Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՃԻՆԻՇԵԱՆ»Ի ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ

December 24, 2024
in Գաղութային
0
«ՃԻՆԻՇԵԱՆ»Ի ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ

 

Երէկ, Ճինիշեան հաստատութեան մէջ, կարճ սակայն յիշարժան այցելութիւն մը տուինք Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի տնօրէնուհի տիկին Քրիսթին Դանիէլեանին: Մեր այցին նպատակը ծանօթանալն էր այն գեղեցիկ ծրագիրին, որուն խորագիրն է «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ»:

Լիբանանահայերուս ծանօթ Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի իրագործած, յատկապէս ընկերային ծառայողական բնոյթ կրող բազմատեսակ ծրագրերու կողքին, այս մէկը կարեւոր նորութիւն մը գտանք եւ օգտաշատ ձեռնարկ մը՝ յատկապէս ապագայ սերունդի ընկերային կեանքին հետ առնչուող, ուստի կարեւորեցինք անձամբ հետաքրքրուիլ ու մամուլի շրջագիծէն ներս մեր աջակցութիւնը յայտնել: Ծրագիրը երիտասարդներուն մօտ կը հիմնաւորէ կառուցողական երկխօսութիւնը, խօսակիցին կարծիքը յարգելը, ինչպէս նաեւ ապագայ ղեկավարի յատկանիշերու ձեւակերպումը:

Աւելցնենք նաեւ, որ ծրագիրը ունի մրցակցային բնոյթ եւ տարբեր գաղութներու երիտասարդ տղոց եւ աղջիկներէ բաղկացած խմբակներ կը նախապատրաստուին Մարտ ամսուն Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք աւարտական փուլին:

Բաւարարուինք այսքանով եւ խոստանանք այս մասին ընդարձակօրէն արձագանգել յառաջիկային: Մինչ այդ, շնորհակալութիւն յայտնենք, վարձքը կատար ըսենք Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի տնօրէնուհիին, ինչպէս նաեւ այդ կենսական հաստատութեան բոլոր աշխատակիցներուն՝ իրենց կատարած բարեսիրական-մարդասիրական զոհողութիւններուն համար:

Share65Tweet41
Previous Post

ՆՈՐ ՄԱՐՏԵՐ ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ

Next Post

ԸՆԴՎԶՈՒՄՆ     

Next Post

ԸՆԴՎԶՈՒՄՆ     

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.