Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ՄԻՏՈՒՄ

December 24, 2024
in Միջազգային
0
ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ՄԻՏՈՒՄ

 

 

Սուրիոյ զինուորական համակարգումի գրասենեակի ընդհանուր հրամանատար Ահմատ Շարաա յայտնեց, որ երկրին մէջ գործող զինեալ բոլոր կազմակերպութիւնները որպէս մէկ հաստատութիւն պիտի ձուլուին նոր բանակին մէջ՝ Պաշտպանութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ: Ըստ Շարաայի, այս որոշումով իրենք կը միտին միաւորել զինուած ուժերը եւ անոնց գործունէութիւնը կազմակերպել պետական հաստատութիւններու ծիրին մէջ:

Շարաա երէկ նախագահական պալատին մէջ տեսակցեցաւ Քաթարը ներկայացնող պատուիրակցութիւն մը եւ իշխան Թամիմ պըն Համատին յղեց Սուրիա այցելելու հրաւէր: Պատրաստականութիւն յայտնուեցաւ աջակցութիւն տրամադրելու նոր իշխանութեան, իսկ Շարաա խօսեցաւ Քաթարի հետ ռազմավարական յարաբերութիւններ մշակելու հնարաւորութեան մասին: Ան երէկ ընդունեց նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Հաքան Ֆիտանը, որուն հետ քննարկեց Սուրիոյ նորագոյն զարգացումները եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: «Թուրք նախարարը պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու Սուրիոյ ու մենք կը մտադրենք ռազմավարական յարաբերութիններ կառուցել Անքարայի հետ՝ յանուն տարածաշրջանի ապագային», ըսաւ Շարաա եւ Թուրքիան  համարեց «սուրիացիներուն բարեկամը, որ յեղափոխութեան սկիզբէն ի վեր կանգնած էր ժողովուրդին կողքին»: Դիտել տալով, որ յեղափոխութեան տրամաբանութիւնը կը տարբերի պետութեան տրամաբանութենէն, Շարաա վստահեցուց, որ իրենք պիտի արգիլեն Սուրիոյ մէջ ապօրինի զէնքի գոյութիւնը, որովհետեւ այդ կը խախտէ պետութեան կայունութիւնը: Ան մաղթեց նաեւ, որ միջազգային համաձայնութիւն ըլլայ՝ Սուրիոյ նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցները չեղարկելու եւ երկրին ամբողջականութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան շեշտեց, որ «ապագայ Սուրիոյ մէջ որեւէ դեր վերապահուած չէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն՝ ընդ որում «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան եւ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան»: Պնդեդելով, որ Անքարա կը զօրակցի Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան, Էրտողան պատրաստականութիւն յայտնեց անհրաժեշտ օգնութինը տրամադրելու Դամասկոսի նոր իշխանութեան: Իսկ Ռուսիոյ նախագահութիւնը յայտարարեց, թէ Մոսկուա պիտի շարունակէ քաղաքական եւ զինուորական համագործակցութիւնը Դամասկոսի նոր իշխանութիւններուն հետ:

Share64Tweet40
Previous Post

  ՃՈՄՊԼԱԹ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ

Next Post

ՆՈՐ ՄԱՐՏԵՐ ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ

Next Post
ՆՈՐ ՄԱՐՏԵՐ ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ

ՆՈՐ ՄԱՐՏԵՐ ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.