները։ Մուրատի ազատումը շնորհաւորող հարիւրաւոր հեռագիրներ ու նամակներ կը տեղան կուսակցութեան Կեդրոնը։
«ԱԶԱՏ Է ՄՈՒՐԱՏ — ԱԶԱՏ ԲԱՐԻԶՈՒՄ»
1906 թուի Մայիսին, ՀՆՉԱԿ-ի ընթերցողները, նոյն ամսաթիւի առաջին էջին վրայ, անսահման հրճուանքով կարդացին Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնի հետեւեալ ազդը .
«ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ»
«Սրտի անհուն բերկրութեամբ գալիս ենք յայտնելու, որ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐԻՑ ՄԷԿԸ ԵՂՈՂ, ՍԱՍՈՒՆԻ 1894-ի ՅԻՇԱՏԱԿԵԼԻ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐՈՍ ՄՈՒՐԱՏԸ (Համբարձում Պօյաճեան), 12 ամեայ տաժանելի բանտարկութիւնից յետոյ, այսօր ազատուած՝ գտնւում է Կուսակցութեանս Կեդրոնում, Յեղափոխական գործը վարողի պատասխանատու պաշտօնով» :
Ոչ-հնչակեաններու համար բոլորովին անակնկալ այս ուրախալի լուրը, Հայկական Յեղափոխութեան Մեծ Առաքեալի ազատութիւնը աւետող, աշխարհի չորս ծագերուն վրայ ապրող հայութեան մէջ յառաջացուց անսահման խանդավառութիւն, ներշնչեց պայքարի նոր կորով եւ յուսալքուածներու ներսիդին արագօրէն ծնեցուց նոր յոյսեր։
Մուրատի «ազատութեան աւետաբեր լուրը ՀՆՉԱԿ-ի մէջ լոյս տեսնելուն պէս խանդավառօրէն կ’արձագանգեն արտասահմանեան բոլոր հայ թերթերը։
ՌԱԶՄԻԿ — Ժամանակին արդէն բերկրութեամբ իմացած էինք Սասունի 94-ի հռչակաւոր հերոս Մուրատի (Համբարձում Պօյաճեան) ազատումը իր աքսորավայրէն, բայց նկատի ունենալով լուրին ապաժամ հրատարակութիւնը կրնայ գուցէ անախորժ հետեւանքներ ունենալ բազմաչարչար հերոսին ու իր հետ ազատող ընկերներուն համար՝ սպասած էինք բարեպատեհ վայրկեանին:
Ուստի անխառն բերկրութեամբ մըն է որ կը տեղեկանանք թէ Մուրատը արդէն հասած է Բարիզ, ետեւը թողելով 12 տարուան աքսորի եւ բանտային արհաւիրքներու մարտիրոսութիւն մը։
ԼՈՒՍԱԲԵՐ — Ուրախութեամբ կը լսենք որ հանրածանօթ գործիչ Մուրատ (Համբարձում Պոյաճեան) որ Սասունի մեծ դէպքերէն յետոյ Կ . Պոլիս տարուած եւ անկէ Ափրիկեան Տրիպօլիս աքսորուած էր՝ վերջերս ազատութիւնը գտած է եւ հիմա կը գտնուի Փարիզ։ Կը հաւաստեն որ Մուրատ իր ազատութիւնը կը պարտի Հնչակեան կուսակցութեան ջանքերուն։
Պալատի մէջ Մուրատի անունը` արտաքոյ կարդի զայրոյթ պատճառած էր եւ տասը տարիէ ի վեր՝ եւրոպական դեսպաններէն ոչ մէկը համարձակած էր անոր համար միջամտելու Սուլթանին մօտ:
ՇԻՐԱԿ – Պ․ Համբարձում Պոյաճեան (Մուրատ) Համբաւաւոր Հնչակեան յեղափոխը, որ 1893-էն ի վեր բանտերու մէջ ահռելի տանջանքներով խոշտանգուելէ յետոյ, քանի մը տարի կար` Ղարպ Թարապլուս քշուած էր, յաջողեր է փախչիլ, իր կուսակցութեան ջանքերուն շնորհիւ, Մայիսի վերջերը հասած է Բարիզ։
Այս փրկութեան աւետիսը ամենամեծ ուրախութեամբ լսելով, յաջորդ թիւին կը վերապահենք ընդարձակօրէն խօսելու իր պարտականութիւնը։
ԱՐՄԷՆԻԱ – Սասունի հայերի 1894-ի շարժումին առաջնորդող տիար Համբարձում Պօյաճեան, որ Մուրատ անունով հանրածանօթ եղած է եւ որ երկար տարիներէ ի վեր Ափրիկեան Տրիպօլիս աքսորուած կը տառապէր, ուրախութեամբ կ’իմանանք թէ յաջողեր է ազատուիլ իր աքսորավայրէ եւ ապաստանած է այժմ Բարիզ Հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնը։
«Готич» – Հաճոյքով իմացանք, որ Սասունի յայտնի գործիչ Մուրատ, որ 12 տարուց ի վեր աքսորուած էր աֆրիկեան Տրիբօլի, կարողացել է ազատուել եւ այժմ գտնւում է Փարիզ։ Յայտնում ենք մեր բերկրանքը եւ լիայոյս ենք, որ անուանի յեղափոխականը վերստին եռանդով կը նուիրուի ժողովրդական ազատութեան գործին, որ այնքա՜ն կարօտ է կարող եւ շիտակ մշակների»։
«ԱՆԱՀԻՏ» — Մեծ ուրախութեամբ իմացանք որ հռչակաւոր հնչակեան գործիչ Մուրատը (Համբարձում Պօյաճեան), որ տասներեք տարիէ ի վեր կը չարչարուէր բանտի ու բերդարգելութեան մէջ, յաջողեր է փախչիլ օգնութեամբ իր ընկերներուն եւ հասեր է Փարիզ։ Հին հնչակեանները արժանի են շնորհաւորութեան՝ իրենց ընկերական պարտականութիւնը այսքան փայլուն կերպով կատարած ըլլալուն համար։
Կը խնդրենք Մուրատէն ուշադրութիւն դարձնել Հայ յեղափոխական համաժողովի մը գումարման գաղափարին վրայ, որ անգամ մը եւս կ’առաջարկենք «Անահիտ»-ի այս թիւով· իր աջակցութիւնը կարող է մեծապէս նպաստել յաջողման այդ գաղափարին, որ մենք օրուան անհրաժեշտութիւններէն մին կը համարենք»։
Անմասն չմնացին ե՛ւ եւրոպական թերթերը, որոնք Հնչակեան կուսակցութեան գործունէութեան ծանօթ էին եւ լսած Պոլսոյ ցոյցերու, Սասունի ապստամբութեան եւ անոր ղեկավար Մեծն Մուրատի մասին, հերոսին նկարով համակրալից տողեր նուիրեցին։
Փարիզի «La Petite Republique» թերթը Մուրատի մասին ուշագրաւ եւ համակրալից ընդարձակ յօդուած մը հրատարակեց՝ տալով եւ հնչակեանութեան գործունէութենէն դրուագներ։
Մուրատին կը ձօնուին նորանոր ոտանաւորներ եւ երգեր.–
ՄՈՒՐԱՏԻՆ
Մահուան ճանկերից հպարտ յաղթական,
Դարձեալ ասպարէզ նետւում է հսկան.
Բանտ ու չարչարանք, աքսոր ու հարուած,
Նոր վրէժ սնուցին սրտումը տաղուած։
ՈՒ ծով ճեղքելով Եւրոպ է մտնում,
Չքնաղ աւետիս ամէն կողմ թնդում․
Ազատ է Մուրատն, ազատ Փարիզում
Իւր ընկերների սիրալիր գրկում։
Րախալի լուրը շանթեց Սուլթանին,
Հայ ազգի դահիճ անգութ գազանին.
Ցնծաց հայութիւն, թունդ ելան սրտեր,
Նորոգ վառեցան Հնչակեան գնդեր։
Աննման Հնչակ, հնչի՛ր անընդհատ,
Ահա մեր շարքում Մուրատն անվհատ,
Կարմիր օրերի նա անյաղթ հերոս,
Անղեկ հայութեան լուսատու փարոս։
Տարէք աւետիս տաճկահայ եղբարց,
Որ երբ կոչ անէ Մուրատն յանկարծ,
Ոտքի թող ելլեն Մուշ, Սասուն, Զէյթուն,
Ազատ հռչակեն հայրենի մեր տուն։
ԱԼ. ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեանի «Հրասիրտները» մատենաշարի «Մեծն Մուրատ» եւ Սիրվարդի «Մեծն Մուրատ» հատորներէն